Որոնել

1582454257639.JPG

«Սիրել եւ ներել կը նշանակէ ապրիլ որպէս յաղթողներ» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ընտրենք առ այդ սէրը, նոյնիսկ եթէ հակահոսանք ընտրանք մըն է այդ։ Թոյլ չտանք պայմանաւորուիլ հասարակ մտածողաթիւնէն, չի գոհանանք կիսատ բաներով։ Ընկալենք Յիսուսին մարտահրաւէրը, սիրոյ մարտահրաւէրը։ Այդպէսով պիտի ըլլանք իսկական քրիստոնեաներ ու աշխարհը պիտի դառնայ աւելի մարդկային։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 23 փետրուարին, Պարի քաղաք կատարած այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Պարիի «Վիթթորիօ Էմմանուելէ» անուամբ պողոտայի տարածքին, գլխաւորեց կիրակնօրեայ սուրբ պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին «Միջերկրական՝ խաղաղութեան սահմանագիծ» բնաբանով հաւաքին մասնակցող Արեւելքի կաթողիկէ եկեղեցիներու Պատրիարքներն ու եպիսկոպոսները, տեղական քաղաքական իշխանութիւններ ու բազմահազար հաւատացեալներ։

Սրբազան արարողութեան անակնկալ կերպով իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Տիար Սերճօ Մաթթարելլան։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ սիրոյ պատգամին վրայ ու մեկնաբանելով օրուան աւետարանական ընթերցումը ըսաւ.

«Յիսուս կը մէջբերէ «Աչք Աչքի դէմ, ակռայ ակռայի դէմ» հին օրէնքը եւ այս կը նշանակէ թէ ան որ քեզմէ բան կը խլէ, դուն իրմէ այլ բան մը կը խլես։ Այս մէկը այդ ժամանակուայ յառաջադիմութեան նշան էր, որով կը հաստատուէր թէ դուն կարող էիր նոյն չարիքը հասցնել ուրիշին որ քեզ չարիք պատճառեց, սակայն հաւասար չափով չարիք մը՝ ոչ աւելի ծանր։ Յիսուս այդ իրականութենէն անդին կ՛երթայ յանձնարարելով՝ չդիմել բռնութեան, ու չարին հակառակ չի կենալ (Մատթ 5,39)։

Սիրել Յիսուսի նման՝ ձրիաբար սիրել

Յիսուս այդպէս գործեց, Ան չի հակառակեցաւ չարին ու զինք անարդար կերպով ամբաստանողներուն ու չարաչար սպաննողներուն համար ներում հայցեց։ Մենք ալ արդարեւ եթէ կ՛ուզենք Քրիստոսի աշակերտները ըլլալ, եւ կ՛ուզենք մենք մեզ կոչել քրիստոնեայ, հետեւելու ենք Յիսուսի ճանապարհին։

«Մենք որ սիրուած ենք Աստուծմէ՝ կանչուած ենք սիրելու, ներուած Աստուածէ՝ ներելու, ու անոր սիրով տոգորուած սէր պարգեւելու, առանց սպասելու որ ուրիշներ ընեն այդ քայլը։ Մենք որ ձրիաբար փրկուած ենք, կանչուած ենք շահեր չի փնտռել՝ մեր կատարած բարեսիրութիւններուն մէջ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Սիրել թշնամիները

Յիսուս սակայն կը հրաւիրէ ասկէ անդին ալ երթալ. Ան կ՛ըսէ «Սիրէ նոյնիսկ քու թշնամիդ եւ աղօթէ անոնց համար որոնք քեզ կը հալածեն (Մատթ 5, 44)»։

«Սիրեցէք ձեր թշնամիները եւ ներեցէք անոնց որոնք ձեզ կը հալածեն» խօսքը Քրիստոնէութեան նորութիւնն է։

Սիրել եւ ներել, ահա թէ ինչ պէտք են ընել։ Յիսուսի սէրը սահման չի ճանչնար եւ Ան մեզմէ կը պահանջէ վեհանձն սէր, որովհետեւ Յիսուսին սիրոյ չափը՝ անչափ է եւ սիրոյ պատուիրանը սիրտը կը կազմէ Աւետարանին։

Բարեսիրութեան ծայրայեղութիւնը

«Տէրը մեզմէ կը պահանջէ բարեսիրութեան ծայրայեղութիւնը, ու քրիստոնէական միակ ծայրայեղութիւնը՝ սիրոյ ծայրայեղութիւնն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դնելով՝ «սիրեցէք ձեր թշնամիները՝ խօսքին վրայ ու հաւատացեալները հրաւիրելով ի գործ դնելու այդ պատուէրը ու յանձնարարելով հեռու մնալ ատելութեան մշակոյթէն, որովհետեւ «Ան որ Աստուած կը սիրէ, սրտին մէջ թշնամիներ չունի» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հաստատելով՝ որ Յիսուսին պատուէրը պատմութեան ամենամեծ յեղափոխութիւնն է, որ կը յանձնարարէ  թշնամին ատելու փոխարէն՝ զայն սիրել։

Սիրել ու ներել կը նշանակէ ապրիլ որպէս յաղթականներ

«Մի գուցէ մեզի թուայ թէ Յիսուսին իտէալը տարբեր է իրականութենէն ու թէ եթէ մենք սիրենք ու ներենք՝ այդ աշխարհին մէջ կարող չենք գոյատեւել» աւելցուց Սրբազան Պապը հարց տալով. «Ուրեմն Յիսուսին տրամաբանութիւնը ձախո՞ղ է» ապա պատասխանեց. «ան պարտուող է աշխարհի աչքերուն, սակայն յաղթով Աստուծոյ աչքերուն։ Որովհետեւ Աստուած գիտէ թէ չարը կը յաղթահարուի բարիով։ Ան մեզ փրկեց այդպէս՝ ոչ թէ սուրով այլ խաչով։ Ուստի սիրել ու ներել կը նշանակէ ապրիլ որպէս յաղթականներ։ Տէրը արդարեւ այսօր մեզի եւս պիտի կրնկէր բառերը զոր ուղղեց Պետրոսին՝ Գեթսէմանի պարտէզին մէջ. «Սուրդ դիր իր պատեանին մէջ» (Յովհ 18,11)։

Այսօրուայ գեթսէմանիին մէջ. Մեր այս անարդար եւ անտարբեր աշխարհին մէջ, ուր կարծես ականատես ենք յոյսին հոգեվարքին, քրիստոնեան չի կրնար վարուիլ այն աշակերտներուն նման, որոնք առաջ սուրը քաշեցին ապա փախուստ տուին։  Լուծումը՝ Յիսուսին ճանապարհն է՝ գործունեայ սէր, հեզաբարոյ սէր, սէր մինչեւ վերջ»։

Աստուծմէ հայցենք սիրելու ուժն ու կարողութիւնը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Աստուծմէ հայցենք սիրելու ուժը. Ըսենք «Տէր օգնէ ինծի որպէսզի սիրեմ, սորվեցուր ինծի ներել։ Մինակս կարող չեմ եւ քու օգնութեանդ կարիքը ունիմ» հայցենք նաեւ շնորհքը ուրիշները տեսնելու ոչ որպէս խոչնդոտ,  այլ որպէս սիրուելիք եղբայրներ եւ քոյրեր։ Կեանքին աւարտին արդարեւ պիտի դատուինք սիրոյ համար։ Ընտրենք առ այդ սէրը, նոյնիսկ եթէ հակահոսանք  ընտրանք մըն է այդ։ Թոյլ չտանք պայմանաւորուիլ հասարակ մտածողաթիւնէն, չի գոհանանք կիսատ բաներով։ Ընկալենք  Յիսուսին մարտահրաւէրը, սիրոյ մարտահրաւէրը։ Այդպէսով պիտի ըլլանք իսկական քրիստոնեաներ ու աշխարհը պիտի դառնայ աւելի մարդկային։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2020, 11:29