Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը «Քոլոմպօ» ասպետներուն:

Քոլոմպօ ասպետները 100 տարի առաջ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ մեծապէս սատարած եւ թիկունք կանգնած են Հռոմի երիտասարդներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 10 փետրուարին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քոլոմպօ կարգի ասպետներուն մատակարարական խորհուրդի անդամները, հիմնարկի բարեսիրական գործունէութեան 100 ամեակի առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

Ասպետներուն փոխանցած խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց ասպետներուն Հռոմ կատարած ուխտագնացութիւնը,  Հիմնարկի բարեսիրական գործունէութեան , Հռոմ քաղաքի ի սպաս 100 ամեակի առիթով:

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց ,թէ արդէն 100 տարի անցած է երբ՝  Պենետիկտոս ԺԶ Պապը Քոլոմպոյի ասպետներէն խնդրած էր մարդասիրական օգնութիւն նախատեսել համաշխարհային պատերազմի թիրախ Հռոմի երիտասարդներուն եւ այլ անձերուն, աւելցնելով, որ  ասպետները վեհանձնութեամբ համապատասխանեցին Պապին խնդրանքին հիմնելով երիտասարդներուն համար մարզական կեդրոններ, որոնք ապագային դարձան կրթական, քրիստոնէական վարդապետութեան եւ կերակուր բաշխելու վայրեր: Այս ձեւով ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ Ասպետներու կարգը հաւատարիմ գտնուեցաւ Աստուծոյ ծառայ  Michael McGivney- իտէալներուն, որ իր կարգին աստուծոյ ծառան ներշնչուած էր Քրիստոնէական սիրոյ սկզբունքներէն, եւ կարիքաւորներու օգնելու եղբայրասիրութենէն:

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով որ Քոլոմպօ Ասպետները այսօր եւս կը շարունակեն իրենց աւետարանի եղբայրասիրական գործունէութիւնները, յատուկէն մտաբերեց ասպետներու հաւատարմութիւնը մարդկային կեանքի արժանապատուութեան եւ սրբութեան նկատմամբ, Համոզմունք մը որ խթան հանդիսացաւ ասպետներուն զօրակցելու՝ ըլլայ նիւթապէս ըլլայ հոգեպէս Միջին արեւելքի հասարակութիւններուն որոնք թիրախ են բռնութեան, պատերազմի եւ աղքատութեան:

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց ասպետներուն, միջին արեւելքի մէջ հալածուող եղբայրներուն եւ քոյրերուն սատարին համար բարձր գնահատեց Քոլոմպօ ասպետներու հիմնարկի Սուրբ Պետրոսի յաջորդին անվերապահ նուիրուածութեան համար:

 Ան  ապա խօսքը եզրափակեց յանձնելով Քոլոմպօ կարգի ասպետները Տիրամօր սիրալիր բարեխօսութեան,  ապահովուելով իր աղօթք կարգի բոլոր անդամներուն, անոնց հարազատներուն ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր վայերուն մէջ անոնց կատարած բարի աշխատանքները: Փոխանցելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2020, 13:00