Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Վատիկանի հանրային անվտանգութեան տեսչութեան անդամները:

Վատիկանի հանրային անվտանգութեան անդամներու բարձր եւ արհեստավարժ աշխատանքներու ընդմէջէն կը բխի նաեւ հարազատ սէր եւ հաւատարմութիւն, Առաքելական Աթոռին նկատմամբ: Ֆրանչիսկոս Պապ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 8 փետրուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը ընդունեց Վատիկանի հանրային անվտանգութեան տեսչութեան անդամները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ, Վատիկանի հանրային անվտանգութեան տեսչութեան անդամներուն հետ հանդիպումը նկատեց գեղեցիկ եւ աւանդական հանդիպում, գնահատելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով տեսչութեան կառավարիչին ու բոլոր անդամներուն թանկարժէք տածած աշխատանքներու համար, մաղթելով անոնց խաղաղութեամբ  լեցուն տարի մը:  

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձ կատարեց հանրային անվտանգութեան ոստիկաններուն, Վատիկան քաղաքի եւ Սուրբ Աթոռի մատուցած ծառայութիւններուն, որոնք կը կայանան յարաբերելու մէջ Սուրբ Պետրոսի տաճարի եւ Վատիկանի թանգարաններ այցելող կամ Պապին հանդիպելու եկած  զբօսաշրջիկներուն հետ, գոհացնելով անոնց պահանջները: Նորին Սրբութիւնը գնահատեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հանրային անվտանգութեան վարչութեան անդամներուն, Սուրբ Պետրոսի յաջորդին, ազգային հովուական այցելութիւններուն ժամանակ մատուցած ծառայութիւններուն համար ընդգծելով որ անոնց բարձր արհեստավարժ աշխատանքներու ընդմէջէն կը բխի նաեւ նաեւ հարազատ սէր եւ հաւատարմութիւն, Առաքելական Աթոռին նկատմամբ:

Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով անվտանգութեան անդամներուն առօրեայ ծառայութիւններուն համար,  իր աղօթքը ապահովուեց բոլորին մաղթելով անոնց ամէն բարի:

Ան ապա բոլորին բարի դիտաւորութիւնները յանձնելով Տիրամօր մայրական բարեխօսութեան,  Տիրոջմէ հայցեց որ օրհնէ անոնց աշխատանքն ու կեանքն ինչպէս նաեւ առաջադրանքները:

«Թող Տիրամայրը յատուկէն   պահապան կանգնի  դժուարութեան մէջ գտնուող  ձեր զաւակներուն, տարեցներուն,սիրելիներուն ըսաւ ֆրանչիսկոս Սրբազան հայրը:   

Ֆրանչիսկոս  Պապ  ապա ներկաներէն խնդրելով, որ իր ողջոյնները փոխանցեն իրենց հարազատներուն,բոլորին  վրայ հայցեց  Տիրոջ համերաշխաւութեան խաղաղութեան օրհնութիւնները: Ան ապա հրաժեշտ առնելով ներկաներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2020, 12:26