Միջազգային տօնավաճառներու միութեան վեհաժողովին մասնակիցները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։ Միջազգային տօնավաճառներու միութեան վեհաժողովին մասնակիցները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։  

Միջազգային տօնավաճառներու միութեան վեհաժողովին մասնակիցները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ։

«Մեր միշտ աւելի մօտիկ աշխարհի մէջ միշտ աւելիով գիտակից կը դառնանք որ կեանքի ու մեր գործունէութեան տարբեր ոլորտները, ներառեալ ընկերային, մշակութային ու բնապահպանական ոլորտները, սերտօրէն կապուած են իրար միջեւ (Enc. Laudato si’, 137)»,

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 6 փետրուար 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց միջազգային տօնավաճառներու միութեան Հռոմի մէջ գումարուած համաշխարհային վեհաժողովի մասնակիցներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Անոնց ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ իրենք հաւաքուած են ոչ միայն որպէս կազմակերպութեան մասնագէտներ, այլ որովհետեւ իրենց աշխատանքով կը ջանան սատարել աւելի արդար ու մարդկային համաշխարհային տնտեսութեան  մը։

Մեր «միշտ աւելի մօտիկ» աշխարհի մէջ միշտ աւելիով գիտակից կը դառնանք որ կեանքի ու մեր գործունէութեան տարբեր ոլորտները, ներառեալ ընկերային, մշակութային ու բնապահպանական ոլորտները, սերտօրէն կապուած են իրար միջեւ (Enc. Laudato si’, 137)», ըսաւ ապա Քահանայապետը մատնանշելով թէ ինչպէս տօնավաճառները դրական հետեւանքներ ունին տարածաշրջանի տնտեսութեան ու աշխատանքի շուկային վրայ ու հնարաւորութիւններ կը ներկայացնեն համայն աշխարհին ցոյց տալու մշակոյթներու եւ կենսահամակարգերու  հարուստ տարբերութիւններն ու գեղեցկութիւնը։

Միջազգային տօնավաճառները կը սատարեն աճեցնելու հանդիպումի մշակոյթը որ կը հզօրացնէ զօրակցութեան կապերը ու կը խթանէ մարդկային ընտանիքի անդամներուն միջեւ փոխադարձ հարստութիւնը։

«Ձեր աշխատանքը՝ որպէս հասարակաց բարիքի ծառայութիւն, պէտք է խթանէ ներառումը, հասարակաց տան խնամքը ու անհատներու եւ ժողովուրդներու համապարփակ զարգացումը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը այս մտահոգութիւնները համարելով առաջնահերթ՝ կառուցելու համար տնտեսութիւն մը՝ «ուր ֆինանսական հասոյթները յաջողութեան միակ չափանիշը չի համարուին»։

Ակնարկելով ապա տօնավաճառներու կազմակերպութեան ծիրէն ներս, ծրագրի յաջողութեան համար, զանազան մասնագիտութիւններու «ներդաշնակութեամբ եւ համագործակցաբար» աշխատելու անհրաժեշտութեան, Քահանայապետը մատնանշեց կազմակերպչական զանազան հանգրուաններուն ու այդ կազմակերպչական աշխատանքին սատարող զանազան դերակատարներուն, ներկաներուն թելադրելով որ կարող են արդար կերպով հպարտանալ երբ իրենց ձեռնարկները կը յառաջացնեն աւելի զօրեղ գիտակցութիւն ու կը նպաստեն հասարակաց բարիքին ու համապարփակ զարգացումին։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի աշխատանք ու անոնց վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2020, 12:47