Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ .«Վատիկանի օրէնսդրական բարեփոխումները մաս կը կազմեն եկեղեցւոյ առաքելութեան»:

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը դատական 91-րդ տարուան առիթով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 15 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ներկայ գտնուեցաւ Վատիկան քաղաքի դատական  91-րդ  տարուան բացման արարողութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով դատական հաստատութիւններուն մէջ գործող պաշտօնեաներն ու դատաւորները,  խնդրեց անոնցմէ, որ յաւելեալ համոզուածութեամբ հետապնդեն արդարադատութեան ուղին՝ իբրեւ հարազատ եղբայրութիւնը կարելի դարձնող ուղի, ուր բոլորս պաշտպանուած ենք, յատուկէն տկարներն ու դիւրաբեկները: ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ Ան ապա մի քանի կէտերու մէջ ամփոփեց իր հայրական յորդորները

Առաջին, ընդգծեց Աւետարանի կարեւորութիւնը, նշելով որ Աւետարանը կ՝ուսուցանէ աւելի խորունկ նայուածք մը՝ բաղդատմամբ աշխարհիկ մտայնութեան. Աւետարանը  ցոյց կու տայ Յիսուսի առաջարկած արդարադատութիւնը, որ օրէնքներու պարզ հաւաքածոյ մը չէ, այլ սիրտի տրամադրութիւն, որ առաջնորդ կը հանդիսանայ պատասխանատուութիւն կրող անձին:

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ Աւետարանի ամենամեծ յորդորը կը կայանայ արդարութիւն հաստատելու մէջ՝ նախ եւ առաջ մեր մէջ բուռն պայքար մղելով մեր մէջ բնակող շատախօսութիւններու վերացման ընդդէմ:

Ան շեշտեց որ արդարադատութիւնը առանցին բաւարար չէ, ան կարիքը ունի ամենամեծ առաքինութիւններու. խոհեմութիւնը,  արիութիւն եւ ժուժկալութիւն ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատելով, որ  դատական գործիչները  իրենց առօրեայ յանձնառութիւններուն մէջ ստէպ դէմ յանդիման կը գտնուին արդարադատութեան ծառան ու քաղցը ունեցող տառապող անձերուն՝ թիրախ գոյութենական դժուարութիւններուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդհանուր ակնարկ կատարեց Վատիկան քաղաքի դատական օրէնսդրութեան ծիրէն ներս վերջին տասնեակ տարիներուն  տեղի ունեցող բարեփոխումներուն, յատուկէն քրէական բաժանմունքէն ներս, քրէական օրէնքները համապատասխանելով միջազգային օրէնքներու չափանիշերուն:

Նորին Սրբութիւնը յարեց,  Վատիկանի  բարեփոխումները ապացոյց են, որ Սուրբ Աթոռը աշխատանք կը տանի կիսելու միջազգային հասարակութեան ջանքերուն՝ համակեցութեան կառուցման ի սպաս, արդար, պարկեշտ համակեցութիւն, յատուկէն ուշադիր մեկուսացեալներուն պայմաններուն, որոնք զուրկ են էական պայմաններէն, յաճախ ոտնակոխուած իրենց մարդկային արժանապատուութիւնը եւ նկատուած ՝բացառուածներ ու անտեսուածներ:

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց նաեւ, որ սուրբ Աթոռը իր  օրէնսդրութեան բարեփոխումի ծիրէն ներս սկիզբ տուաւ նոր գործընթացի մը  համապատասխանելու համար միջազգային իրաւական օրէնքներուն, յատուկէն Ֆինանսական ոլորտէն ներս, հակազդելու համար միջազգային մակարդակի վրայ անօրէնութեան: Այս նպատակաւ Սուրբ Աթոռը քաղաքական գործակցութեան եւ բաժնեկցութեան կապեր հաստատեց ու նոր ծրագիրներ մշակեց, ստեղծելով հսկողութեան գրասենեակներ՝ լուրջ եւ արդիւնաբեր վերահսկողութիւն կատարելու համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ իր գոհունակութիւնը յայտնեց դատական ծիրէն ներս ձեռքբերուած բարեփոխումներու համար ,որոնք շօշափելի արդիւնքներ տուած են դիտել տալով  որ այդ բոլորը կախեալ են մարդու աշխատանքէն:Այնուհետեւ ֆրանչիսկոս Պապ յոյժ կարեւոր նկատեց որ պաշտօնեաները ունենան յատուկ դիրք մը, ոչ միայն մտաւորական գետնի վրայ, այլեւ բարոյական գետնի վրայ, դիտել տալով որ արդարադատութեան խթանումը կարիքը ունի արդար մարդոց նպաստին եւ այս կատարելու համար Յիսուսի խօսքերը մեզ կ՝օգնեն « Ինչ դատաստանով որ դատէք նոյնով դուք պիտի դատուիք:  (Մատթ 7, 2J

Ֆրանչիսկոս  Պապ եզրափակեց իր խօսքը յորդորելով դատաւորները յարատեւել իրենց կոչումի եւ էական առաքելութեան մէջ:    

«Բացէք նոր  տարածքներ ու ուղիներ՝ արդարութեան իրականացման համար, ի շահ մարդկային արժանապատուութեան, ազատութեան եւ մշտական խաղաղութեան : Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2020, 11:53