Որոնել

Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Տեառնընդառաջի տօնին Քահանայապետական Մարեմեան աղօթքն ու խորհրդածութիւն։

Տեառնընդառաջի տօնին զուգահեռ կը յիշատակուի նաեւ Նուիրեալ Անձերու համաշխարհային օրը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Կիրակի 2 փետրուար 2020-ին Յիսուսի տաճար ընծայման տօնն է՝ Տեառնընդառաջ է։

Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, որ կը պատմէ Յիսուսի տաճար ընծայման դէպքը, երբ անոր ծնողքը Մարիամն ու Յովսէփը, Անոր  ծնունդէն 40 օրեր ետք հրէական աւանդութեան համաձայն զայն տաճար կը տանին զինք Աստուծոյ ընծայելու համար։

Ունկնդրէ լուրը

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս։  Այսօր կը տօնենք Տեառնընդառաջը», ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութեան ու  նշելով որ այդ տօնին զուգահեռ  կը յիշատակուի նաեւ Նուիրեալ Անձերու համաշխարհային օրը։

Մատնանշելով Ղուկաս Աւետարանիչէն  քաղուած օրուան սուրբ գրային հատուածին, Նորին Սրբութիւնը նշեց՝ թէ Մարիամն ու Յովսէփը եւ ծերունի Սիմէոնն ու Աննա մարգարէուհին կը ներկայացնեն ընկալումի եւ կեանքը Աստուծոյ նուիրելու տիպարներ։

Ղուկաս աւետարանիչ զանոնք կը նկարագրէ երկակի վերաբերմունքով. շարժում ու զարմանք ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Առաջին վերաբերմունքը շարժումն է։  Մարիամն ու Յովսէփը դէպի Երուսաղէմ կ՛երթան ու Սիմէոն մղուած Սուրբ Հոգիէն տաճար կ՛երթայ, մինչ Աննան գիշեր ցերեկ կը ծառայէր Աստուծոյ։

Աւետարանական այդ չորս դերակատարները մեզի ցոյց կու տան թէ քրիստոնէական կեանքը կը պահանջէ քալելու խանդ ու տրամադրութիւն, թոյլ տալով որ Սուրբ Հոգին առաջնորդէ մեզ։

«Անշարժութիւնը արդարեւ չի յարմարուիր քրիստոնէական վկայութեան ու Եկեղեցւոյ առաքելութեան» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը,  հաստատելով՝ որ աշխարհը կարիքը ունի քրիստոնեաներու՝ որոնք չեն  յոգնիր քալելէ կեանքի ճանապարհներուն վրայ, բոլորին տանելու համար Յիսուսին մխիթարիչ խօսքերը։

«Իւրաքանչիւր մկրտեալ ընկալեց  քարոզութեան կոչումը, աւետարանութեան առաքելութիւնը եւ այս ծիրէն ներս ժողովրդապետութիւններն ու եկեղեցական  հասարակութիւնները կանչուած են խթանելու ընտանիքներու, երիտասարդներու եւ տարեցներու յանձնառումը, որպէսզի բոլորն ալ, որպէս եկեղեցւոյ կեանքին դերակատարներ, կարողանան ապրիլ քրիստոնէական փորձառութիւն մը»  յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը ու ակնարկեց  երկրորդ վերաբերմունքին՝ զարմանքը։

Մարիամ եւ Յովսէփ զարմացած էին այն խօսքերուն վրայ որ կ՛ըսուէին Յիսուսին մասին (Ղուկ.2,33)։ Զարմանքը է նաեւ ծերունի Սիէմոնի բացայայտ արձագանքը, որ Մանուկ Յիսուսին մէջ կը տեսնէ Աստուծոյ խոստացած փրկութիւնը։ Եւ նոյնն է նաեւ Աննայի համար՝ որ սկսաւ Փառաբանել Տէրը

«Սոյն հաւատացեալները պարուրուած են զարմանքով, որովհետեւ թոյլ տուին ներգրաւուիլ իրենց աչքերուն առջեւ պատահած իրադարձութիւններէն։ Զարմանալու կարողութիւնը արդարեւ կը նպաստէ կրօնական փորձառութեան ու պտղաբեր կը դարձնէ Տիրոջ հետ հանդիպումը։ Ընդհակառակը՝ զարմանալու անկարողութիւնը մեզ անտարբեր կը դարձնէ ու հաւատքի եւ առօրեայ կեանքի միջեւ տարածքները աւելիով կ՛ընդլայնէ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի օգնութիւնը, որպէսզի ամէն օր խորհրդածենք Յիսուսին մէջ Աստուծոյ մեզի շնորհած պարգեւին համար, ու թոյլ տանք ուրախալի զարմանքով ներգրաւուիլ այդ պարգեւի շարժումէն, որպէսզի մեր համայն կեանքը դառնայ փառաբանութիւն Աստուծոյ, եղբայրներու ծառայութեան ընդմէջէն։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2020, 12:06