Քահանայապետական պատգամ Մարդկային Եղբայրութեան փաստաթուղթի առաջին տարեդարձին առթիւ։

«Այսօր կը տօնախմբենք այդ մարդկային ձեռնարկին առաջին տարեդարձը, մարդկութեան համար մաղթելով աւելի լաւ ապագայ մը, ապագայ մը զերծ ատելութենէ ու թշնամութենէ, զերծ ծայրայեղութենէ ու ահաբեկչութենէ, ուր կը գերիշխեն խաղաղութեան, սիրոյ ու եղբայրութիւն արժէքները»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 4 Փետրուար 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը հրապարակեց  Մարդկային Եղբայրութեան փաստաթուղթի ստորագրութեան առաջին տարեդարձին ու Մարդկային Եղբայրութեան միջազգային մրցանակի ներկայացումին առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին սկիզբը Սրբազան Պապը   ողջունեց Ապու Տապիի մէջ կայացած Համագումարին մասնակիցները ու մասնաւորապէս բոլոր այն անձերը՝ «որոնք մարդկայնութեան մէջ կ՛օգնեն իրենց աղքատ եղբայրներուն, հիւանդներուն, հալածուածներուն ու տկարներուն, առանց նկատի առնելու անոնց կրօնը, գոյնը ու ցեղը որուն կը պտղականին», ըսաւ Սրբազան Պապը, ապա յայտնեց. «մէկ տարի առաջ, իմ եղբօրս, Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ, Ահմատ Ալ Թայըպին հետ միասին, ստորագրեցինք մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք՝ Ապու Տապիի մէջ։ Այսօր կը տօնախմբենք այդ մարդկային ձեռնարկին առաջին տարեդարձը, մարդկութեան համար մաղթելով աւելի լաւ ապագայ մը, ապագայ մը զերծ ատելութենէ ու թշնամութենէ, զերծ ծայրայեղութենէ ու ահաբեկչութենէ, ուր կը գերիշխեն խաղաղութեան, սիրոյ ու եղբայրութեան արժէքները»։

Քահանայապետը հուսկ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն՝ Մարդկային Եղբայրութեան Գերագոյն Յանձնաժողովին գործունէութեան տուած աջակցութեան համար ու շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «Abrahamic House» ի ձեռնակին՝ որ ստեղծեց «Մարդկային Եղբայրութեան» մրցանակը։

«Ես ուրախ եմ, որ կարողացայ մասնակցիլ, Մարդկային Եղբայրութեան միջազգային մրցանակը աշխարհին ներկայացնելու այս միջոցառումին,  որպէսզի քաջալերուին մարդոց ու կիներու առաքինի տիպարներ, որոնք այս աշխարհի մէջ կը մարմնացնեն սէրը՝ ուրիշի բարիքին համար գործադրուած գործողութիւններու և զոհաբերումի արարքներով, անկախ անոնց կրօնական տարբերութենէն, կամ ցեղային  և մշակութային պատկանելիութենէն» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ «Ամենակարող Աստուծմէ խնդրելով  որ օրհնէ իւրաքանչիւր  ջանք, որ օգուտ կը բերէ մարդկութեան բարօրութեան ու կ՛օգնէ նաեւ յառաջ ընթանալու եղբայրութեան մէջ»:

«Շնորհակալութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը աւարտելով պատգամը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2020, 15:50