Նորին Սրբութեան հանդիպումը «Վիլլա Մարիա Խումբ» հիմնարկի անդամներուն հետ Նորին Սրբութեան հանդիպումը «Վիլլա Մարիա Խումբ» հիմնարկի անդամներուն հետ 

«Ցանկալի է որ խնամքի վայրերը միշտ աւելիով դառնան հիւրընկալութեան եւ սփոփանքի վայրեր» Ֆրանչիսկոս Պապ

Անոնք որոնք իրենք զիրենք կը ճանչնան քրիստոնէական հաւատքի մէջ կանչուած են իրենց ծառայութիւնը մատուցելու Յիսուսին խօսքերուն ոգիով. «Այս բոլորը որ ըրիք իմ այս փոքրիկ եղբայրներէս մէկուն, ինծի ըրիք (Մատթ. 25,40)։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ մէկ փետրուար 2020-ին, Նորին Սրբութիւնը առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհելով «Վիլլա Մարիա Խումբ» անուամբ առողջապահական մարզէն ներս գործող ընկերակցութեան անդամներուն, մաղթանք յայտնեց որ խնամքի վայրերը  միշտ աւելիով դառնան հիւրընկալութեան ու սփոփանքի վայրեր ուր հիւանդը գտնէ բարեկամութիւն, հասկացողութիւնն, սէր ու բարութիւն։

Ունկնդրէ լուրը

Ողջունելով ներկաները Նորին Սրբութիւնը գնահատեց անոնց գործունէութիւնը ու քաջալերեց զանոնք յարատեւելու իրենց գործունէութեան մէջ ու յանձնառումով գործելու որպէսզի տառապանքի վայրերը դառնան մարդկային ու հոգեւոր փորձառութեան յոյսի վայրեր, հիմնուած զօրակցութեան վրայ։

Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց նաեւ բոլոր դերակատարներու միջեւ համագործակցութիւնը որպէսզի հիւանդին մատուցուի պատշաճ ծառայութիւն, զգոյշ ըլլալով նաեւ չի ներծծուելու «համակարգերէն», որոնց նպատակը ուղղուած է միայն տնտեսական ու ֆինանսական բաղադրիչին, այլ մարդկային ջերմութեամբ ու մօտիկութեան զգացումով խնամք տանիլ անոնց որոնք կ՛ապրին  հիւանդութեան ամենաքննադատական պահերը։

Անոնք որոնք իրենք զիրենք կը ճանչնան քրիստոնէական հաւատքի մէջ կանչուած են իրենց ծառայութիւնը մատուցելու Յիսուսին խօսքերուն ոգիով. «Այս բոլորը որ ըրիք իմ այս փոքրիկ եղբայրներէս մէկուն, ինծի ըրիք (Մատթ. 25,40)։ «Այս է աւետարանական մերձաւորի ծառայութեան հիմքը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ տառապանքի այդ վայրերէն ի յայտ կու գայ նաեւ բոլորին համար կեանքի պատգամ մը, որովհետեւ տառապող մարդը աւելիով կարող է հասկնալ աստուածային փրկութեան ու հաւատքին կարիքն  ու արժէքը եւ իր շուրջ գտնուող անձերուն կ՛օգնէ գնահատելու ու փնտռելու այդ պարգեւը։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր մօտիկութիւնը յայտնելէ ետք «Վիլլա Մարիա Խումբ»ի կառոյցներէն ներս խնամուած բոլոր հիւանդներուն, անոնց մաղթեց  շուտափոյթ ապաքինում,  անոնց վրայ հացելով Տիրոջ օրհնութիւնները, հուսկ ներկաներէն հրաժեշտ առաւ անոնց աշխատանքն ու ծառայութիւնը  յանձնելով  Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանիին, ապա իր օրհնութիւնները շնորհելով խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2020, 12:48