Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը՝ առանցքը կազմեց Քահանայապետի հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան։

Որպէս քրիստոնեաներ պէտք է միասին աշխատինք, գաղթականներուն ցոյց տալու համար Աստուծոյ սէրը, զոր մեզի յայտնեց Յիսուս Քրիստոս։

Երբ փրկուեցան, գիտցան թէ այդ կղզիին անունը Մելիտէ էր: Բնիկ ժողովուրդը արտասովոր մարդասիրութիւն ցոյց տուաւ մեզի.  որովհետեւ կրակ վառեցին եւ մեզ բոլորս ալ ընդունեցին՝ եկած անձրեւին ու ցուրտին պատճառով: 3Երբ Պօղոս առատ խռիւ ժողվեց եւ դրաւ կրակին վրայ, ջերմութենէն իժ մը ելաւ ու կառչեցաւ անոր ձեռքին…Անոնք ալ մեծապէս պատուեցին մեզ, ու երբ կը մեկնէինք՝ հայթայթեցին մեզի պէտք եղած բաները:

Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 22 Յունուար 2020ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին  աշխարհի տարբեր քաղաքներէ ժամանած բազմահազար հաւատացեալներ։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս» ըսաւ Քահանայապետը սկիզբ տալով օրուան խորհրդածութեան, որուն առանցքը կազմեց  Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը, որուն նիւթը «հիւրընկալութիւնն» է եւ որ ընտրուած է Մալթա եւ Կոծօ կղզիներու հասարակութիւններու կողմէ, ներշնչում քաղելով Գործք Առաքելոցէն, ուր կը պատմուի Մալթայի բնակիչներու կողմէ Սուրբ Պօղոսին ու անոր ճանապարհակիցներուն՝ վերապահուած  հիւրընկալութեան դէպքը։

Նաւը որուն վրայ կը ճամբորդէր Սուրբ Պօղոսը կը տարուբերուէր ալիքներէն եւ հովէն։ Անոնք 14 օրերէ ի վեր կը գտնուէին այդ ահռելի վիճակի մէջ եւ կորսնցուցած էն իրենց ուղեցոյցը, ու նաւաբեկութեան եզրին կը գտնուէին։

Պօղոս սակայն քաջատեղեակ էր թէ կորուստի պիտի չի մատնուէին։ Անոր հաւատքը անոր կ՛ըսէ թէ իր կեանքը Աստուծոյ ձեռքերուն մէջն է։ Այն Աստուածը որ Յիսուսին յարութիւն տուաւ մեռելներէն եւ որ Պօղոսը կոչեց Աւետարանը տանելու մինչեւ երկրի ծայրամասերը։

Պօղոսին հաւատքը անոր կը թելադրէ նաեւ թէ Աստուած սիրով լի հայր մըն է, եւ ասկէ մեկնելով կը հռչակէ թէ՝ Աստուած թոյլ պիտի չտայ որ ոչ իսկ մազի թել մը կորսուի։

Պօղոսի մարգարէական այդ խօսքերը կ՛իրականանան երբ նաւը կը հասնի Մալթա ու բոլոր ճամբորդողները կը փրկուին։ Անոնք ապա կը փորձարկեն նոր իրողութիւն մը, որ կը հակասէ փոթորկոտ ծովուն դաժան բռնութիւնները։

Անոնք ականատես կ՛ըլլան կղզիի բնակիչներուն կողմէ իրենց վերապահած արտասովոր մարդասիրութեան։

Բնակիչները արդարեւ ուշադիր են նաւաբեկներու կարիքներուն։ Անոնց համար կրակ կը վարեն ու անձրեւէն պատսպարուելու համար ապաստան եւ կերակուր կու տան։ Անոնք թէեւ տակաւին Քրիստոսին բարի լուրը չեն ընդունած կը բացայայտեն Աստուծոյ սէրը եւ Մալթացիներու հիւրընկալութիւնը կը փոխ հատուցուի Պօղոսի միջոցաւ Աստուծոյ կատարած բժշկութեան հրաշքներով, ու Պօղոսը կը դառնայ Աստուծոյ ողորմած սիրոյ վկան։

«Սիրելիներ՝ հիւրընկալութիւնը համամիութենական կարեւոր առաքինութիւն մըն է», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, նկատել տալով որ ան ամենէ առաջ կը նշանակէ ճանչնալ որ միւս քրիստոնեաները իսկապէս մեր եղբայրներն ու քոյրերն են Քրիստոսի մէջ»։

«Քրիստոնեաները հիւրընկալելը կը նշանակէ նաեւ անոնց նկատմամբ ցոյց տալ Աստուծոյ սէրը եւ ընկալել այն ամէն բաները որ Աստուած իրագործեց անոնց կեանքին մէջ» յարեց ապա Քահանայապետը նշելով որ «Համամիութենական հիւրընկալութիւնը կը պահանջէ տրամադրութիւն՝ անսալու այլ քրիստոնեաներուն, ուշադրութիւն յատկացնելով անոնց անձնական հաւատքին ու հասարակութեան պատմութեան»։

«Այսօր եւս այն ծովը որուն մէջ նաւաբեկութեան մատնուեցան Պօղոս ու իրեն  ընկերները անգամ մը եւս դարձած է այլ նաւաստիներու կեանքին համար վտանգաւոր վայր մը։ Համայն աշխարհին մէջ գաղթական  մարդիկ ու կիներ կը դիմագրաւեն  արկածախնդիր ճանապարհորդութիւններ՝ փախչելու համար բռնութիւններէն, պատերազմներէն ու աղքատութենէն» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ այդ նաւաստիները եւս Պօղոսի ու անոր ընկերներուն նման կը փորձարկեն անապատի, գէտերու եւ ծովերու  անտարբերութիւնն ու թշնամութիւնը…ու դժբախտաբար անոնք յաճախ կը հանդիպին նաեւ աւելի ծանր թշնամութեան մը՝ մարդոց  թշնամութիւնը, որ զանոնք կը նկատէ լոկ թիւ մը կամ մի քանի կառավարիչներուն համար սպառնալիք. Այս  մերժումը ապա ալիքի նման զանոնք կը մղէ դէպի աղքատութիւն ու դէպի այն սպառնալիքները որոնցմէ փախուստ տուած էին։

Որպէս քրիստոնեաներ պէտք է միասին աշխատինք, գաղթականներուն ցոյց տալու համար Աստուծոյ սէրը, զոր մեզի յայտնեց Յիսուս Քրիստոս։ Մենք պարտաւոր ենք ու կարող ենք վկայել թէ միայն հակառակութիւն ու անտարբերութիւն չիկայ,  այլ թէ ամէն մէկ անհատ թանկարժէք է Աստուծոյ համար ու սիրուած է Անորմէ ։

«Բաժանումները որոնք տակաւին կը գոյատեւեն մեր միջեւ, պէտք չէ արգելք ըլլլան աշխարհին համար դառնալու Աստուծոյ սիրոյ լիակատար նշանը, որ մեր կոչումն ու առաքելութիւնն է» յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով որ «Միասին աշխատելով ապրելու համար հիւրընկալութիւնը, յատկապէս անոնց նկատմամբ որոնց կեանքը դիւրաբեկութեան մէջ կը գտնուի, մեզ կը դարձնէ աւելի լաւ մարդ էակներ,  աւելի լաւ աշակերտներ ու աւելի միացած քրիստոնեայ ժողովուրդ։ Եւ այս մէկը մեզի աւելիով պիտի մօտեցնէ միութեան՝ որ Աստուծոյ կամքն է մեզի համար  ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2020, 09:57