Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը «Քորոնա» ժահրի թիրախ հիւանդներուն։

«Կ՛ուզեմ դարձեալ մօտիկութիւն յայտնել Քորոնա ժահրի հիւանդներուն, անոնց խնամք տանող առողջապահութեան գործիչներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն ու բոլոր անոնց որոնք յանձնառու են օգնութիւն մատուցելու հիւանդներուն ու կասեցնելու ժահրին վարակը»,

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 26 փետրուար 2020-ի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզեց յատուկէն յիշել «քորոնա» ժահրի թիրախ բոլոր հիւանդները ու նաեւ անոնց խնամք տանող առողջապահութեան գործիչները։

Ունկնդրէ լուրը

«Կ՛ուզեմ դարձեալ մօտիկութիւն յայտնել Քորոնա ժահրի հիւանդներուն, անոնց խնամք տանող առողջապահութեան գործիչներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն ու բոլոր անոնց որոնք յանձնառու են օգնութիւն մատուցելու հիւանդներուն ու կասեցնելու ժահրին վարակը», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն յիշելով որ այսօր Մոխրոց օր է ու թէ Տէրը մեզի ցոյց կու տայ հաւատքի ճանապարհը որուն պէտք է հետեւինք։

«Թոյլ տուէք առաջնորդուիլ Սուրբ Հոգիէն այս ապաշխարանքի ուղեւորութեան մէջ, որպէսզի վերագտնէք Քրիստոնէական յոյսին ուրախութիւնը» յանձնարարեց Սրբազան Քահանայապետը որ այս երեկոյ Հռոմի՝ Ավենթինօ շրջանին  մէջ  պիտի գլխաւորէ մոխրոց օրուան թափօրը, պատարագն ու արարողութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2020, 10:14