Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը քահանայապետական օրէնսդրական բնագիրներու խորհուրդի անդամներուն:

Նորին Սրբութիւն ընդունեց քահանայապետական բնագիրներուն խորհուրին անդամները անոնց տարեկան ընդհանուր նիստի առիթով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քահանայապետական օրէնսդրական բնագիրներուն խորհուրդին տարեկան ընդհանուր նիստի առիթով, ուրբաթ, 21 փետրուարին, ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց նշեալ նիստի մասնակիցները, որոնց ուղղած սիրտի խօսքին սկիզբը  Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցիներու եւ հովիւներուն սատար հանդիսացող անոնց մատուցած ծառայութեան համար աւելցնելով, որ Քահանայապետական օրէնսդրական բնագիրներուն խորհուրդը, տարբեր ձեռնակներով ու ծրագիրներով, տեղական եկեղեցիներուն եւ եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասերուն, օգտակար կը դառնան եկեղեցական  օրէնքները  ուղիղ կերպով կիրակելու եւ մեկնաբանելու:

Ունկնդրէ լուրը

Ըսաւ Սրբազան Հայրը ան ապա  անհրաժեշտ նկատեց եկեղեցական օրէնքի իսկական իմաստը խորացումն ու լաւ ըմբռնումը՝  եկեղեցւոյ եւ Յիսուսի Քրիստոսի խորհրդաւոր մարմնին մէջ , ուր գերակայ է Աստուծոյ խօսքն ու խորհուրդները, եւ ուր իրաւական չափանիշը  ունի կարեւոր դերակատարութիւն,  սակայն ընթակայ է հաղորդութեան  ծառայութեան :

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յորդորեց օրէնսդրական բնագիրներուն խորհուրդի անդամները որ օգնեն  մտածելու համար  եկեղեցւոյ մէջ իրական իրաւաբանական կազմաւորումին մասին եւ ըմբռնելի դարձնեն եկեղեցական իրաւագիտութեան հովուական ծառայութիւնը:

Ան մէջբերեց Պենետիկոս ԺԶ վաստակաւոր Պապին նորընծաներուն ուղղած նամակէն հատուած մը,  «սովրեցէք նաեւ ըմբռնել ու սիրել եկեղեցական իրաւագիտութիւնը իր  ներքին անհրաժեշտութեան և գործնական կիրարկման ձևերու  մէջ.  ընկերութիւն մը առանց օրէնքի, օրէնքներէ զուրկ ընկերութիւն մըն է : օրէնքը սիրոյ պայման է:  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ

Ինչ կը հայի եպիսկոպոսներուն սրբազան հայր նշեց թէ  եկեղեցական իրաւագիտական ծիրէն ներս եպիսկոպոսը  միշտ պէտք է գիտակից դառնայ որ իր եկեղեցւոյ մէջ, որուն պետն ու հովիւն է, է նաեւ դատաւորը  իրեն յանձնուած հաւատացեալներուն միջեւ :

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ նաեւ Պետական օրէնսդրական եւ եկեղեցական օրէնսդրութեան միջեւ տարբերութեան նշելով  ի տարբերութիւն պետական օրէնսդրութեան եկեղեցական պատիժը ունի հովուական իմաստ մը  եւ կը հետապնդէ ոչ միայն օրէնքի համապատասխանութեան գործառոյթը  այլեւ յանցաւորին սրբագրումը եւ յատուկէն անոր բարիքը:

Եկեղեցանան օրէնսդրութիւնը դրական միջոց մըն է Աստուծոյ արքայութեան իրականացման ինչպէս նաեւ հաւատացեալներուն հասարակութեան մէջ արդարութեան վերականգնման համար  հաւացեալներ,  որոնք  կանչուած են   հասարակաց եւ անհատական սրբութեան:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը քաջալերելով ներկաները յարատեւելու իրենց գործերուն մէջ ան ապա հայցելով բոլորին վրայ Աստուածային օրհնութիւնները  խնդրելով չի մոռնան աղօթելու իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2020, 11:22