Ֆրանչիսկոս Պապ Պարիի մէջ աղօթեց Սուրբ Նիկողայոսի դամբանին առջեւ Ֆրանչիսկոս Պապ Պարիի մէջ աղօթեց Սուրբ Նիկողայոսի դամբանին առջեւ  

Նորին Սրբութիւնը Պարիի մէջ աղօթեց Սուրբ Նիկողայոսի դամբանին առջեւ եւ ողջունեց զինք դիմաւորող հաւատացեալները։

Աղօթքը, ըսաւ Սրբազան Պապը, ուժ է, քրիստոնեայ հասարակութեան ուժն է։ Հովիւները որոնք այս օրերուն այստեղ համախմբուած էին աշխատեցան եւ զգացին ձեր աղօթքներուն աջակցութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պարի կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, կիրակի 23 փետրուարին, Պարիի Սուրբ Նիկողայոսի անուան պազիլիքայէն  ներս Միջերկրականի եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց եկեղեցւոյ գետնադամբանը ուր պահպանուած ենք Սուրբ Նիկողայոսի  մասունքները այնտեղ աղօթելով Սուրբին շիրիմին վրայ, հուսկ ողջունեց Տոմինքեան հայրերու միաբանութեան անդամները ապա դուրս գալով Պազիլիքայէն ողջունեց այնտեղ համախմբուած զինք դիմաւորող խումբ մը հաւատացեալները, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց յատկապէս աղօթքներուն համար զոր նուիրեցին վերջին օրերուն Պարի քաղաքին մէջ կայացած եպիսկոպոսներու եւ հովիւներու աշխատանքին։

 Աղօթքը, ըսաւ Սրբազան Պապը, ուժ է, քրիստոնեայ հասարակութեան ուժն է։ Հովիւները որոնք այս օրերուն այստեղ համախմբուած էին աշխատեցան եւ զգացին ձեր աղօթքներուն աջակցութիւնը եւ ասոր համար շնորհակալ եմ ձեզի ձեր այս աղօթքի առաքելութեան համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց  միշտ աղօթել եկեղեցւոյ համար, եւ աւելիով աղօթել նաեւ դժուար պահերուն ընթացքին, որպէսզի Տէրը լուծէ հարցերը։  

Նորին Սրբութիւնը հուսկ նախ քան ներկաներուն իր օրհնութիւնը շնորհելը հրաւիրեց միասին աղօթելու «ողջոյն քեզ մարիամ» աղօթքը ու հայցելու Աստուածամօր հովանին եւ բարեխօսութիւնը որպէսզի ընկերանայ Եկեղեցւոյ ուղեւորութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2020, 11:00