Եղբայրութեան ի սպաս քարոզարշաւ Եղբայրութեան ի սպաս քարոզարշաւ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Բարի սամարացիին առակը մեզի ցոյց կու տայ երեք հիմնական կեցուածքներ. տեսնել, գթալ եւ հոգ տանիլ»:

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Քառասնորդաց շրջանի Պրազիլի մէջ եկեղեցւոյ եղբայրութեան ի սպաս քարոզարշաւի առիթով:

Քառասնորդացի առիթով, Պրազիլի մէջ սկիզբ առաւ եկեղեցւոյ եղբայրութեան ի սպաս քարոզարշաւը եւ այս առթիւ ֆրանչիսկոս Պապ պատգամով մը ողջունած է  քարոզարշաւի մասնակիցները։

Պատգամին մէջ Նորին  Սրբութիւնը նշած է, թէ քառասնորդացը, մեծ պահքի շրջանը աղօթքի եւ ապաշխարութեան զօրաւոր պահ մըն,  ուր կը պատրաստուինք  Տիրոջ Յարութեան մեծ խորհուրդը նշելու : գրած է Ան  աւելցնելով որ Քառասնորդաց շրջանը հրաւէր  է նաեւ խոկալու կեանքի ամենէն խորունկ իմաստին մասին, այն վստահութեամբ, որ լոկ Քրիստոսի մէջն է որ կը գտնենք մահուան ու տառապանքի  պատասխանները:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադառնալով Պրազիլի եկեղեցւոյ այս տարուան եղբայրութեան ի սպաս քարոզարշաւին նիւթին,  որ է արժեւորել կեանքի արժէքն ու կեանքի հանդէպ խնամք տանելու մեր պատասխանատուութիւնը,  այս առնչութեամբ կը հաստատէ ,թէ կեանքը պարգեւ մըն է, որուն պէտք է միշտ հոգ տանիլ: Կեանքը Աստուծոյ սիրալիր պարգեւն է :գրած է ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել տալով որ կեանքի անթիւ տառապանքներուն դիմաց, կանչուած ենք Բարի Սամարացիի եկեղեցի մը դառնալու:

«Անտարբերութիւնն ու համաշխարհայնացումը կարելի է շրջանցել նմանելով լոկ բարի Սամարացիին:» գրած է ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ ու աւելցուցած «Բարի սամարացիին առակը , մեզի ցոյց կու տայ, երեք հիմնական կեցուածքներ. տեսնել, գութ զգալ եւ հոգ տանիլ:  Ինչպէս Աստուած, որ լսեց տառապողներուն աղաղակը, այպէս մենք նաեւ, պէտք է որ մեր սիրտերն ու  միտքերը բանանք անսալու համար մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն աղաղակին, որոնք կարիքն ունին սնանելու, զգեստաւորուելու ու հիւրընկալուելու:

Քառասնորդացը նպաստաւոր ժամանակաշրջանն է պատրաստ գտնուելու Աստուծոյ խօսքին, որ մեզ կը հրաւիրէ անսալու,  ապաշխարելու ու մեր գութը զօրացնելու, օգնութեան հասնելով կարիքաւորներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտած է հայցելով Սրբուհի Տուլչէ Տոս Փոպրեսի բարեխօսութիւնը, մաղթելով որ Պրազիլի մէջ եղբայրութեան ի սպաս քարոզարշաւը առիթ դառնայ կեանքի արժէքը ամրապնդելու ու կեանքը ապրելու իբրեւ պարգեւ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2020, 12:51