Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Անհաւասարութեան կարելի է յաղթահարել: Հարուստ աշխարհ մը կրնայ աղքատութիւնը ջնջել:

Աշխարհը հարուստ է սակայն մեզ շրջապատող աղքատներուն թիւը հետզհետէ կ՝աճի: Հարիւրաւոր միլիոններով անձեր կ՝ապրին յետին աղքատութեան մէջ ՝ զուրկ կերակուրէ,բնակարանէ, առողջապահական խնամակալութենէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 6 փետրուարին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ «եղբայրական զօրակցութեան, համալրման նոր ձեւեր» նիւթով աշխատաժողովի  մասնակցութեամբ տնտեսագէտներուն, դրամատուներու ղեկավարներու եւ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն:  

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ աշխատաժողովի մասնակիցներուն յղած պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ  ակնարկելով աշխատաժողովին նիւթին, շեշտած է  որ ոչ ոք աշխարհի  մէջ դատապարտուած է ընկերային անհաւասարութեան, եւ ոչ ալ անարդարութեան անշարժութեան,  նկատել տալով, որ հարուստ աշխարհը մը եւ աշխուժ տնտեսականութիւն մը պէտք են եւ կարող են վերջ դնելու աղքատութեան, եւ ծնանել  ստեղծարար պատասխաններ՝ ներգրաւելու եւ սնանելու համար վերջիններն  առանց բացառութեան:

Ֆրանչիսկոս Պապ, տնտեսագէտներուն, դրամատուներուն ղեկավարներուն յանձնարարած է կատարել հաւսարակաց աշխատանք, վերջ դնելու համար ժամանակակից համաշխարհայնացած տնտեսականութեան, շեշտելով որ բոլորս Տիրոջ  գործակիցներն ենք որ կարող է  փոխել պատմութեան ընթացքը, իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութեան համար ՝այսօր եւ վաղը, յատուկէն բացառուածներուն, մեկուսացեալներուն եւ խաղաղութեան մեծ բարիքին ի սպաս

Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ դիտել տուած է, որ  աշխարհը հարուստ է սակայն մեզ շրջապատող աղքատներուն թիւը հետզհետէ կ՝աճի: Հարիւրաւոր միլիոններով անձեր կ՝ապրին յետին աղքատութեան մէջ  զուրկ կերակուրէ,բնակարանէ, առողջապահական խնամակալութենէն

Ան դիտել կու տայ որ այս տարի , հինգ տարեկանէն վար, շուրջ  հինգ միլիոն մանուկներ աղքատութեան պատճառաւ մահուան սեմին կը գտնուին: 260 միլիոն մանուկներ զուրկ են դպրոցական դաստիարակութենէ՝ պատերազմներու  եւ գաղթականութեան հետեւանքով:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա բոլորս պատասխանատու կը նկատէ աղքատութեան եւ հարստութեան միջեւ բացի ընդլայնումին համար, թոյլ տալով որ այդ բացը աճի ու դառնայ ամենամեծը պատմութեան: Ան նկատել տուաւ, որ աշխարհի մէջ ամենամեծ  50 հարուստ անձեր,  ունին հսկայական հարստութիւն: Միայն այս  50 անձերը ամէն տարի  առանցին կրնան  ֆինանսաւորել առողջապահական խնամակալութիւն եւ կրթութիւնը  աշխարհի իւրաքանչիւր աղքատ մանուկին ընդգծելով որ  Այս 50 անձերը կրնան փրկել միլիոնաւոր կեանքեր ամէն տարին:

Վերջապէս Ֆրանչիսկոս Պապ աշխատաժողովի մասնակիցները հրաւիրած  է օգտագործել իրենց հեղինակութիւնը `նպաստելու համար դժուարութեան մէջ գտնուող մարդոց զարգացման, դժուարութեան մէջ գտնուող ազգերուն  պարտքերուն նուազեցման ինչպէս նաեւ ջանք չի խնայելու նուազեցնելու համար  կենսոլորտին փոփոխութեան հետեւանքները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2020, 09:50