Մատրիի համագումարի նշանաբանը Մատրիի համագումարի նշանաբանը 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Ելքի մէջ գտնուող Աստուծոյ ժողովուդը կ՝ապրի շօշափելի պատմութիւն մը»:

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Սպանիոյ համահաւաք դասի անդամներուն ազգային համագումարի առիթով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սպանիոյ համահաւաք դասի եպիսկոպոսներու աշխարհականութեան ազգային համագումարին առիթով,  ուրբաթ, 14 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը յղած է Սպանիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ,Կարդինալ Ռիքարտօ Պլաքէզ Փերեզին:

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունած է «Աստուծոյ ժողովուրդը ելքի մէջ» խորագիրով ազգային համագումարի իրենց մասնակցութիւնը բերող եպիսկոպոսները, քահանաները, կրօնաւորներն ու աշխարականները, նկատել տալով, որ վերոնշեալ համագումարը պատրաստելու համար կղերականներն ու աշխարականները երկար ճամբայ կտրած են,  գեղեցիկ երեւոյթ նկատելով  միասնաբար ընթանալը, սինոդ գումարելը , գաղափարներ եւ փորձառութիւններ կիսելը՝ որոնք կը նպաստեն հասարակութեան բարգաւաճման:

Նորին Սրբութիւնը  ապա յոյժ իմաստալից նկատած է, որ վերոնշեալ համագումարը սկիզբ առած է Եւրոպայի Պաշտպան Սուրբեր, Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս սուրբերու տօնին օրը, նկատել տալով, որ այդ սուրբերը մեծապէս նպաստած են Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ աւետարանումին, աւետարանի պատգամը փոխանցելով բոլոր անոնց որոնք անծանօթ էին աւետարանին, վերածելով զայն հասկնալի ու մօտիկ այն ժամանակուան մարդոց՝ նոր ձեւերով ու նոր լեզուներով:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով համագումարին խորագիրին մատնանշեց, թէ իբրեւ Աստուծոյ ժողովուրդներ հրաւիրուած ենք՝ հաւատքը ապրելու անհատապէս՝ նաեւ հասարակութեան մէջ՝ որպէս Աստուծմէ սիրուած անձեր : Ան էական նկատած է , քրիստոնեայ հասարակութեան մաս կազմելու գիտակցութիւնը, դիտել տալով որ կազմակերպութեամբ մը մաս կազմող խումբ մը չենք, այլ մաս կը կազմենք Աստուծոյ ընտանիքին, հաւաքուած նոյնինքն Տիրոջ շուրջ  աւելցնելով, թէ այդ Աստուծոյ ժողովուրդը, որ ելքի  մէջ է  կ՝ապրի շօշափելի պատմութիւն մը, զոր ոչ մէկը ընտրած է, այլ տրուած է որպէս դատարկ էջ մը՝ գրելու համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա քաջալերանքի խօսքին մէջ խրախուսած է կղերականները, չվախենալու մուտք գործելէ ընկերութեան որեւէ անկիւն, հասնելու համար քաղաքի բոլոր սահմանները եւ դպչելու ժողովուրդի վէրքերուն, հաստատելով  թէ սա է  Աստուծոյ եկեղեցին, որուն նպատակն է դէմ յանդիման գալ ուրիշին՝ առանց դատապարտելու այլ մերձաւորին ձեռքը բռնելով զայն քաջալերելով ու առաջնորդելով անոր կեանքին մէջ:

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտած է մաղթելով արդիւնաբեր համագումար, Ան ապա փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնները խնդրած է, որ աղօթեն իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2020, 12:00