Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Կրթութիւն. համաշխարհային դաշնագիր» բնաբանով ուսումնաժողով Վատիկանի մէջ։

«Այսօր կանչուած ենք վերանորոգելու բոլորին յանձնառումը ի նպաստ կրթութեան, կնքելու համար կրթական նոր դաշինք մը, որովհետեւ միայն կրթութիւնն է որ կարող է փոփոխութիւններ յառաջացնել»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ՝ 7 փետրուարի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց «Կրթութիւն համաշխարհային դաշնագիր» բնաբանով Վատիկանի մէջ կայացած ուսումնաժողովին մասնակիցները, անոնց ուղղելով երկարաշունչ ճառ մը, որուն սկիզբը Ան  գոհունակութիւնը յայտնեց ընտրուած խորհրդածութեան նիւթին համար «որովհետեւ, ըսաւ Ան, այսօր անհրաժեշտ է միացնել ջանքերը, ձգտելու համար կրթական նոր դաշնագիր մը, որ կազմաւորէ  հասուն մարդիկ, որոնք կարող ըլլան վերակառուցել յարաբերութիւններու հիւսուածքը եւ ստեղծել աւելի եղբայրական մարդկութիւն»։

Ունկնդրէ լուրը

 Սրբազան Պապը ապա դիտել տուաւ որ համապարփակ ու որակաւոր կրթութիւնը  ինչպէս նաեւ կրթութեան մակարդակները կը շարունակեն ըլլալ համաշխարհային մարտահրաւէր։

«Կրթութիւնը կը շարունակէ անհաւասար ըլլալ աշխարհի բնակիչներուն համար, որուն պատճառները կարելի է գտնել  աղքատութեան, խտրականութեան ու կլիմայական փոփոխութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ անտարբերութեան համաշխարհայնացումին մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը շեշտը դնելով «հիմնական կրթութիւն» երաշխաւորելու հրամայականին վրայ, որուն ծիրէն ներս ընդգծեց սերունդներու միջեւ գիտութիւններու փոխանցումին կարեւորութիւնը որովհետեւ «դաստիարակութեան միջոցաւ է որ մարդ էակը կը հասնի իր առաւելագոյն ներուժին, ու կը դառնայ գիտակից, ազատ եւ պատասխանատու էակ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ան ապա նշեց թէ կրթել, դաստիարակել, հասկացողութիւններու լոկ փոխանցում մը չէ, ու թէ այդ առընչութեամբ հարկաւոր է ընդելուզել մտքի ոճը, սրտի եւ ձեռքերու ոճին հետ, որպէսզի աշակերտը մտածէ այն ինչ որ կը զգայ եւ կ՛ընէ, զգայ ինչ որ կը մտածէ եւ կ՛ըսէ ու ընէ ինչ որ կը մտածէ եւ կը զգայ։

Այսօր տագնապի մէջ է «կրթական դաշինքը»։ Դաշինք որ կը ստեղծուի ընտանիքի, դպրոցի, հայրենիքի ու աշխարհի միջեւ, մշակոյթի եւ մշակոյթներու միջեւ։ Այդ դաշինքը կոտրուած է եւ այս կը նշանակէ  թէ ընկերութիւնը, ընտանիքը ու տարբեր իշխանութիւնները, որոնք կոչուած են կրթելու, այդ կարեւոր պարտականութիւնը կը յանձնեն  ուրիշներուն, զանց ընելով իրենց պատասխանատուութիւնը

«Այսօր կանչուած ենք վերանորոգելու բոլորին յանձնառումը ի նպաստ կրթութեան, կնքելու համար կրթական նոր դաշնագիր մը, որովհետեւ միայն կրթութիւնն է որ կարող է փոփոխութիւններ յառաջացնել» ըսաւ ապա Քահանայապետը, այս ծիրէն ներս կարեւոր համարելով ներդրումները եւ  կապերու կամուրջներ կառուցելը՝ յաղթահարելով փակումները։

«Կարելի է այսպէսով խթանել երկխօսութեան մշակոյթը, հանդիպումի ու իրար ճանաչողութեան մշակոյթ։ Կրթութիւն մը որ կարող ըլլայ ճանչնալ ու խթանել մարդկային իսկական արժէքները միջ մշակութային ու միջկրօնական հեռանկարով»  յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով որ այդ ծիրէն ներս պէտք է արժեւորուի նաեւ Ընտանիքը, որովհետեւ ան ունի մեծ պատասխանատուութիւն։  «Ընտանիքը ապա կարիքը ունի օգնութեան եւ աջակցութեան, որովհետեւ դպրոցական մակարդակի վրայ կրթութեան բարելաւումը իրագործելու համար ընտանիքներուն մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է, ինչպէս անհրաժեշտ են նաեւ տեղական հասարակութիւններուն  մասնակցութիւնը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը գնահատելով նաեւ բոլոր այն ուսուցիչներուն որոնք հակառակ բոլոր տագնապներուն ու դժուարութիւններուն յառաջ կը տանին իրենց յանձնառումը։

«Անոնք ապագայի սերունդներուն  «արհեստաւորներ» են» ըսաւ Սրբազան Պապը որոնք իրենց գիտելիքներով եւ հմտութիւններով կը կերտեն ապագայի մարդն ու կինը։  Անոնք ունին մեծ պատասխանատուութիւն ու այս կրթական նոր դաշինքին մէջ ուսուցիչներու գործունէութիւնը պէտք է լաւապէս գնահատուի, ինչպէս նաեւ անոնց պէտք է մատուցի պատշաճ ու բարձրորակ կազմաւորում։

«Վերոնշեալ գործընթացքը իրականացնելու համար հարկաւոր են, ազգային, միջազգային ու առանձնական կենսամիջոցներ» դիտել տուաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով ուսումնաժողովին ընթացքին արծարծուած նիւթերուն ու յատկապէս արուեստագիտութեան ոլորտին։

«Ձեր հաւաքին ընթացքին դուք անդրադարձաք  աճող անհաւասարութեան եւ  կլիմայական փոփոխութիւններու հետեւանքներուն, ինչպէս նաև երկուքի հետևանքները հակադարձելու և հիմքերը առաւել ուժեղ դարձնելու գործիքներուն, աւելի մարդկային, առողջ, արդար, երջանիկ հասարակութեան ի նպաստ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու խօսքը աւարտեց քաջալերելով ներկաները համագործակցելու  ապագայի սերունդի կրթութեան ուղղութեամբ, «որովհետեւ այդ մէկը վաղուայ  պարտականութիւն մը չէ այլ այսօրուայ» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2020, 13:00