Ֆոքոլարի շարժումի բարեկամ եպիսկոպոսներ։ Ֆոքոլարի շարժումի բարեկամ եպիսկոպոսներ։  

Միութեան խարիզմը շնորհք է մեր ժամանակին համար։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ուղղուած Ֆոքոլարինիի բարեկամ եպիսկոպոսներուն, Ֆոքոլարինի շարժումի հիմնադրուհի՝ Քիարա Լուպիխի ծննդեան 100 ամեակին առթիւ ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Խարիզմները «Սուրբ Հոգւոյն նուէրներ» են ու «լաւ է որ եպիսկոպոսները մշտապէս վերադառնան Սուրբ Հոգիին դպրոց»։ Այսպէս կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամի մը մէջ զոր ուղղած է՝ Ֆոքոլարին շարժումի հիմնադիր՝ Աստուծոյ Աղախին Քիարա Լուպիխի ծննդեան 100 ամեակին առթիւ, Թրենթօ քաղաքին մէջ համախմբուած, 50 երկիրներէ ժամանած, Ֆոքոլարի շարժումի բարեկամներ՝ 137 եպիսկոպոսներուն ու եօթը կարդինալներուն։

Ունկնդրէ լուրը

«Սուրբ Հոգւոյն լոյսն ու զօրութիւնը արդարեւ մեզ կ՛առաջնորդեն՝ ողորմածութեամբ ու քնքշութեամբ հանդիպելու անոնց, որոնք կ՛ապրին ու կը տառապին ընկերային ու գոյութենական արուարձաններուն մէջ» կը գրէ Սրբազան Պապը մատնանշելով որ Շնորհապարգեւները հիմնական են ու անհրաժեշտ՝ եկեղեցւոյ առաքելութեան համար ու այս ուղղութեամբ Քիարա Լուպիխի Միութեան խարիզմը՝ շնորհք մըն է մեր ժամանակներուն համար, ուր կը փորձարկենք դարաշրջանային յեղաշրջում մը, որ կարօտը ունի հոգեւոր ու հովուական բարեկարգումի մը, որ եկեղեցին տանի իր ակնաղբիւրին, որ միշտ նոր ու ժամանակակից է ՝ Քրիստոսին Աւետարանը» կը հաստատէ Սրբազան Պապը, դիտել տալով որ Միութեան Խարիզմի ընդմէջէն Սուրբ Հոգին մեզ կը հրաւիրէ որպէս միակ ուղեցոյց ընտրել՝ Խաչեալ Քրիստոսը,  մենք մեզ նոյնացնելով աղքատին, բացառուածին ու ամենայետիններուն հետ, տանելու համար Քրիստոսին լոյսը, ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը։

«Սուրբ Հոգին մեզ կը բանայ իւրաքանչիւր մարդ ու կնոջ հետ՝ սիրոյ եւ ճշմարտութեան երկխօսութեան, եւ այդ սէրը կը սորվինք Մարիամի դպրոցէն, ուր կը դասաւանդուի թէ ան «միակ արժեքաւոր ու մնայուն» իրողութիւն է», կը նշէ Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ ուր կը շեշտէ Միութեան Խարիզմի կարեւորութիւնը՝ ի սպաս Եկեղեցւոյ առաքելութեան, որպէս աւետարանութեան հաղորդութիւն։

Յայտնենք թէ Ֆոքոլարինի շարժումի բարեկամներ եպիսկոպոսներուն գիտաժողովին բնաբանն է «Եկեղեցւոյ եւ մարդկութեան ի սպաս Խարզիմ մը» ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2020, 09:00