Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը Աւստրալիայի ժողովրդին։

«Ես մօտիկ եմ Աւստրալիայի ժողովուրդին»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 8 յունուար 2020-ի առաւօտեան, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ նախագահած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալները ըսաւ. «Ձեր միջեւ Աւստրալիայէն խումբ մը հաւատացեալներ կան, պիտի ուզենայի որ բոլորդ աղօթէք Տիրոջ, որպէսզի օգնէ Աւստրալիայի ժողովուրդին, այս դժուար պահուն ընթացքին,  այդ զօրեղ հրդեհին համար։ Ես մօտիկ եմ Աւստրալիայի ժողովուրդին»։  

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Պապը ապա ողջունեց հաւատացեալ ուխտաւորներու զանազան խումբերը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով երիտասարդներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն։

Յառաջիկայ կիրակի պիտի տօնախմբենք Տիրոջ Սուրբ Մկրտութեան տօնը։  Վերագտէք շնորհքը որ կու գայ այդ խորհուրդէն ու գիտցէք զայն  թարգմանել առօրեայ  կեանքի  յանձնառումի։

«Ես պիտի ուզէի որ իւրաքանչիւրդ իմանար իր մկրտութեան թուականը. Բոլորս գիտենք մեր ծննդեան թուականը սակայն քանիներ գիտեն մկրտութեան օրը։  Այս պարտականութիւնը կու տամ ձեզի։ Հարց տուէք ձեր ծնողաց, պապիկ մամիկներուն, բարեկամներուն, ազգականներուն. Ո՞րն է մկրտութեանս թուականը։ Ապա ձեր սրտին մէջ պահպանեցէք այդ թուականը, որպէսզի շնորհակալութիւն յայտնէք Տիրոջ՝ Սուրբ Մկրտութիւն շնորհքին համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2020, 11:00