Մեծ Պահք. Ֆրանչիսկոս Պապին 2020-ի քառասնորդացի պատգամը։ Մեծ Պահք. Ֆրանչիսկոս Պապին 2020-ի քառասնորդացի պատգամը։  

Մեծ Պահք. Ֆրանչիսկոս Պապին 2020-ի քառասնորդացի պատգամը։

«Սիրոյ բաժնեկցութիւնը մարդը աւելի մարդկային կը դարձնէ» կը գրէ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով թէ՝ ասոր համար է որ ինք 2020-ի քառասնորդացի առթիւ 26-28 մարտ 2020-ին Ասսիզի հրաւիրած է երիտասարդ տնտեսագէտներ, նպատակ ունենալով սատարել աւելի արդար ու ներառող տնտեսութեան մը նախագիծին՝ Աւետարանի երանութիւններու ոգիով»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 24 փետրուար 2020-ին հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2020-ի քառասնորդացի պատգամը, որուն բնաբանը քաղուած է Սուրբ Պօղոսի Կորնթացիներու ուղղած երկրորդ նամակէն. «Կ՛աղաչենք ձեզի յանուն Քրիստոսի՝ հաշտուեցէք Աստուծոյ հետ (Գլ. 5,20).»։

Ունկնդրէ լուրը

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այս տարի եւս Տէրը մեզի կը պարգեւէ յարմարաւէտ ժամանակ, նորոգուած սրտով  պատրաստուելու համար Յիսուսին մահուան ու յարութեան մեծ Խորհուրդին, որ քրիստոնէական անձնական ու հասարակական կեանքի անկիւնաքարն է» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը քառասնորդացի պատգամին սկիզբը, նշելով որ մենք պէտք է միշտ վերադառնանք այդ Խորհուրդին՝ մտքով ու սրտով։

Զատկուայ Խորհուրդը ապաշխարութեան հիմք։

Պատգամի չորս հատուածներէն առաջինին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտը կը դնէ Զատկական Խորհուրդին կեդրոնականութեան վրայ։

«Քրիստոնեայի ուրախութիւնը յառաջ կու գայ Յիսուսի մահուան ու Յարութեան բարի լուրը  ունկնդրելէն ու զայն ընկալելէն։ Այն որ այդ Աւետիսը կ՛ընդուի կը մերժէ սուտը՝ որուն համաձայն մեր կեանքը յառաջ եկած է մեր անձերէն, մինչ իրականութեան մէջ ան ծնունդ առած է Հօր Աստուծոյ սէրէն», կը գրէ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը զգուշացնելով «սուտին հայրի» ձայնին մտիկ ընելու վտանգէն, որ մեզ կը մղէ մխրճուելու անհեթեթութեան անդունդին մէջ, այս աշխարհին վրայ ապրելով գեհենը։

Նորին Սրբութիւնը ապա կը մէջbերէ «Քրիստուս Վիվիթ – Քրիստոս կ՛ապրի» երիտասարդներուն ուղղած առաքելական  յորդորագիրէն սոյն հատուածը. «Խաչեալ Քրիստոսին երկարած բազուկներուն նայիր, եւ թոյլ տուր մշտապէս փրկուիլ։ Ու երբ կը մօտենաս խոստովանելու համար մեղքերդ, վստահիր անոր ողորմութեան, որ քեզ կ՛ազատէ ամէն յանցանքէ։  Խոկայ Անոր արեան՝ որ թափեց սիրով, ու թոյլ տուր բիւրեղանալ այդ արիւնով։ Այդպէսով պիտի կարենաս դարձեալ վերածնիլ»։

«Յիսուսին Զատիկը անցեալի իրադարձութիւն մը չէ, ան Սուրբ Հոգւոյն շնորհքի զօրութեամբ միշտ ալ այժմէական է ու մեզի թոյլ կու տայ՝ բազմաթիւ տառատպեալներու ընդմէջէն հաւատքով դպչելու Քրիստոսի մարմնին» կը գրէ հուսկ Սրբազան Պապը, ու կ՛անդրադառնայ երկրորդ նիւթի մը՝ «Ապաշխարութեան հրատապութիւնը»։

Ապաշխարութեան հրատապութիւնը»։

«Աստուծոյ ողորմութեան փորձառութիւնը կարելի է փորձարկել՝ Խաչեալ Քրիստոսի հետ  «դէմք դէմքի», որ սիրեց զիս եւ ինքզինք նուիրեց ինծի համար» կը գրէ ապա Սրբազան Պապը, շեշտելով որ քառասնորդաց շրջանի աղօթքը պէտք է ըլլայ՝ սրտէ սիրտ, բարեկամէ բարեկամ։

«Քրիստոնեան կ՛աղօթէ այն գիտակցութեամբ որ ինք սիրուած է անարժանաբար եւ աղօթքը կարող է կակուղցնել մեր սրտին դառնութիւնը ու զայն մղել դարձի» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով այս ժամանակահատուածի ընթացքին թոյլ տալ որ Աստուծոյ ձայնը մեզ առաջնորդէ դէպի անապատ, նման Իսրայէլի ժողովուրդին, ու թոյլ տալ նաեւ ներգրաւուիլ Անոր խօսքէն, որպէսզի աւելիով կարողանանք փորձարկել անոր անհուն ողորմածութիւնը, եւ ընկալել անոր շնորհքը դարձի գալով եւ ապաշխարելով։

Աստուծոյ կրքոտ կամքը՝ զրուցելու իր զաւակներուն հետ

Պատգամին երրորդ մասը նուիրուած է Աստուծոյ այն կրքոտ կամքին մշտապէս երկխօսութիւն հաստատելու իր զաւակներուն հետ։

Տէրը արդարեւ անգամ մը եւս մեզի կը պարգեւէ  յարմար ժամանակ՝ դարձի գալու համար։ Հակառակ չարին ներկայութեան, մեր ու եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, այս բարեփոխումի  առիթը կ՛արտայայտէ Աստուծոյ կամքը երբեք չի խզելու փրկութեան երկխօսութիւնը մեր հետ։

 «Խաչեալ Քրիստոսին մէջ՝ Աստուած զինք մեղք ըրաւ մեզի համար» (Բ Կոր, 5, 21) ու Անոր այս կամքը հասաւ այն աստիճան որ Ան իր Միածին Որդոյն վրայ դրաւ մեր բոլոր մեղքերը։

«Աստուծոյ  իւրաքանչիւր մարդու հետ հաստատած երկխօսութիւնը, շատախօսութիւն չէ, ինչպէս յաճախ կը պատահի այսօրուայ մեր աշխարհին մէջ, ու շատ անգամ հաղորդակցութեան միջոցներու  ապակողմնորոշ գործածութեամբ» կը գրէ Սրբազան Պապը անդրադառնալով չորրորդ նիւթին՝ այն է «Բաժնեկցիլ հարստութիւնները»։

Հարստութիւնը որ պէտք է կիսել ու չի պահել միայն մեզի համար։

«Զատկուայ խորհուրդը ընտել մեր կեանքի կեդրոն կը նշանակէ  գթութիւն արտայայտել Քրիստոսի վէրքերուն համար, որոնք ներկայ են պատերազմներու բազմաթիւ անմեղ զոհերուն մէջ, կեանքի չարաշահումներու զոհ անձերուն մէջ, նորածինէն  մինչեւ տարեցը, բռնութիւններու տարբեր ձեւերու թիրախ եղած մարդոց մէջ, բնական աղէտներուն մէջ, ու երկրի բարիքներուն անհաւասար բաշխումի մէջ, ինչպէս նաեւ մարդավաճառութեան երեւոյթին ներքոյ ու շահ դիզելու անծայրածիր ծարաւին մէջ» կը գրէ հուսկ Սրբազան Պապը կարեւոր նկատելով որ այսօր եւս կոչ ուղղուի բարի կամք ունեցող մարդոց ու կիներուն, իրենց սեփական բարիքները ողորմութեան միջոցաւ կիսելու կարիքաւորներուն հետ, որպէս աւելի հաւասար աշխարհ մը կերտելու համար անձնական մասնակցութիւն։

«Սիրոյ բաժնեկցութիւնը մարդը աւելի մարդկային կը դարձնէ» կը գրէ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով թէ՝ ասոր համար է որ ինք 2020-ի քառասնորդացի առթիւ 26-28 մարտ 2020-ին Ասսիզի հրաւիրած է երիտասարդ տնտեսագէտներ, նպատակ ունենալով սատարել աւելի արդար ու ներառող տնտեսութեան մը նախագիծին՝ Աւետարանի երանութիւններու ոգիով»։

Նորին Սրութիւնը պատգամը կ՛աւարտէ հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի ընկալենք Աստուծոյ կոչը դարձի գալու ու հաշտուելու Անոր հետ, մեր սիրտը սեւեռելով Սուրբ Զատկուայ խորհուրդին՝ ու բաց եւ անկեղծ երկխօսութիւն հաստատելու Աստուծոյ հետ։

Այսպէսով պիտի կարենանք ըլլալ այն ինչ որ Քրիստոս կ՛ըսէ իր աշակերտներուն՝ Երկրի աղ եւ աշխարհի լոյս (Մատթ 5, 13-14)

 

Ֆրանչիսկոս Պապ՝

Տուեալ ի Լատրերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճար, 7 հոկտեմբեր 2019։

Վարդարանի Տիրամօր Սուրբ Կոյս Մարիամի ծիսական տօն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2020, 11:30