Որոնել

Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ 

Քահանայապետը այսօր եւս յետաձգեց պաշտօնական ունկնդրութիւնները՝ թէեւ կը շարունակէ Սանթա Մարթայի տան մէջ գործունութիւնը։

Արժանի է ապա յիշել որ այս օրերուն Նորին Սրբութիւնը Պուլկարիայի Նէոֆիթ Պատրիարքին նուիրեց «Սուրբ Քլեմենթէի եւ Փոթիթոյի» մասունքները որպէս «եղբայրութեան» արտայայտութիւն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը՝ Տիար Մաթթէօ Պրունի լրագրողներուն մէկ հարցումին պատասխանելով յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատոյց սուրբ պատարագը ու պատարագի աւարտին ողջունեց սուրբ զոհին մասնակցողները, սակայն Ան յարմար նկատեց յետաձգել պաշտօնական հանրային ունկնդրութիւնները, մինչ Տոմուս Սանթա Մարթայի տան մէջ կը շարունակէ իր կանոնաւոր գործունէութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Նշենք թէ Նորին Սրբութիւնը մեղմ անհանգստութեան մը պատճառաւ նախընտրեց ժամանակաւոր կերպով դադրեցնել հանրային գործունէութիւնը՝ շարունակելով սակայն  իր նստավայրին մէջ հանդիպումները ։

Յայտնենք նաեւ թէ յաջորդ օրերուն՝ մէկէն մինչեւ վեց մարտ 2020, Նորին Սրբութիւնը Հռոմի Քուրիայի անդամներուն հետ միասին Հռոմի մօտակայքը գտնուող Արիչչա քաղաքի՝ «Աստուածային Վարդապետի տուն» հոգեւոր կեդրոնին մէջ, ինչպէս ամէն տարի, պիտի մասնակցի քառասնորդացի հոգեւոր կրթութեան։ Դէպի Արիչչա անոնց մեկնումը նախատեսուած է կիրակի յետմիջօրէի 4-ին ու վերադարձը ուրբաթ 6 մարտի կէսօրին։

Արժանի է ապա յիշել որ այս օրերուն Նորին Սրբութիւնը Պուլկարիայի Նէոֆիթ Պատրիարքին նուիրեց «Սուրբ Քլեմենթէի եւ Փոթիթոյի» մասունքները որպէս «եղբայրական» արտայայտութիւն։  

Քահանայապետին նուէրը Պուլկարիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պատրիարքին յանձնեց Պուլկարիոյ մօտ առաքելական նուիրակը, որպէս յիշատակ Ֆրանչիսկոս Պապին  Պուլկարիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան՝ 2019-ի մայիսին։

Հինաւուրց աւանդութեան համաձայն Սուրբ Քլեմենթէ եւ Սուրբ Փոթիթոն սերտօրէն կապ ունին Սերտիքա քաղաքին հետ որ այժմու Սոֆիա քաղաքի հին անունն է։ Սուրբ Քլեմենթէն ապա նկատուած է քաղաքի առաջին եպիսկոպոսը։

Երկու մարտիրոսներուն մասունքները Իտալիա փոխադրուած են Սուրբ Կիւրեղ Եւ Սուրբ Մեթոտիոս Եղբայրներու կողմէ։

Քահանայապետին Պուլկարիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պատրիարքին նուիրած մասունքները ժողովրդային մեծարանքին կ՛արժանանան յառաջիկայ 24 մարտին որուն առթիւ նախատեսուած է յատուկ արարողութիւն՝ ապա յաջորդ օրը Սուրբ Պատարագ նախագահութեամբ Պուլկարիոյ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարքին։ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2020, 11:04