Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումին համար։

Կը նորոգեմ իմ սրտաբուխ կոչս միջազգային հասարակութեան ու հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերուն, դիմելու դիւանագիտական գործիքներուն, երկխօսութեան ու բանակցութեան, փրկելու համար քաղաքացիներուն կեանքն ու ճակատագիրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 9 փետրուար 2020-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  ողջունելով  հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յիշեց թէ շաբաթ օր յիշատակուեցաւ Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խոկումի համաշխարհային օրը, այդ առընչութեամբ հաստատելով որ այդ վէրքը դարմաներու համար անհրաժեշտ է բոլորին յանձնառումը։ Սրբազան Պապը հուսկ մատնանշեց թէ կանխարգիլման ծիրէն ներս պէտք է նկատի առնել որ քրէական կազմակերպութիւնները, զոհերուն թակարդի մէջ կը դնեն, օգտագործելով արդի հաղորդակցութեան գործիքները, ուստի, ըսաւ Ան, հարկաւոր է մէկ կողմէն կրթել արուեստագիտական գործիքներու առողջ գործածութեան համար եւ միս կողմէն հսկել ու այդ ծառայութիւնները մատուցողները կոչել իրենց պատասխանատուութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ յիշեց թէ կը շարունակուին ցաւալի լուրեր հասնիլ Սուրիոյ հիւսիս արեւմտեան շրջանէն, յատկապէս հայող բազմաթիւ կիներու եւ մանուկներու կեանքի պայմաններու մասին, մարդոց՝ որոնք ստիպուած են փախուստի դիմել, ռազմական կացութեան աճումի պատճառաւ։

Կը նորոգեմ  իմ սրտաբուխ կոչս միջազգային հասարակութեան ու հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերուն, դիմելու դիւանագիտական գործիքներուն, երկխօսութեան ու բանակցութեան, փրկելու համար քաղաքացիներուն կեանքն ու ճակատագիրը, հիմնուած Մարդկային Միջազգային Իրաւունքներու յարգանքին վրայ։

Յայտնենք թէ այս առաջին անգամը չէ որ Ֆրանչիսկոս Պապը կոչ կ՛ուղղէ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատութեան եւ քաղաքացիներու պաշտպանութեան  ի նպաստ։

Քահանայապետութեան սկիզբէն ի վեր Սրբազան Պապը հանրային կոչերով ու նամակներով բազմաթիւ անգամներ անդրադարձած է Սուրիոյ իրավիճակի մասին։  Առաջինը հանդիսացած է իր ընտրութենէն 18 օր ետք, երբ Սուրբ Զատկուայ առթիւ աշխարհի յղած իր «Ուրպի էթ Օրպի» պատգամին մէջ խօսեցաւ «Սիրեցեալ Սուրիոյ» մասին, հարց տալով «որքան տառապանք պիտի կրէ տակաւին անմեղ բնակչութիւնը տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելէ առաջ»։

Քահանայապետը ապա 2013-ին հաստատեց թէ մարդկութիւնը կարիքը ունի խաղաղութեան արարքներու ու ասկէ մեկնելով որոշեց 7 սեպտեմբեր 2013ը յատկացնել «Սուրիոյ խաղաղութեան համար՝ աղօթքի ու ծոմապահութեան»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը երբեք չի զլացաւ  իր մօտիկութիւնը ցուցաբերելու Սուրիացի ժողովուրդին ու առ հասարակ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն, որոնք կը տառապին պատերազմներու, տեղահանութեան ու այլ ողբերգութիւններու բերումով։

28 Յունիս 2016-ին Ան նաեւ նամակ մը յղեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ Ասատին որուն մէջ շեշտեց «խաղաղ ու բանակցային» ուղիով լուծում գտնելու անհրաժեշտութիւնը։ Այլ նամակ մըն կ յղեց 2019-ին որուն մէջ

քաջալերանք արտայայտեց բարի կամք ցուցաբերելու՝ լուծելու համար արդէն իսկ ողբերգական իրավիճակ մը։

Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրիոյ համար կոչը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2020, 12:12