Global Catholic Climate Movement” շարժումի անդամներուն հետ հանդիպում Global Catholic Climate Movement” շարժումի անդամներուն հետ հանդիպում 

Մեղմ անհանգստութեան պատճառաւ Քահանայապետը միայն Վատիկանի մէջ շարունակեց իր օրակարգը։

Մեղմ անհանգստութեան պատճառով Քահանայապետը նախընտրեց չի հեռանալ Վատիկանէն, ինչպէս կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը դիտել տալով որ Սրբազան Պապին այլ հանդիպումներն ու գործունէութիւնները շարունակուեցան կանոնաւոր կերպով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի՝ 27 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին օրակարգը կը նախատեսէր Հռոմի Կղերի հետ միասին՝ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի մայր տաճարին մէջ ապաշխարութեան խորհուրդի արարողութեան մասնակցութիւնը, սակայն «մեղմ անհանգստութեան պատճառով Ան նախընտրեց չի հեռանալ Վատիկանէն», ինչպէս կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը դիտել տալով որ «Սրբազան Պապին այլ հանդիպումներն ու գործունէութիւնները շարունակուեցան կանոնաւոր կերպով», ինչպէս  այսօր առաւօտեան՝ Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ Սուրբ Պատարագը, ապա հանդիպումը՝ “Global Catholic Climate Movement” շարժումի անդամներուն հետ, որոնք յանձնառու են հասարակաց տան խնամատարութեան գործին մէջ, ներշնչում քաղելով «Գովեալ Ըլլաս» Քահանայապետի առաքելական  յորդորագիրէն։

Ունկնդրէ լուրը

Հռոմի կղերի հետ  նախատեսուած Քահանայապետին հանդիպման ճառը ընթերցեց Հռոմի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը՝ Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիս։

Նորին Սրբութեան խորհրդածութեան կեդրոնական նիւթն էր «Քահանայի կեանքէն ներս դառնութիւնը», ուր Սրբազան Պապը անդրադարձաւ նաեւ այդ դառնութեան պատճառներուն խօսելով՝ Հաւատքի հարցերու մասին, Եպիսկոպոսի հետ հարցերու ու  մենք մեր հետ հարցերու մասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2020, 12:28