Ֆրանչիսկոս Պապ Պարիի մէջ կ՛եզրափակէ «Միջերկրականը խաղաղութեան սահմանագիծ» միջերկրականի եպիսկոպոսներուն հաւաքը։ Ֆրանչիսկոս Պապ Պարիի մէջ կ՛եզրափակէ «Միջերկրականը խաղաղութեան սահմանագիծ» միջերկրականի եպիսկոպոսներուն հաւաքը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Պարիի մէջ կ՛եզրափակէ «Միջերկրականը խաղաղութեան սահմանագիծ» միջերկրականի եպիսկոպոսներուն հաւաքը։

Քահանայապետը Պարիի մէջ կը հանդիպի «միջերկրական խաղաղութեան սահմանագիծ» հաւաքին մասնակցողներուն հետ ապա կը մատուցէ սուրբ պատարագ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 23 փետրուար 2020-ի առաւօտեան եօթին Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանէն մեկնելով կ՛ուղղուի Պարի Քաղաք, ուր ժամանումը նախատեսուած է մէկ ժամ 15 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք եւ ուր Նորին Սրբութիւնը կը դիմաւորուի տեղական եպիսկոպոս Գերապայծառ Ֆրանչեսքօ Քաքուչիի կողմէ ու անոր ընկերացող Փուլիա Մարզի նախագահ ՝Տիար Միքելէ Էմիլիանոյի, Պարիի Ոստիկանապետ՝ Տիկ Անթոնելլա Պեելոմոյի  եւ Պարիի քաղաքապետ Տիար Անթոնիօ Տէքարոյի կողմէ։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը Պարի քաղաքը կ՛այցելէ իր մասնակցութիւնը բերելու «Միջերկրական խաղաղութեան սահմանագիծ» բնաբանով միջերկրականի 20 երկիրներու եպիսկոպոսներու հաւաքին ու կատարելու այդ հաւաքի եզրափակումը։

Հազիւ Պարի ժամանելուն  Սրբազան Քահանայապետը կը փոխադրուի քաղաքի Սուրբ Նիկոյայոսի անուան Աթոռանիստ եկեղեցի,  ուր տեղի կ՛ունենայ վերոնշեալ հաւաքին մասնակցող եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպումը, որուն սկիզբը խօսք կ՛առնէ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ՝ կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթին, որուն հովանաւորութեամբ կազմակերպուած է հաւաքը, ապա ելոյթ կ՛ունենան՝ Կարդինալ Վինքօ Փուլյիչը՝ Պոսնիա Հերցեկովինայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ ու Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքութեան առաքելական հոգաբարձու՝ գերապայծառ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա։

Վերոնշեալ ելոյթներուն կը յաջորդէ Ֆրանչիսկոս Պապին ժողովականներուն ուղղած պատգամը, որուն աւարտին, յանուն բոլոր ներկաներուն, շնորհակալութեան խօսք կ՛արտասանէ գերապայծառ Փոլ Տէֆարկէսը։

Հանդիպումէն ետք Սրբազան Պապը Պազիլիքային գետնադամբանին մէջ կը մեծարէ Սուրբ Նիկոյայոսի մասունքները ապա հակիրճ հանդիպում կ՛ունենայ տեղական Տոմինիքեան միաբանութեան հայրերուն հետ եւ Աթոռանիստ Եկեղեցիէն դուրս գալով յատուկ ողջոյնի խօսք կ՛ուղղէ այնտեղ համախմբուած հաւատացեալներուն։

Նորին Սրբութիւնը ապա կ՛ուղղուի Պարիի «Վիթթորիօ Էմմանուելէ» անուամբ պողոտայ, ուր նախատեսուած է բացօթեայ սուրբ պատարագը եւ կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը։

Սուրբ Զոհին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2020, 13:12