Մալթա Մալթա 

Յառաջիկայ 31 Մայիսին Քահանայապետին առաքելական Ճամբորդութիւնը Մալթա։

Նորին Սրբութեան սոյն այցը կը հանդիսանայ կղզիին կատարուած քահանայապետական չորրորդ այց։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ընդառաջելով Մալթայի հանրապետութեան նախագահի ու երկրի կաթողիկէ եկեղեցւոյ իշխանութիւններու հրաւէրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ յառաջիկայ 31 մայիս 2020-ին, առաքելական ճամփորդութիւն պիտի կատարէ Մալթա եւ Կոծծօ կղզիներ։ Ճամբորդութեան յայտագիրը կը հրապարակուի յետագային։»

Ունկնդրէ լուրը

Սոյն հաղորդագրութեամբ է որ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց որ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը՝ յառաջիկայ 31 Մայիսին պիտի այցելէ Մալթան, եւ այս մէկը  պիտի հանդիսանայ Քահանայապետական չորրորդ այցելութիւն, Պետնետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին 2010ին ու Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ քահանայապետին 1990ին եւ 2001ին կատարած այցելութիւններէն ետք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2020, 11:32