Որոնել

1582445853091.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Պարի քաղաքին մէջ համախմբուած միջերկրականի եպիսկոպոսներուն։

«Կառուցեցէք ընդհատուած կապերը, վերակառուցեցէք բռնութենէն կործանուած քաղաքները, ծաղկեցուցէք պարտէզներ՝ այնտեղ ուր արտերը չորացած են, յոյս ներշնչեցէք անոնց որոնք անյոյս են եւ խրախուսեցէք անոնք որոնք իրենք իրենց մէջ փակուած են՝ վախ չունենալու եղբօրմէն»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 23 փետրուար 2020-ի առաւօտեան կանուխ՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն մեկնելով ուղղուեցաւ Պարի քաղաք, եզրափակելու համար անցեալ 19 փետրուարին Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին նախաձեռնութեամբ սկիզբ առած «Միջերկրական՝ խաղաղութեան սահմանագիծ» բնաբանով, հանդիպումի, խորհրդածութեան, երկխօսութեան, աղօթքի եւ խոկումի հաւաքը, ընդմէջ միջերկրականի շուրջ գտնուող երկիրներու կաթողիկէ եկեղեցիներու պատրիարքներուն եւ եպիսկոպոսներուն, որոնց շարքին են նաեւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ՝ Արհ. Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը հազիւ Պարի ժամանած ուղղուեցաւ քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցի՝ ուր հանդիպում ունեցաւ վերոնշեալ հաւաքին մասնակցող ժողովականներուն հետ, անոնց ուղղելով իր պատգամը որուն սկիզբը Ան ուզեց ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնել անոնց, որ ընդառաջեցին  Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի հրաւէրին, ու իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն ժողովին որուն նպատակն է զարկ տալ ունկնդրութեան ու համեմատութեան գործընթացի մը, որ սատարէ՝ կառուցելու խաղաղութիւնը, աշխարհի այդ կարեւոր տարածաշրջանին մէջ։

Պարին համամիութեան կոչումով քաղաք

Սրբազան Պապը հուսկ հաստատեց թէ Պարի քաղաքի որպէս հաւաքի վայր ընտրութիւնը յատկանշական է, որովհետեւ Պարին կենդանի կը պահէ համամիութեան ու միջ կրօնական երկխօսութիւնը, ու թէ զայն կարելի է նկատել համամիութեան քաղաք, ի տես նաեւ մէկ ու կէս տարի առաջ այնտեղ գումարուած խաղաղութեան ի նպաստ աղօթքի այլ հանդիպուի մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ օրթոտոքս եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։

Միջերկրականը քրիստոնէութեան ժառանգութեան աւանդապահ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը մատնանշեց ապա միջերկրական ծովին, ու անոր ափերուն վրայ գտնուող երկիներուն, զայն նկատելով  վայրը «ուր ծնունդ առած է մեր քաղաքակրթութիւնը»,  որպէս արդիւնք տարբեր ժողովուրդներու միջեւ հանդիպումին։ Միջերկրականը կը ստիպէ այդ ժողովուրդները իրարու մօտենալու՝ անոնց հրաւիրելով յիշել այ բաները որոնք կը միացնեն, ու նշելով որ միայն հաշտութեան մէջ ապրելով է որ կարելի է լիապէս ապրիլ այդ տարածաշրջանին նուրիած հերաւորութիւնները։

«Միջերկրականը խաչմերուկ մըն է՝ ըլլայ ընկերային, ըլլայ քաղաքական, ըլլայ կրօնական ու տնտեսական տեսանկիւններէն. Ան կը մնայ ռազմավարական տարածք, որուն հաւասարակշռութեան ազդեցութիւնը կ՛արտացոլայ  աշխարհի միւս մասերու վրայ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով որ «Հաւատի փոխանցումը կարող է պտուղ բերել միայն այն ժառանգութենէն որուն միջերկրականը աւանդապահ է»: Այդ ժառանգութիւնը պահպանուած է քրիստոնեայ հասարակութիւններուն մօտ՝ ուր կայ ժողովրդական բարեպաշտութիւնը,  արուեստ, հաւատքի հարուստ  մշակոյթ, ու արուեստի գեղեցկութիւն, որ անտեղ կը մղէ միլիոնաւոր այցելուներ, ու պէտք է զայն պաշտպանել, խնամել՝ որպէս անցեալէն ընկալուած ժառանգութիւն, զայն յանձնելու համար ապագայի սերունդներուն» աւելցուց Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով՝ որ «այդ ուղղութեամբ է որ պէտք գործել ի նպաստ հասարակաց  բարիքին ու աշխատիլ որպէս խաղաղութեան գործիչներ»։

Պատերազմը խելագարութիւն է

«Միջերկրականի տարածաշրջանը բազմաթիւ պատերազմներու ու անկայունութեան հնոց է» դիտել տուաւ ապա Սրբազան Պապը ակնարկելով պատերազմի աւերներուն ու անոր բացասական հետեւանքներուն, զայն որակելով «իսկական խելագարութիւն», որովհետեւ խելագարութիւն է՝ կամուրջներ, տուներ, հիւանդանոցներ կործանելը ու մարդիկ սպանելը, փոխանակ կառուցելու մարդկային ու տնտեսական յարաբերութիւններ» – յարեց Սրբազան Պապը դատապարտելով նաեւ որոշ երկիրներու ու ղեկավարներու կեղծաւորութիւնը՝ որ մէկ կողմէ կը խօսին խաղաղութեան մասին ու միւս կողմէ զէնք կը վաճառեն։

«Մարդկութեան վերջին նպատակը կը մնայ խաղաղութիւնը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով որ« խաղաղութենէ զատ այլընտրանք  չկայ՝ ոչ մէկուն համար»։ Պատերազմը միայն ձախողութիւն մըն է, ըլլայ մարդկային,  ըլլայ Աստուածային որեւէ ծրագիրի, ու խաղաղութեան կառուցումը պէտք է մնայ Եկեղեցւոյ ու քաղաքացիական որեւէ իշխանութեան առաջնահերթութիւն, որպէս հիմք ունենալով արդարութիւնը։

Արդարութիւնը խաղաղութեան հիմք

Եւ արդարութիւնը ոտնակոխ կ՛ըլլայ այնտեղ ուր կը գերիշխեն անձնական շահեր, ուր կայ «մնացորդացի» մշակոյթը, ուր մարդիկը անտեսուած են եւ նկատուած որպէս իրեր, ուր անհաւասարութիւնը կ՛աճի, ուր քիչեր կ՛ապրին շռայլութեան մէջ ու շատեր կը պայքարին վերապրելու համար։

«Այդ մշակոյթին կը հակազդեն քրիստոնեայ հասարակութիւններուն կողմէ ձեռնարկուած  բարեսիրութեան, դաստիարակութեան ու կազմաւորման գործերը» հաստատեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով  նաեւ զօրակցութեան հոգիին հանդէպ անոնց որոնք աւելի դիւրաբեկ են, ու միասնութեան հոգիին՝ որով մարմնի բոլոր անդամները իրար կ՛օգնեն առողջ պահելու համար այդ մարմինը։

Սրբազան Պապը հուսկ խօսքը կեդրոնացուց գաղթականութեան հարցին վրայ՝ անոնց որոնք  ստիպուած են թողուլ տուն, ունեցուածք, հայրենիք ու շատ անգամ նաեւ սիրելներ ու հարազատներ՝ փնտռելու համար աւելի ապահով ու լաւ պայմաններով կանք մը, ընդգծելով թէ այդ երեւոյթին դիմաց տարածուած է անտարբերութեան ու մերժումի եւ վախի զգացում, որ մարդիկը կը մղէ պատեր բարձրացնելու  փոխանակ հաւասար իրաւունքներ ու հնարաւորութիւններ երաշխաւորելու  մարդոց,  որպէսզի իրենց կարգին կարողանան սատարել հասարակաց բարիքին։

Ձայն բարձրացնել ի պաշտպանութիւն կրօնական ազատութեան

«Մեր ձայները բարձրացնենք Կառավարութիւններէն պահանջելու համար փոքրամասնութիւններուն պաշտպանութիւնը ու կրօնի ազատութիւնը» կոչ ուղղեց Սրբազան Պապը հաստատելով որ հալածանքները՝ որոնց թիրախ են յատկապէս քրիստոնեայ հասարակութիւնները, վէրք մը է որ կը յօշոտէ մեր սիրտը եւ որ կարող չէ մեզ անտարբեր ձգել»։  Միւս կողմէն չենք կրնար երբեք ընդունիլ որ այն անձերը որոնք յոյս կը փնտռեն մեռնին ծովուն մէջ, առանց օգնութիւն ստանալու,  եւ կամ թիրախ ըլլան չարաշահումներուն ու սեռային ոտնձգութիւններուն» աւելցուց Սրբազան Քահանայապետը նկատել տալով որ «հիւրընկալութեան կողքին հարկաւոր է արժանավայել ընդելուզման ծրագիր որ կլարելի չէ իրականցնել պատնէշներ բարձրացնելով»։

«Միջերկրականը այն ծովն է որ մշակութապէս միշտ բաց է հանդիպումին,  երկխօսութեան եւ մշակութային ընդելուզման» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ  այս ծիրէն ներս  ընդգծելով  որ միայն երկխօսութիւնն է որ առիթ կու տայ հանդիպելու իրար, յաղթահարելու նախապաշարումները ու զիրար աւելի լաւ ճանչնալու։

Նոր սերունդներուն դերակատարութիւնը

Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց նոր սերունդներուն դերակատարութիւնը ու անոնց կենսամիջոցներ մատչելի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անոնք դառնան իրենց ուղեւորութեան դերակատարներ ու կաղանան ըլլալ աւիշ՝ որ կարող է ապագայ եւ յոյս ստեղծել։

«Հարկաւոր է մշակել հիւրընկալութեան եւ երկխօսութեան աստուածաբանութիւն մը, որ մեկնաբանէ ու վերաառաջարկէ աստուածաշունչին ուսուցումը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, այդ ուղղութեամբն կարեւոր նկատելով տարբերութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը ու իրար ճանաչումը ու վերակոչելով Ապու Տապիի մէջ ստորագրուած  «մարդկային եղբայրութեան» փաստաթուղթը, որ կը հաստատէ թէ կրօններու իսկական ուսուցումները հրաւէր են կառչած մնալու խաղաղութեան արժէքներուն ու թիկունք կանգնելու զիրար ճանաչումին, մարդկային եղբայրութեան ու միասնական համակեցութեան»։

Կրօններու միջեւ հանդիպումի անհրաժեշտութիւնը

«Անոնք որոնք միասնաբար իրենց ձեռքերը կ՛աղտոտեն կառուցելու համար խաղաղութիւնը ու ի գործ կը  դնեն  հիւրընկալութիւնը, չեն կրնար իրար դէմ պայքարիլ հաւատքի պատճառով, այլ պիտի քալեն փոխադարձ յարգանքի եւ զօրակցութեան հիման վրայ, ու միութեան փնտռտուքի ճանապարհին վրայ» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ու երկարաշունչ պատգամը աւարտեց բոլոր  ներկաները յանձնելով Սուրբ Պօղոսի բարեխօսութեան ու հովանիին, որ առաջինը եղաւ որ նաւարկեց  միջերկրական ծովուն  մէջ, դիմագրաւելով սպառնալիքներն ու վտանգները Քրիստոսի Աւետարանը տանելու համար բոլորին։

Կառուցել խաղաղութեան եւ համակեցութեան մշակոյթը

Սրբազան Քահանայապետը մէջբերելով Եսայի մարգարէին խօսքերը «հին աւերակները պիտի շինեն, առաջուան փլատակները պիտի կանգնեցնեն, աւերուած քաղաքները ու շատ դարերէ ի վեր աւերակ մնացածները պիտի նորոգեն» (Եսայի 61, 4), ներկաները հրաւիրեց  միջերկրականի տարածաշրջանին մէջ նոյնը ընելու։ «Կառուցեցէք ընդհատուած կապերը, վերակառուցեցէք բռնութենէն կործանուած քաղաքները, ծաղկեցուցէք պարտէզներ՝ այնտեղ ուր արտերը չորացած են, յոյս ներշնչեցէք անոնց որոնք անյոյս են եւ խրախուսեցէք անոնք որոնք իրենք իրենց մէջ փակուած են՝ վախ չունենալու եղբօրմէն» յարեց Սրբազան Պապը ու խօսքը եզրաեակեց ըսելով. «Տէրը առաջնորդէ ձեր քայլերը եւ օրհնէ ձեր հաշտութեան ու խաղաղութեան ի նպաստ աշխատանքը»

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2020, 10:30