Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց օրթոտոքս եկեղեցիներու երիտասարդ հոգեւորականներու խումբ մը Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց օրթոտոքս եկեղեցիներու երիտասարդ հոգեւորականներու խումբ մը 

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց օրթոտոքս եկեղեցիներու երիտասարդ հոգեւորականներու խումբ մը՝ որոնց շարքին հայ հոգեւորականներ։

Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու երիտասարդ հոգեւորականները «ուսումնական այցով» տարբեր վայրերէ ժամանած են Հռոմ, անոնց շարքին էին նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ երիտասարդ հոգեւորականներ, Արևմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գրշն․ Տէր Խաժակ արք․ Պարսամեանի ուղեկցութեամբ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մաղթեմ որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը կարողացաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ու Հռոմ քաղաքի մէջ ապրիլ դրական փորձառութիւն ու դուք ձեզ զգացիք ոչ որպէս հիւրեր այլ եղբայրներ»։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սոյն խօսքերը ուղղեց Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու երիտասարդ հոգեւորականներուն, որոնք  «ուսումնական այցով» տարբեր վայրերէ ժամանած են Հռոմ, եւ որոնց շարքին էին նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ երիտասարդ հոգեւորականներ, Արևմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գրշն․ Տէր Խաժակ արք․ Պարսամեանի ուղեկցութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ Պատուիրակութեան անդամներուն ուղղած իր ճառին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը մէջբերեց Պօղոս առաքեալի կորնթացիներուն նամակէն քաղուած հետեւեալ հատուածը «Ձեզի շնորհք եւ խաղաղութիւն Աստուծոյ մեր հօր եւ մեր Տիրոջ  Յիսուսի Քրիստոսի կողմէ» (Բ Կորնթ. 1,2)։ «Ձեր միջոցաւ կ՛ուզեմ իմ յատուկ ողջոյնս ուղղել նաեւ իմ յարգարժան եւ սիրելի եղբայրներուս՝ Արեւելեան օրթոտոքս եկեղեցիներու Ղեկավարներուն» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով որ «այցելութիւն մը մշտապէս պարգեւներու փոխանակում մըն է», ու այս ծիրէն ներս ակնարկելով Սուրբ Կոյս Մարիամին՝ Եղիսաբեթին տուած այցելութեան ու  հաստատելով որ «Մարիամի եւ Եղիսաբեթի նման եկեղեցիները իրենց մէջ ունին Սուրբ Հոգւոյն պարգեւները՝ որ պէտք են կիսել փոխադարձ ուրախութեան ու բարիքին համար»։

 «Երբ զանազան եկեղեցիներու քրիստոնեաներս զիրար կ՛այցելենք, իրարու հանդիպելով Տիրոջ սիրոյ մէջ, շնորհքը ունինք փոխանակելու այդ պարգեւները» յարեց Սրբազան Պապը նշելով որ անոնց Հռոմ ու Վատիկան այցը առիթ է խորացնելու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ճանաչումը ու նաեւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար հնարաւորութիւն՝ ընկալելու անոնց մէջ գտնուող Սուրբ Հոգւոյն պարգեւները։

«Ամէն բանի մեկնակէտը այդ շնորհքին գիտակցիլն է ու ճանչնալ Աստուծոյ ձրի գործը, հաւատալ թէ Ինքն է մեր մէջ գտնուող բարիին դերակատարը» հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ,  երախտագիտութիւն յայտնելով ներկաներուն,  յատկապէս անոնց եկեղեցիներուն տուած վկայութեան համար. «Եկեղեցիներ որոնք դրոշմուած են Քրիստոսի մէջ հաւատքի արիւնով ու կը շարունակեն ըլլալ հաւատքի եւ յոյսի սերմեր, նաեւ տարածաշրջաններու մէջ, որոնք յատկանշուած են բռնութիւններով ու պատերազմով» ըսաւ Ան ու ճառին աւարտին մաղթեց որ սոյն այցելութիւնը ու անոր յաջորդող այլ այցելութիւնները՝ դառնան փոքրիկ սերմ մը, «որպէսզի մեր միջեւ  ծաղկի տեսանելի հաղորդութիւնը ու այդ լիակատար միութիւնը՝ զոր Յիսուս կը ցանկայ» ըսաւ Ան  ու խօսքը եզրափակեց ներկաներուն ապահովեցնելով իր աղօթքները ու անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

Տէրը ձեզ օրհնէ ու Աստուածամայրը ձեզ պաշտպանէ։ եւ այժմ իւրաքանչիւրը իր լեզուով միասնաբար աղօթենք հայր մեր աղօթքը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով զանոնք աղօթելու Տէրունական աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2020, 11:17