Հռոմի քաղապետարանի 150 ամեակի առթիւ հանդիսութիւններ Հռոմի քաղապետարանի 150 ամեակի առթիւ հանդիսութիւններ 

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորական պատգամը, Հռոմի քաղապետարանի հիմնադրութեան 150-րդ ամեակի առիթով:

Հռոմի քաղաքապետարանի 150 ամեակը ֆրանչիկոս Պապ առիթ նկատած է ապրելու քաղաքի տիեզերական կոչումը, մաղթելով, որ Հռոմը միշտ աւելիով եղբայրական քաղաք դառնայ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 3 Փետրուարին, Հռոմի մէջ հանդիսաւոր կերպով բացումը  կատարուեցաւ, Հռոմի քաղաքապետարանի հիմնադրութեան 150-րդ ամեակի առթիւ կազմակերպուած հանդիսութիւններուն, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը:  

Ունկնդրէ լուրը

Հռոմի քաղաքապետարանի 150-րդ ամեակի առթիւ կազմակերպուած հանդիսութիւններուն բացման առիթով, Կարդինալ Փարոլին ընթերցեց Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորական պատգամը, որուն մէջ Սրբազան Հայրը նշած է,  թէ ինք իբրեւ Հռոմի Եպիսկոպոս կը միանայ Հռոմի քաղաքապետարանի 150-րդ ամեակի առթիւ կազմակերպուած հանդիսութիւններուն, որոնց նախաձեռնողն է Հռոմի քաղաքապետ, Տիկին Ռաճին եւ որուն իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահը:

Պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ գրած է,  թէ Հռոմի քաղաքապետարանի հռչակումով սկիզբ առած է  նախախնամական ձեռնարկ մը ,  որ սկիզբ տուած է նոր պատմութեան մը: 

Քաղաքապետարան հռչակուելէ ետք , 150 տարիներու հոլովոյթին, Հռոմ քաղաքը զարգացաւ եւ փոփոխութիւններուն ենթարկուեցաւ,  դառնալով  բազմամշակութային հասարակութիւն, ուր եկեղեցին այդ միջավայրէն ներս կիսեց Հռոմէացիներուն ուրախութիւններն ու ցաւերը:  Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  թուած է  Հռոմի հասարակութեան հարուստ պատմութենէն երեք ժամանակաշրջաններ: 

Առաջին, 1943-1944 թուականներուն, Նացիներուն գրաւման 9 ամիսները, ուր տեղի ունեցաւ Հրէաներու տեղահանումը եւ այդ  ժամանակահատուածին  ի յայտ եկաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Հրէա հասարակութեան միջեւ անխորտակելի եղբայրական կապը, որուն մասին ինք Ֆրանչիսկոս Պապ  վերահաստատած է Հռոմի տաճար այցելութեան ժամանակ:

Երկրորդ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի շրջանը: 1962-1965: Հռոմ մայրաքաղաքը հիւրընկալեց Տիեզերական ժողովի հայրերը, համամիութենական դիտորդները եւ այլ աձնինք: Հռոմը այդ ժամանակ փայլեցաւ  իբրեւ տիեզերական վայր , կաթողիկէ եւ համամիութենական վայր  դառնալով համամիութենական, երկխօսութեան, տիեզերական քաղաք ինչպէս նաեւ միջրկօնական եւ խաղաղութեան:

Երրորդ  թեմական յատկութիւն ունեցող ժամանակաշրջան՝ 1974-ին- «Հռոմի չարիքներ» համաժողովը, խնդրուած այն ժամանակուան Հռոմի թեմի տեղակալ Կարդինալ Ուկօ Փոլեթթին կողմէ:Ժողովուրդին մասնակցութեամբ այդ համաժողովի ծիրէն ներս լսելի դարձան աղքատներու եւ արուարձաններուն սպասումները: Շեշտուեցաւ, որ քաղաքը պիտք է տունը դառնայ բոլորին: Եւ դա այսօրուան պատասխանատուութիւնն  է . այսօրուան արուարձանները ՝ խոցուած  բազմաթիւ թշուառութիւններէ եւ որոնք բնակուած են ընկերային ցանցերու մեծաթիւ մենականներէ , աղքատներէ : 

Հռոմ քաղաքը մարդկութեան մեծ հարստութիւնն է, իւրայատուկ գեղեցկութիւն ունեցող քաղաք մըն է: Հռոմը կրնայ եւ պէտք է վերանորոգուի բացումի երկու իմաստներով՝ նեռարական եւ  աշխարհին դիմաց բաց իմաստներով, որոնց քաջալերանք կը հանդիսանան յոբելեանները, ինչպէս 2025 յոբելենական տարին,  որ շատ հեռու թուական չէ:

Հռոմի քաղաքապետարանի 150 ամեակը ֆրանչիկոս Պապ առիթ նկատած է ապրելու քաղաքի տիեզերական կոչումը,  դառնալով միշտ եղբայրական քաղաք:  Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը, որ շատ կը սիրէր հռոմ քաղաքը յաճախ կրկնած  է Լեհ բանաստեղծէն հատուած մը:  «Եթէ դուն ըսես Հռոմ,կը պատասխանէ սէր: Ուրիշներու համար ապրուած սէր»:

Պէտքը ունինք  եղբայրական եւ տիեզերական քաղաքի շուրջ միանալու եւ այդ մէկը առաջարկուի երիտասարդ սերունդներուն: 

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակած է  իր պատգամը նշելով, որ Հռոմը պիտի ունենայ լաւ ապագայ մը երբ՝ եղբայրական, նեռարական, աշխարհի նկատմամբ բաց  քաղաքի տեսլականը ունենայ:

Միջազգային գետնի վրայ որ լի է բախումներով, Հռոմը կրնայ դառնալ հանդիպումի քաղաք: Պօղոս Զ Պապ կ՝ըսէր, « Հռոմը աշխարհին կը խօսի եղբայրութեան, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան մասին: «Այս զգացումներով եւ յոյսերով լաւագոյն բարի մաղթանքներս կը յայտնեմ Հռոմ քաղաքին ու անոր բնակիչներուն:» գրած է ֆրանչսիկոս Պապ : 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2020, 13:08