Մարդավաճառութեան  դէմ պայքարի միջազգային օր Մարդավաճառութեան դէմ պայքարի միջազգային օր 

Մարդավաճառութեան ախտին դէմ պայքարող՝ «Տալիտա Քում» ցանցին ի նպատս դրամահաւաք։

Դրամահաւաքին բացումը կատարեց նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խոկումի միջազգային 6-րդ օրուան առթիւ  «Տալիտա Քում» մարդավաճառութեան դէմ պայքարող  կրօնաւորական կեանքի միջազգային ցանցը սկիզբ տուաւ  ցանցային դրամահաւաքի մը, որուն բացումը կատարեց նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը, առաքելական պալատի մատենադարանին մէջ, ի ներկայութեան Տալիտա Քում ցանցի պատասխանատուներուն ու այլ հիմնարկներու ներկայացուցիչներուն։

Խթանելու համար աղօթքի կարեւորութիւնը ու միասնաբար գործելու ու պայքարելու համար մարդավաճառութեան ոճիրին դէմ, ընկերային ցանցերու վրայ կը տարածուի #PrayAgainstTrafficking «հաշթակը» որուն միջոցաւ կարելի է կիսել մտորումներ ու զանազան արարողութիւններու ու հաւաքներու կարեւոր եւ իմաստալից պահեր։

Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խոկումի միջազգային 6-րդ օրուան առթիւ  հրապարակած մէկ թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ աղօթել. «որպէսզի մարդավաճառութեան թիրախ բոլոր անձերը կարողանան ապրիլ ստրկութեան շղթաները կոտրելու ուրախութիւնը»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2020, 14:11