Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ .«Ամէն ինչ ստեղծուած է Աստուծոյ կենդանի իքոնը դառնալու համար»:

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի տարեկան ընդհանուր նիստի մասնակիցներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 20 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կաթողիկէ կրթութեան համաժողովին տարեկան ընդհանուր նիստի մասնակիցները:

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ որ կրթութեան աշխարհը աճումի, հասունութեան,արուեստի աշխարհ մըն է եւ ասոր համար կրթութիւնը ինքնիր մէջ երբեք նոյնաձեւ չէ: ըսաւ Ան:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա թուեց կրթութեան կարգ մը յատկանիշներ: Անդրադարձաւ կրթութեան սեփականութիւն նկատուող բնապահպանողական շարժումի նշելով, որ այդ շարժումին մասին ինք անդրադարձած է գովեալ ըլլաս շրջաբերականին մէջ, շարժում մը որ կը նպաստէ տարբեր մակարդակներուն վրայ բնապահպանութեան հաւասարակշռութեան. ներքին մակարդակի վրայ մեր անձին եւ ուրիշներու հետ, արտաքին մակարդակին վրայ բնութեան եւ կենդանի էակներուն հետ, իսկ հոգեւոր մակարդակին վրայ Աստուծոյ հետ, եւ այս բոլորը պահանջը ունի դաստիարակներուն, որոնք կարող են մանկավարժական եւ բնապահպանողական բարոյական ուղիներ վերականգնելու, օգնելու համար զօրակցութեան, պատասխանատուութեան աճումի մէջ ինչպէս նաեւ խնամքի մէջ ՝ հիմնուած կարեկցութեան վրայ : Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ապա թուեց կրթութեան այլ յատկանիշ մը, որ է խաղաղարարի շարժումը , խաղաղութեան պատգամաբեր ըլլալու շարժումը , նկատել տալով, որ այս մասին վկայութիւն կու տան երիտասարդները, իրենց գործերով եւ իրենց ճշմարտութեան ծարաւով՝ մեզի վերյիշելով թէ յոյսը ցնորք չէ եւ խաղաղութիւնը միշտ կարելի է :

Կրթութեան այլ յատկանիշ է խմբային շարժումը: Իւրաքանչիւր համալսարան կանչուած է ուսումի հասարակութիւն դառնալու ,ինչպէս նաեւ փնտռտուքի եւ կազմաւորումի հասարակութիւն: Այս խմբային շարժումը վաղուց տագնապի մատնուած է՝ տարբեր տարածաշրջաններէն ներս եւ « այս պատճառաւ ուզեցի յառաջիկայ 14 մայիսը հռչակել համաշխարհային կրթական պայմանագիրի օր ու զայն յանձնել Կաթողիկէ կրթութեան համաժողովին»:ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով, որ դա կոչ է ուղղուած բոլոր անոնց, որոնք քաղաքական, տնտեսական, կրօնական եւ կրթական պատասխանատւութիւն ունին՝ վերականգնելու համար կրթութեան քաղաքը:

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ յոյժ կարիք կայ ուժերու միացումին՝ ընդլայնուած կրթական դաշինքի մը համար, կազմաւորելու համար նաեւ  հասուն, եւ կարող անձեր, որոնք կարողութիւնը ունին շրջանցելու բաժանումներն ու հակադրութիւնները վերականգնելով յարաբերութիւններուն հիւսուածքը՝ առաւել մարդկային եղբայրութեան ի խնդիր:

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց կաթողիկէ կրթութեան համաժողովի անդամները շարունակելու իրականացնել յաջորդ տարիներուն համար յայտագիրները, յատուկէն համաշխարհային աստղադիտարան հիմնելու գործին մէջ- ինչպէս նաեւ եկեղեցական ուսումի թարմացման աշխատանքներուն մէջ՝ կեդրոնանալով համալսարանական հովուական ծառայութեան վրայ՝ իբրեւ միջոց նոր աւետարանումի: Այս բոլորը յանձնառութիւններ են, որոնք արդիւնաւէտ կերպով կը նպաստեն պայմանագիրին ամրապնդումին. Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ համաձայնութեան, սերունդներուն, ժողովուրդներու եւ մշակոյթներուն միջեւ համաձայնութեան, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով, որ ամէն ինչ ստեղծուած է Աստուծոյ կենդանի իքոնը դառնալու համար, որ է երրորդութեան սէր: 

Ան եզրափակեց իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին՝ նուիրուածութեամբ կատարած աշխատանքներուն համար : Ան ապա հայցելով բոլորին համար Սուրբ Հոգիին պարգեւները խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2020, 12:49