«Անսալ Գաղթականներու ձայնին» Քահանայապետին Փետրուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան պատգամը։

Աղօթենք՝ որպէսզի անբարեխիղճ առեւտրականներու ձեռքը ինկած ու մարդավաճառութեան թիրախ դարձած մեր գաղթական եղբայրներու ճիչը լսելի դառնայ ու նկատի առնուի»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Գաղթականները յաճախ թիրախ են մարդավաճառութեան։ Տարբեր պատճառներու շարքին այս մէկը տեղի կ՛ունենայ կաշառակերութեան պատճառաւ, անոնց որոնք պատրաստ են որեւէ բան ընել՝ հարստանալու համար։

Անոնց գործարնութիւններու փողերը, կեղտոտ փողեր են, անպատուական, արիւնով արատաւոր փող։

 Չեմ չափազանցէր. Արիւնով արատաւորուած փող է։

Աղօթենք՝ որպէսզի  անբարեխիղճ առեւտրականներու ձեռքը ինկած ու մարդավաճառութեան թիրախ դարձած մեր գաղթական եղբայրներու ճիչը լսելի դառնայ ու նկատի առնուի»։

Այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2020-ի Փետրուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամի պարունակութիւնը, որով Նորին Սրբութիւնը համաշխարհին կոչ կ՛ ուղղէ անսալու գաղթականներու ճիչին, որոնցմէ շատերը թիրախ են ոճրագործ արարքներու։

Քահանայապետը մաղթանք կը յայտնէ որ այդ զոհերու ճիչը լսելի դառնայ ու նկատի առնուի։

Արդարեւ 2019-ի տուեալներու համաձայն աշխարհի մէջ գաղթականներուն թիւը հասած է 271.6 միլիոն անհատի, մինչ 2017-ին այդ թիւը 258 միլիոն էր։

Գաղթականներու 47.9 տոկոսը կիներ են ու 13.9 տոկոսը մանուկներ։

Վերոնշեալ թիւերը սակայն վերջնական չեն կարող համարել, տրուած ըլլալով որ շատ մը գաղթականներ ու մարդավաճառութեան զոհեր թաքուն կը մնան, ի տես նաեւ շատ մը երկրիներու մէջ այս ոճիրին դէմ պայքարի պակասէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2020, 16:00