2018.02.14 Papa Francesco Basilica di Santa Sabina all'Aventino 2018.02.14 Papa Francesco Basilica di Santa Sabina all'Aventino 

Ֆրանչիսկոս Պապ .«Շատ անգամ դժուարութեան եւ մենակութեան մէջ,լոկ մոխիրն է որ կը տեսնենք: Աստուծոյ աչքերուն առջեւ բոլորս արժէքաւոր ենք:

Երկինքի քաղաքացիներ ենք. Աստուծոյ ու մերձաւորին նկատմամբ սէրը, երկինք անցնելու մեր անձնանգիրն է : ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը օր մոխրոց օրուան առթիւ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 26 փետրուարին, Հռոմի Սանթա Սապինա տաճարէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը նախագահեց մոխրոց օրուան սուրբ Պատարագին:

Օրուան խորհուրդի մասին ներկայացուցած քարոզին սկիզբը Սրբազան Հայրը նշեց, թէ մեծ պահքը կը սկսինք  մեր գլխուն վերեւ ստանալով մոխիրը,  ինչ որ կը յիշեցնէ , որ մոխիր էիր եւ մոխիր պիտի դառնաս ըսաւ, ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով, որ մոխիր ենք, սակայն սիրուած Աստուծոյ կողմէ :

Ունկնդրէ լուրը

Մոխիր ենք սակայն Աստուած մեզ կը սիրէ: 

Տէրը մեզ սիրեց , մեր մոխիրները իր ձեռքին մէջ հաւաքեց ու անոնց վրայ Իր հոգին փչեց՝ զանոնք արժէքաւորելու համար, նպատակաուղղուած միշտ ապրելու: 

Մոխիրը մեզի յիշել կու տայ, թէ մեր գոյութենականութեան ուղին, մոխիրէն դէպի կեանք է: Հող ու մոխիր ենք սակայն՝ երբ թոյլ կու տանք, որ Աստուած իր ձեռքերով մեզ ձեւաւորէ ՝հրաշալիքներ  կը դառնանք:  Շատ անգամ՝ յատկապէս  դժուարութեան եւ մենակութեան մէջ լոկ հողն է, որ կը տեսնենք: Սակայն Աստուծոյ աչքերուն առջեւ անսահման արժէք ունին:

Ծնած ենք սիրուած ըլլալու եւ Աստուծոյ որդիներ դառնալու համար ,ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորելով ,որ քառասնորդաց շրջանին ի միտի ունենանք, որ Աստուծմէ սիրուած արարածներ ընենք: Քառասնորդացի ժամանակաշրջանը եղած է ճանչնալու համար մեր թշուառ մոխիրները, որոնք շատ հաճելի են Աստուծոյ :

Մեծ Պահքը շնորհքի ժամանակաշրջան:

Մեծ Պահքը շնորհքի ժամանակաշրջան է, ընդունելու համար  մեր վրայ սեւեռած Աստուծոյ նայուածքը՝ մեր կեանքը փոխելու համար:  Կը գտնուինք աշխարհի մէջ՝ կեանքի մոխիրին վրայ ընթանալու համար: Պէտք չէ, որ յոյսը մոխիրի վերածենք , պէտք չէ, որ մոխիրի վերածենք Աստուծոյ մեզի համար ունեցած Երազը: 

Մեր գլխուն վրայ սրսկուած մոխիրը, մեր միտքի մէջ ունեցած մտածումներն են, որ կը զտէ: Յիշել կու տայ, որ Աստուծոյ զաւակներ ենք  հետեւաբար պէտք չէ, որ հետեւինք անհետացումի ենթարկուող մոխիրին:

Եթէ ապրինք աշխարհի անցողակի բաներուն համար այն ատեն է, որ  մոխիր կը դառնանք եւ կը մերժենք այն ինչ որ Աստուած մեզի համար կատարեց:

Մեր գլուխին վրայ կը զետեղուի մոխիրը, որպէսզի մեր սիրտերուն մէջ վառի սիրոյ կրակը, քանզի երկինքի քաղաքացիներ ենք, ու Աստուծոյ ու մերձաւորին նկատմամբ սէրը, երկինք անցնելու մեր անձնանգիրն է :

Մոխիրը զոր կը ստանանք մեզի կը յիշեցնէ, այլ ճանապարհ մը, կեանքէն դէպի մոխիր առաջնորդող ճանապարհը: Ակնարկ մը նետենք մեր շրջապատին  ու պիտի տեսնենք մահուան մոխիրը, կեանքեր որոնք մոխիրներուն վերածուած  են՝ քանդում, պատերազմ,  մերժուած անմեղ փոքրիկներուն, աղքատներուն կեանքեր ինչպէս նաեւ մէկդի դրուած տարեցներու կեանքեր:

Սէրը ապականող եւ կեանքը տգեղցնող մոխիր կայ ամենուրէք: Նաեւ եկեղեցւոյ մէջ՝ Աստուծոյ տան մէջ, թոյլ տուինք որ կուտակուի մոխիրներ, աշխարհիկութեան մոխիր:

Կարիքը ունինք մեր սիրտին մէջ զետեղուած մոխիրէն մաքրուելու:Այս  մասին Սուրբ Պօղոսը կը յորդորէ: «Յանուն քրիստոսի հաշտուեցէք Աստուծոյ հետ: (2 Կորնթ 5, 20), որովհետեւ առանցին անկարող ենք մեր սիրտը տգեղցնող մոխիրէն մաքրուելու: Լոկ Յիսուսն է ,որ կը ճանչնայ  կը սիրէ ու կը բուժէ մեր սիրտը:  Քառասնորդացը ամոքումի ժամանակաշրջան է :

Յիսուսի սէրը մեզ կ՝առաջնորդէ մոխիրէն դէպի կեանք:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա քառասնորդացի մեծ պահքի շրջանին դէպի Զատիկ առաջնորդող ուղեւորութեան ընթացքին, յորդորեց մոխիրէն դէպի կեանք անցնիլ, մեր դիւրաբեկ մարդկայնութենէն դէպի Յիսուսի մարդկայնութիւն,  Յիսուս որ մեզ կը բուժէ:

Յիսուսի սէրը ողջագուրելէ եւ ընկալելէ ետք դիմել խոստովանութեան խորհուրդին՝  ներում հայցելու համար Աստուծմէ, որովհետեւ  Աստուծոյ սիրոյ հուրին մէջն  է, որ կ՝անհետանայ մեր մեղքին մոխիրները: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ան ապա եզրափակեց քարոզը ըսելով «Թոյլ տանք, որ հաշտուինք, ապրելու համար՝ իբրեւ սիրուած զաւակներ, իբրեւ ներուած մեղաւորներ, իբրեւ բուժուած հիւանդներ: Թոյլ տանք որ սիրուինք՝ սիրելու համար: Թոյլ տանք որ վերականգնինք՝ ընթանալու համար դէպի նպատակ, դէպի Սուրբ  Զատիկ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2020, 17:28