Կեանքի նուիրուած օր Կեանքի նուիրուած օր 

Կեանքի Օր. «Դռները բացէք կեանքին»։ Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը։

Կը մաղթեմ որ այս օրը ըլլայ առիթ նորոգելու համար յանձնառումը՝ ի նպաստ մարդկային կեանքի պահպանումին ու պաշտպանութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 2 փետրուար 2020-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակ համախմբուած ուխտաւորները յիշեցուց թէ այսօր Իտալիոյ մէջ կը տօնախմբուի Կեանքին նուիրած Օրը, որուն բնաբանն է «Դռները բացէք կեանքին»։ «Կը միանամ եպիսկոպոսներու պատգամին ու կը մաղթեմ որ այս օրը ըլլայ առիթ նորոգելու համար յանձնառումը՝ ի նպաստ մարդկային կեանքի  պահպանումին ու պաշտպանութեան,  սաղմէն մինչեւ բնական աւարտ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու աւելցուց.  «Անհրաժեշտ է նաեւ հակազդել արժանապատուութեան դէմ կատարուած ամէն տեսակ բռնութեան, լայն բանալով դռները զօրակից եղբայրութեան նոր ձեւերու»։

Ունկնդրէ լուրը

«Այսօր Նուիրեալ Անձերու համաշխարհային օրուան առթիւ,   կ՛ուզեմ որ բոլորս աղօթենք անոնց համար, որոնք յաճախ լռելեան կերպով աշխատանք կը տանին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները միասնաբար աղօթելու «Ողջողն քեզ Մարիամ» աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2020, 12:13