Սուրբ Պօղոսի դարձը Սուրբ Պօղոսի դարձը 

Ֆրանչիսկոս Պապ կը գլխաւորէ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ եզրափակիչ արարողութիւնը:

Այսօր կը յիշատակուի Սուրբ Պօղոսի դարձին տօնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 25 Յունուար 2020-ի երեկոյեան 5.30-ին՝ Սուրբ Պօղոսի դարձին տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան նուիրուած Քահանայապետական Պազիլիքային մէջ նախագահած ժամասացութեան արարողութեամբ եզրափակումը կը կատարէ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի 53-րդ շաբթուան, որ սկիզբ առած էր անցեալ շաբաթ օր՝ 18 Յունուարին եւ որուն այս տարուայ բնաբանն էր «մարդասիրութիւն ցոյց տուին մեզի» խօսքը, որ քաղուած է Գործք Առաքելոցի գիրքէն, ուր կը պատմուի Սուրբ Պօղոսի ու անոր հետ ճամբորդներուն նաւաբեկութեան դրուագը ու անոնց Մալթա կղզի ժամանումը, ուր կ՛ընդունին արտասովոր հիւրընկալութիւն։

Ունկնդրէ լուրը

Ինչպէս յիշեցուցած էինք  անցած օրերուն՝ վերոնշեալ երկու թուականները, 17 ու 25 Յունուարը, ընտրուած են, որովհետեւ առաջինը կը զուգադիպի Սուրբ Պետրոսի գահի տօնին, մինչ երկրորդը կը յատկանշէ Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնը, որ պատահեցաւ Դամասկոսի ճամբուն վրայ, երբ Յարուցեալ Քրիստոսը Անոր երեւելով հարց կու տայ «Սաւուղ Ինչո՞ւ կը հալածէս զիս եւ այդ պահէն Պօղոս, որ քրիստոնեաները կը հալածէր, կը դառնայ Քրիստոսի առաքեալ։

Սովորութիւն է որ վերոնշեալ արարութեան իրենց մասնակցութիւնը բերեն նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ի նշան համամիութենական ուղեւորութեան ու քրիստոնեաներու  միջեւ միութեան ձգտումին։  Քոյր Եկեղեցիներու պատուիրակութիւններու շարքին նշենք յատկապէս Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Քանթըրպուրրիի Անկլիքան Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը ապա Պոսսէյի համամիութենական  հաստատութեան անդամները, որոնք ամէն տարի ուխտագնացութիւն կը կատարեն Հռոմ եւ Վատիկան իրենց մասնակցութիւնը բերելով վերոնշեալ արարողութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2020, 09:21