Ֆրանչիսկոս Պապի հանիդպումը քահանայապետական կաճառին ուսանողներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապի հանիդպումը քահանայապետական կաճառին ուսանողներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սուրբ Աթոռի դիւանագէտները իրենց ուսանողական ծրագիրին մէջ պէտք են ներառել մէկ տարի առաքելական ծառայութիւն:»

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Քահանայապետական եկեղեցական կաճառի նախագահին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը նամակ մը յղած է Քահանայապետական եկեղեցական կաճառին նորանշանակ նախագահ, Գերապայծառ Մարինոյին: Նշենք թէ Քահանայապետական եկեղեցական կաճառէն ներս կը կազմաւորուին Սուրբ Աթոռի դիւանագէտներ: 

Նամակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ Գերապայծառ Մարինոյէն խնդրած է, որ ապագացու սուրբ Աթոռի դիւանագէտները նախ քան իրենց դիւանագիտական գործունէութիւնը, նուազագոյնը մէկ տարի առաքելութիւն կատարեն տեղական եկեղեցիներէն ներս:  

Ունկնդրէ լուրը

11 փետրուար 2020 թուակիր նամակին մէջ, ֆրանչիսկոս Պապ համոզմունք յայտնած է, որ  Սուրբ Աթոռի դիւանագէտները մէկ տարի առաքելական ծառայութեան փորձառութեամբ պիտի նպաստեն այն երիտասարդներուն, որոնք կը պատրաստուին քահանայական ծառայութեան, յատուկէն անոնց որոնք կանչուած են ապագային գործակցելու Քահանայապպետական ներկայացուցիչներուն հետ,  ապա ապա անոնք իրենց կարգին պիտի կարենան Սուրբ Աթոռի պատուիրակներ դառնալ՝ ազգերու եւ տեղական եկեղեցիներու մօտ:

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակին մէջ մէջբերած է  2015 –ին  յունիս ամսոյն, քահանայապետական եկեղեցական կաճառին յղած խօսքէն հատուած մը. «Առաքելութիւնը,  որուն կանչուած էք ձեզ պիտի տանի աշխարհի ամէն կողմ:  Եւրոպայի մէջ զարթնելու կարիքը կայ ,  Ափրիկէն ծարաւն ունի համերաշխութեան, Լատին Ամերիկան քաղցը կը զգայ սնունդի , Հիւսիսային Ամերիկա, որ մտադիր է բացայայտելու ինքնութեան մը արմատները, որ սահմանուած չէ եթէ՝ ոչ բացառուածներէն:

Ֆրանչիսկոս Պապ  նկատել կու տայ, թէ լաւագոյն կերպով դիմագրաւելու համար եկեղեցւոյ եւ աշխարհի առջեւ ներկայացուած վերոնշեալ մարտահրաւէրները կարիքը  կայ, որ  սուրբ Սուրբ Աթոռի դիւանագէտները ստանան քահանայական եւ հովուական ծառայութեան կազմաւորումէն զատ նաեւ  անձնական առաքելութեան փորձառութիւն,  կիսելով եկեղեցական թեմերէն ներս , եկեղեցիներուն  հասարակութիւններու ուղերւորութիւնը,  որոշ ժամանակի մը համար, մասնակցելով նանեւ անոնց ամէնօրեայ աեւտարարնումի գործունէութիւններուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ Գերապայծառ Մարինոյէնխնդրած է, որ իրականացնէ իր փափաքը, հարստացնելով ապագացու սուրբ Աթոռի դիւանագէտներուն ուսումնական ծրագիրները , մէկ տարի առաքելական  ծառայութեամբ , տեղական եկեղեցիներէն ներս:

Նշենք, թէ Նորին Սրբութեան սոյն հրահամագիրը ի զօրու պիտի դառնայ եւ պիտի կիրակուի 2020-2021 տարեշրջանի Սուրբ Աթոռի դիւնագիտական դասընթացքներու հետեւորդներուն:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2020, 12:00