«Querida Amazonia»  – Սիրելի Ամազոն  Քահանայապետական յորդորագիր։ «Querida Amazonia» – Սիրելի Ամազոն Քահանայապետական յորդորագիր։  

«Querida Amazonia» – Սիրելի Ամազոն, Ամազոնի դիմագիծով եկեղեցւոյ համար Քահանայապետին յորդորագիրը։

Լոյս տեսաւ Ամազոնի մասին յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը որ բաղկացած է նախաբանէ, չորս գլուխներէ եւ վերջաբանէ մը։ Անոր մէջ պարունակուած են նոր ուղիներ հայող աւետարանութեան, բնութեան պահպանումին ու աղքատներուն։ Ֆրանչիսկոս Պապը կը մաղթէ նոր միսիոներական սլացք ու կը քաջալերէ աշխարհականներուն դերը՝ եկեղեցական հասարակութիւններէն ներս։
«Querida Amazonía» – Սիրելի Ամազոնիա, Ամազոնիայի դիմագիծով եկեղեցւոյ համար Քահանայապետին յորդորագիրը

Ալեսսատնրօ Ճիզոթթի - Վատիկան

«Սիրեցեալ Ամազոնը ինքզինք ցոյց կու տայ աշխարհին, իր բոլոր շքեղութեամբ, իր ողբերգութեամբ եւ իր խորհուրդով»։ Այս խօսքերով է որ կը սկսի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ամազոնի մասին յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը, որ կը կրէ «Querida Amazonia» վերնագիրը եւ որ կազմուած է նախաբանէ, չորս գլուխներէ եւ վերջաբանէ մը։

Ունկնդրէ լուրը

Առաջին կէտերուն մէջ (2-4) Սրբազան Պապը կը բացատրէ այդ «յորդորագիրին իմաստը», մատնանշելով Ամազոնի Երկիրներու՝ Եպիսկոպոսական համահաւաք ժողովներու փաստաթուղթերու, ու նաեւ Ամազոնի տարածաշրջանին հետ կապ ունեցող հեղինակներու բանաստեղծութիւններուն։

Սրբազան Պապը կ՛ընդգծէ թէ ինք կ՛ուզէ արտայայտել արձագանգները՝ որ Սիւնհոդոսը հրահրեց իր մէջ, յստակացնելով թէ ինք միտք չունի՝ ոչ փոխարինելու եւ ոչ ալ կրկնելու սիւնհոդոսէն բխած աւարտական փաստաթուղթը, ու հրաւէր կ՛ուղղէ այդ փաստատուղթը կարդալ ամբողջութեամբ, յոյս յայտնելով  որ եկեղեցին՝ անոր հիման վրայ թոյլ տայ «հարստանալ ու ինքզինք հարցաքննել», ապա Ամազոնի Եկեղեցին յանձնառու ըլլայ՝ զայն ի գործ դնելու։

Ֆրանչիսկոս Պապը կը կիսէ իր «Ամազոնի համար Երազանքները» (5-7), «որուն ճակատագիրը պէտք է մտահոգէ բոլորս, որովհետեւ այդ աշխարհը նաեւ մերն է»։ Այս ուղղութեամբ Ան կ՛առաջարկէ չորս մեծ երազանքներ. «Որպէսզի Ամազոնը պայքարի աղքատներու իրաւունքներուն համար».«Ան պաշտպանէ մշակութային հարստութիւնները». «նախանձախնդրութեամբ պահպանէ բնական անդիմադրելի գեղեցկութիւնը»  եւ ի վերջոյ որպէսզի «քրիստոնեայ հասարակութիւնները՝ ըլլան կարող յանձնառու ըլլալու Ամազոնի համար ու մարմնանալու Ամազոնեան տարածաշրջանին մէջ»։

Հասարակական երազը. Եկեղեցին հարստահարուածներու կողքին։

«Querida Amazonía» յորդորագիրի առաջին գլուխը կեդրոնացած է «Հասարակական Երազի» (8) վրայ ուր կ՛ընդգծուի բնապահպանական մօտեցում մը, ու նաեւ ընկերային մօտեցում, եւ գնահատելով տեղական բնիկ ժողովուրդներուն բարի ապրելակերպը, կը նախազգուշացնէ  այն «Պահպանողականութիւն»էն, որուն հոգատարութիւնը սահմանուած է միայն շրջակայ միջավայրին:

Քահանայապետը կը խօսի «անարդարութիւններու ու ոճիրի» մասին  (9-14)։ Կը յիշեցնէ որ Պենետիկտոս ԺԶ  դատապարտած էր Ամազոնի բնապահպանական աւերածութիւնը, դիտել տալով որ բնիկ ժողովուրդները  ենթարկուած են «ստրկութեան»՝ ըլլայ տեղական ըլլայ արտաքին իշխանութիւններու կողմէ։

Քահանայապետին համար տնտեսական գործողութիւնները, որոնք կը յառաջացնեն աւերներ, սպանութիւններ, ու ոտնձգութիւններ, արժանի են կոչուիլ  «անարդարութիւն եւ ոճիր»։  Մինչ վկայակոչելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը, Ֆրանչիսկոս Պապ կը հաստատէ թէ «համաշխարհայնացումը պէտք չէ նոր գաղութատիրութիւն դառնայ»։

Ամազոնի ապագայի համար պէտք է մտիկ ընել աղքատներուն։

Ի տես տարածուած անարդարութեան, Քահանայապետը կը խնդրէ «վրդովիլ ու ներում հայցել» (15-19)։ Նորին Սրբութեան համար անհրաժեշտ են զօրակցութեան եւ զարգացումի ցանցեր, որոնց առընչութեամբ կոչ կ՛ուղղէ բոլորին ու նաեւ քաղաքական գործիչներուն։  Եւ ասկէ մեկնելով Ան շեշտը կը դնէ «հասարակութեան իմաստի» վրայ (20-22)։ Կը յիշեցնէ  որ Ամազոնի ժողովուրդներուն  համար մարդկային յարաբերութիւնները «բեղմնաւորուած  են շրջակայ միջավայրով»։ «Այս պատճառով է որ անոնք իրենք զիրենք  իսկապէս «արմատախիլ» եղած կը նկատեն, երբ ստիպուած կ՛ըլլան արտագաղթել դէպի քաղաք» կը գրէ Քահանայապետը որ առաջին գլուխին վերջին մասը  կը յատկացնէ  «քայքայուած հաստատութիւններուն» (23-25) եւ «Ընկերային երկխօսութեան» (26-27)։

Ան կը դատապարտէ կաշառակերութեան չարիքը, որ կը թիւնաւորէ պետութիւնն ու անոր հաստատութիւնները, ապա յոյս կը յայտնէ  որ Ամազոնիան դառնայ ընկերային երկխօսութեան վայր մը, յատկացուած ամենէ առաջ վերջիններուն, ազդարարելով. «Աղքատներու ձայնը թող դառնայ Ամազոնի ամենաուժեղ ձայնը»։ 

Մշակութային երազանքը. Հոգ տանիլ Ամազոնի  բազմազանութեան։

Երկրորդ գլուխը նուիրուած է «մշակութային երազանքին»։ Ֆրանչիսկոս Պապ անմիջապէս կը յստակացնէ որ Ամազոնը խթանելը՝ չի նշանակէր զայն «գաղութացնել մշակութային գետնի վրայ» (28)։

«Պէտք է պայքարիլ յետ ժամանակակից գաղութատիրութեան դէմ», կը յանձնարարէ Քահանայապետը, հրատապ նկատելով «արմատներու պաշտպանութիւնը» (33-35) ու երիտասարդներէն խնդրելով  որ «վերագտնեն արմատները ու վիրաւոր յիշողութիւնը»։

Ո՛չ փակեալ բնիկութեան. Պահանջը կայ մշակութային հանդիպումի։

Յորդորագիրը հուսկ շեշտը կը դնէ մշակութային հանդիպումի վրայ (36-38)։ Նոյնիսկ ամենէ յառաջադէմ մշակոյթները կարող են սորվիլ այն ժողովուրդներէն՝ «որոնք խթանեցին մշակութային հարստութիւն մը, կապուած մնալով շրջակայ միջավայրին»։  Տարբերութիւնները հետեւաբար պէտք չէ սահման ըլլան՝ այլ կամուրջ։ «Ուստի անհնար է ինքնիր մէջ փակուած բնիկութիւն մը», նկատել կու տայ Նորին Սրբութիւնը, որ երկրորդ գլուխին վերջին մասը կը յատկացնէ «սպառնալիքի տակ մշակոյթներուն ու ժողովուրդներուն» (39-40)։

Ամազոնի հայող որեւէ ծրագիր պէտք է իրականացուի ժողովուրդներու իրաւունքներու հեռանկարով, «որովհետեւ անոնք անվնաս չեն մնար, երբ անոնց շրջակայ միջավայրը կը վատթարաայ»։

Բնապահպանական Երազանքը. Միացնել բնութեան հոգատարութիւնը մարդոց հոգատարութեան։

Երրորդ գլուխին նիւթն է «Բնապահպանական երազանքը», որ սերտ ու անմիջականօրէն կապուած է Գովեալ Ըլլաս շրջաբերականին։

Երրորդ գլուխին նախաբանին մէջ (41-42) կ՛ընդգծուի թէ ինչպէս Ամազոնի մէջ մարդ էակը սերտ յարաբերութիւն ունի բնութեան հետ։ «Հռգ տանիլ մեր եղբայրներուն, այնպէս ինչպէս Տէրը մեզի կը հոգայ, կը համարուի առաջին բնապահպանութիւն, որուն կարիքը ունինք» կը շեշտէ Սրբազան Պապը։

«Արդարեւ բնութեան հոգատարութիւնն ու աղքատներուն հոգ տանիլը իրարմէ անբաժան են» կ՛աւելցնէ Ան, այս ծիրէն ներս ակնարկելով բազմաթիւ բանաստեղծներու բանաստեղծութիւններուն, որոնք գովերգեցին Ամազոնի Աւազանը։

Անսալ Ամազոնի ճիչին,  կայուն զարգացում

Քահանայապետին համար հրատապ է անսալ Ամազոնի Ճիչին (47-52)։ Ան կը յիշեցնէ թէ ինչպէս մոլորակին հաւասարակշռութիւնը կախեալ է անոր առողջ իրավիճակէն։  Կան ոչ միայն տեղական- այլեւ միջազգային մեծ շահեր, ու լուծումը Ամազոնը «միջազգայնացնել» չէ, այլ աճեցնել տեղական կառավարութիւններուն պատասխանատուութիւնը։ 

«Կայուն զարգացումը կը պահանջէ որ բնակիչները միշտ աւելի տեղեկացուած ըլլան իրենց հայող ծրագիրներու մասին», կը յիշեցնէ Ֆրանչիսկոս Պապ, յոյս յայտնելով որ ստեղծուի «անձեռնմխելի սահմաններով, կարգաւորող համակարգ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէ հուսկ «հայեցողական մարգարէութեան» (53-57)։ «Անսալով բնիկ ժողովուրդներուն կարող ենք սիրել Ամազոնը եւ ոչ թէ զայն կը շահագործենք» կը գրէ Սրբազան Պապը, որ Գ գլուխի վերջին մասը կը կեդրոնացնէ «բնապահպանական սովորութիւններուն ու կրթութեան» վրայ(58-60)։

Եկեղեցական երազանքը. Զարգացնել Ամազոնի դիմագիծով եկեղեցի մը։

Յորդորագիրին վերջին գլուխը աւելի ուղղակիօրէն սահմանուած է  կաթողիկէ հովիւներուն ու հաւատացեալներուն ու կեդրոնացած է Եկեղեցական երազանքի վրայ։

Քահանայապետը արդարեւ կը հրաւիրէ զարգացնել Ամազոնի  դիմագիծով Եկեղեցի մը (62-65)։ Նորին Սրբութեան համար այդ ժողովուրդները իրաւունք ունին Աւետարանի քարոզութիւնը ընդունելու ու եկեղեցին պէտք  չէ լոկ «ընկերային ծառայութեան» կառոյց մը հանդիսանայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ակնարկէ Ամազոնի տարածաշրջանին մէջ Աւետարանի մշակոյթացումի ճանապարհներուն (70-74) ընդգծելով որ հարկաւոր է ի նկատի առնել բնիկ ժողովուրդներուն արժէքները։

Խորհուրդները հասանելի ըլլան բոլորին ու յատկապէս աղքատներուն։

Յորդորագիրին մէջ կը նշուին հուսկ մեկնակէտերը՝ Ամազոնեան Սրբութեան համար (77-80) ու այս առնչութեամբ Քահանայապետը կը մատնանշէ թէ բնիկ ժողովուրդներու աւանդական սովորութիւններ կամ խորհրդանիշեր կարող են ընդունուիլ եւ արժեւորուիլ, առանց զանոնք նկատելու հեթանոսական կամ կուռք, թէեւ, կը հաստատէ Սրբազան Պապը, անհրաժեշտ է նաեւ  զանոնց «բիւրեղացումը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը խօսի ապա ծիսակատարութեան մասին ու զայն բնիկ ժողովուրդներու մշակոյթին պատշաճեցնելու  մասին,  այս ծիրէն ներս յիշեցնելով որ Ամազոնիտարածաշրջանին նուիրուած սիւնհոդոսի ընթացքին խօսք եղաւ մշակել «Ամազոնեան ծիսակատարութիւն» մը։

«Խորհուրդները պէտք է ըլլան մատչելի բոլորին ու յատկապէս աղքատներուն» կը գրէ Սրբազան Պապը ու «Եկեղեցին կարող չէ դառնալ  հուսկ պարզ մաքսատուն» կ՛աւելցնէ Ան ու կը շեշտէ որ Սուրբ Զոհի մատուցումը վերապահուած է Քահանային, ու թէ հարկաւոր է բնիկ ժողովուրդներուն ապահովեցնել Պատարագներու աւելի բարձր յաճախականութիւն։

Ի տես ապա քահանաներու պակասին Նորին Սրբութիւնը կը խրախուսէ եպիսկոպոսները ու մասնաւորապէս  Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսները՝ ըլլալու վեհանձն ու միսիոնար կոչումով քահանաները ուղարկելու Ամազոնեան տարածաշրջան, աւելի պատշաճ կազմաւորում ապահովեցնելով նաեւ Քահանայութեան պատրաստուողներուն։

Աշխարհականներու եւ կիներու դերակատարութիւնը

Սրբազան Պապը կը շեշտէ նաեւ աշխարհականներու դերակատարութեան կարեւորութիւնը ու անոնց պատասխանատուութեան  յատուկ ծառայութիւններ յանձնելու հարկաւորութիւնը։ «Միայն աշխարհականներու աւելի ազդեցիկ ու մեծ դերակատարութեամբ է որ Եկեղեցին կարող է պատասխանել Ամազոնի մարտահրաւէրներուն». կը գրէ Սրբազան Պապը շեշտելով նաեւ կիներուն դերակատարութիւնը Ամազոնեան հասարակութիւններու շրջանակներէն ներս։

Ան ապա կը զգուշացնէ կղերապաշտութեան վտանգէն ու կը քաջալերէ եպիսկոպոսները ճանչնալու կիներուն «Մարիամի ուժով ու անոր քնքշութեամբ»  մատուցած ծառայութիւնները։

Յորդորագիրին վերջին մասին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը խրախուսէ քրիստոնեաները պայքարելու միասնաբար՝ ի պաշտպանութիւն Ամազոնի աղքատներուն, ապա կը յորդորէ գտնել երկխօսութեան տարածքներ, միասնաբար գործելու ի նպաստ հասարակաց բարիքին։

Աղօթք

Նորին Սրբութիւնը յորդորագիրը կ՛աւարտէ Սուրբ Կոյս Մարիամին՝ Ամազոնի Մօր նուիրուած աղօթքով մը- որուն մէջ ի մէջ այլոց կը գրէ. «Մայր նայիր Ամազոնի աղքատներուն, որովհետեւ անոնց տունը կը քանդուի մանր շահերու համար….հզօրներու զգայնութիւնը խրախուսէ, որպէսզի նոյնիսկ եթէ արդեն ուշ է, դուն մեզ կոչես փրկելու այն ինչ որ տակաւին ողջ ու կենդանի է»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2020, 12:00