Յոբելենակ տարի Քոսթա Ռիկայի մէջ Յոբելենակ տարի Քոսթա Ռիկայի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Քոսթա Ռիկայի մէջ եկեղեցւոյ հարիւր ամեակի յոբելենական տարուան առիթով:

Յանուն ֆրանչիսկոս Պապին Կարդինալ Փարոլինի նամակը Քոսթա Ռիկայի հաւատացեալներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քոսթա Ռիկայի մէջ եկեղեցական թեմի հիմնադրութեան  յոբելենական 100 տարուան առիթով, Քոսթա Ռիկայի եկեղեցին,  16 փետրուար 2020, 16 փետրուար 2021 տարեշրջանը հռչակեց յոբելենական տարի:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին ֆրանչիսկոս Պապին անունով նամակով մը շնորհաւորած է Քոսթա Ռիկայի եկեղեցական թեմի հիմնադրութեան 100 ամեակը, յորդորելով կղերական դասը շարունակեն անխոնջ աշխատանքը տանիլ աւետարանումի ի սպաս:

Նամակի մէջ կարդինալ Փարոլին, Ֆրանչիսոկս Պապին ողջոյնները փոխանցած է Քոսթա Ռիկայի կղերական դասի անդամներուն,  կրօնաւորներուն ու աշխարականներուն, նշելով, որ Ֆրանչիսկոս Պապի հոգեպէս կը միանայ յոբելենական տարուան  հանդիսութիւններուն, Ան գոհութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ հարիւր տարուան ընթացքին շնորհած բոլոր պարգեւներուն համար:

«Ֆրանչիսկոս Պապ  կը քաջալերէ, որ Յոբելենական տարուան սկիզբը հաւատացեալները միշտ ի միտի ունենան ու ոգեկոչեն Յիսուս Քրիստոսի  ողորմած սէրը, որմէ կը բխի ամէն ճշմարտութիւն, բարութիւն եւ գեղեցկութիւն, եւ որպէսզի աշխարականներն ու կրօնաւորները շարունակեն իրենց աւետարանումի գործունէութիւնները, փոխանցելով բոլորին Աւետարանի ուրախութիւնը, յատուկէն կարիքաւորներուն եւ վկայեն քրիստոնէական կեանքի մասին, ընկերութեան տարբեր խաւերէն ներս:» Գրած է նամակին մէջ Կարդինալ Փարիոլին:

Ծիրանաւորը ապա նամակը աւարտած է հայցելով բոլորին վրայ Քոսթայի Ռիկայի պաշտպան սուրբ Լոս Անճելըսի Տիրամօր մայրական բարեխօսութիւնը եւ փոխանցելով Ֆրանչիսկոս  Պապին առաքելական օրհնութիւնը: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2020, 11:06