Ֆրանչիսկոս Պապը Պարիի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը Պարիի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապին միջերկրականի եպիսկոպոսներուն հետ Պարի քաղաք այցելութիւնը՝ 23 Փետրուարին ։

Ի տես «Միջերկրական՝ խաղաղութեան սահմանագիծ» բնաբանով խոկումի եւ հոգեւորականութեան օրուան, Ֆրանչիսկոս Պապը 23 փետրուարին պիտի այցելէ Պարի քաղաքը, ուր նախատեսուած է անոր հանդիպումը Միջերկրականի եպիսկոպոսներուն հետ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Միջերկրական ծովի սահմանակից 20 երկիրներու եպիսկոպոսները 19էն 23 փետրուար 2020ին Պարի քաղաքին մէջ պիտի մասնակցին խոկումի եւ հոգեւորականութեան օրուան, զոր կազմակերպուած է Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կողմէ, «կարեւորելու համար, ծովու տարբեր ափերու վրայ պատահարները ու զարկ տալու բաժնեկցուած տեսութեան մը ու գործնական համագործակցութեան մը», ինչպէս կը յայտնէ Իտալիոյ եպիսկապոսներու համահաւաք դասի նախագահը՝ Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթի։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապը անոնց պիտի միանայ 23 փետրուարին, եզրափակելու համար ձեռնարկը։ Այս երրորդ անգամն է որ Քահանայապետը Պարին կ՛այցելէ ու չորրորդ անգամը որ Ան Փուլիա մարզին մէջ կը գտնուի, նկատի առնելով 17 մարտ 2018-ին Սան Ճովաննի Ռոթոնտօ սրբավայրին տուած այցելութիւնը՝ Փատրէ Փիոյի մահուան 50 ամեակին առիթով, ու նոյն տարուայ 20 ապրիլին Ալեսաանօ եւ Մոլֆեթթա կատարած այցելութիւնը՝ Հայր Թոնինօ Պելլոյի մահուան 25րդ տարելիցին առիթով։

Քահանայապետին Պարի մեկնումը նախատեսուած է 23 փետրուարի արարողութեան առաւօտեան ժամը 7-ին, մինչ անոր ժամանումը նախատեսուած է 8.15-ին, ուր Քահանայապետը կը դիմաւորուի Պարիի Արքիեպիսկոպոսս գերապայծառ Ֆրանչեսքօ Քաքաուչչիի կողմէ, ինչպէս նաեւ տեղական քաղաքացիական ներկայացուցիչներու կողմէ, որոնց շարքին նաեւ Նահանգապետ Տիար Միքելէ Էմիլիանօ, Ոստիկանապետ Անթոնելլա Պելլոմօ ու Պարիի քաղաքապետ Անթոնիօ Տէքարօ։

Պարի ժամանելէ ետք Սրբազան Քահանայապետը կը փոխադրուի  Քաղաքի Սուրբ Նիկողայոս Աթոռանիստ Եկեղեցի, ուր 2018-ի Յուլիսին մասնակցած էր «Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան համար համամիութենական աղօթքի հանդիպումին»։

Ժամը 8.30ին Սրբազան Պապը կը մասնակցի միջերկրականի եպիսկոպոսներու հանդիպումին որուն բացումը կը կատարեն Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթին, Պոզնիա Էրզեկովինայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ՝ Կարդինալ Վինքօ Փուլյիչը եւ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքութեան առաքելական կառավարիչ գերապայծառ Փիերպաթթիսթա  Փիցցապալլա։

Սրբազան Հայրը հուսկ ներկաներուն կ՛ուղղէ իր պատգամը, որուն կը յաջորդեն այլ միջամտութիւններ։

Հանդիպումի աւարտին Նորին Սրբութիւնը կը մեծարէ Սուրբ Նիկողայոսին մասունքները ապա կը հանդիպի Տոմինիքեան միաբանութեան հայրերուն։

Աթոռանիստ եկեղեցիէն դուրս գալով Ֆրանչիսկոս Պապը ողջոյնի խօսք մը կ՛ուղղէ հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն, ապա կ՛ուղղուի Վիթթորիօ Էմմանուելէ պողոտայ, ուր 10.45-ին կը գլխաւորէ համապատարագը ու նոյն վայրէն կ՛արտասանէ Մարեմեան Աղօթքը։

Նորին Սրբութեան դէպի Վատիկան մեկնումը նախատեսուած է 12.30-ին ինքնաթիռով

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2020, 14:30