Ֆրանչիսկոս  Պապին գործունէութիւնները կը շարունակուին Տոմուս Սանթա Մարթայի տան մէջ։ Ֆրանչիսկոս Պապին գործունէութիւնները կը շարունակուին Տոմուս Սանթա Մարթայի տան մէջ։  

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնները կը շարունակուին Տոմուս Սանթա Մարթայի տան մէջ։

Յայտնենք թէ վաղը՝ Կիրակի մէկ մարտէն սկսեալ՝ Նորին Սրբութիւնը կը մեկնի Արիչչա իր մասնակցութիւնը բերելու 2020-ի քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութեան որ պիտի աւարտի ուրբաթ մարտ վեցին։

Վատիկան

Շաբաթ 29 փետրուար 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատոյց առօրեայի սուրբ պատարագը, ապա իր բնակարանին մէջ յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ Ուկրանիոյ Աւագ Արքեպիսկոպոս Գերերջանիկ  Զվիաթոզլաւ Շեվչուքի հետ, ապա Եպիսկոպոսներուն Ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Մարք Ուելլէի հետ, Ֆրանսայի մօտ առաքելական դեսպան գերապայծառ  Չելեսթինօ Միլիորէի հետ ու Լիբանանու հանրապետութեան  մօտ առաքելական  նուիրակ՝ գերապայծառ Ժոզէֆ Սփիթերիին հետ։

Ունկնդրէ լուրը

 Յայտնենք թէ վերջին այս երեք օրերուն՝  թեթեւ անհանգստութեան պատճառաւ Նորին Սրբութիւնը՝ յետաձգած է նախատեսուած հանրային հանդիպումներ եւ ունկնդրութիւններ որոնց շարքին այսօր՝  «Legionari di Cristo» միաբանութեան ընդհանուր ժողովի մասնակցողներուն ունկնդրութիւնը ու կենսաբարոյական միջազգային խումբի անդամներուն հետ հանդիպումները։ Սոյն լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը՝ Տիար Մաթթէօ Պրունի, որ երէկ՝ պատասխանելով «Անսա» իտալական լրատու գործակալութեան մէկ հարցումին, թէ բազմաթիւ լրագրողներ  Նորին Սրբութեան անհանգստութիւնը կը վերագրեն Քորոնա ժահրէն վարակումին, հաստատած է թէ «այդ ուղղութեամբ ոչ մէկ ապացոյց կայ ու թէ Քահանայապետը  թեթեւ  անհանգստութիւնէ կը տառապի ու թէ փաստը այն է թէ ան կը շարունակէ իր կանոնաւոր հանդիպումները Տոմուս Սանթա Մարթայի իր տան մէջ»

Յայտնենք նաեւ թէ վաղը՝ Կիրակի մէկ մարտէն սկսեալ՝ Նորին Սրբութիւնը կը մեկնի Արիչչա իր մասնակցութիւնը բերելու 2020-ի քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութեան որ պիտի աւարտի ուրբաթ մարտ վեցին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/02/2020, 11:27