1579077763735.jpg

«Սուրբ Պօղոսին բանտարկութիւնը եւ Աւետարանի պտղաբերութիւնը» 15 Յունուարի հրապարակային ունկնդրութիւն։

«Հոգին Սուրբ մեզ կարող դարձնէ, Պօղոսի նման, մեր տուները բեղմնաւորելու Աւետարանով ու զանոնք դարձնելու եղբայրութեան վերնատուներ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 15 Յունուար 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի տարբեր շրջաններէ ժամանած բազմահազար ուխտաւորներ եւ հաւատացեալներ։

Ունկնդրէ լուրը

Շարունակելով մեկնաբանել Գործ Առաքելոցի գիրքը Քահանայապետը յայտնեց թէ այսօր կ՛աւարտէ Գիրքի մասին խորհրդածութիւնները խօսելով Սուրբ Պօղոսի առաքելութեան վերջին փուլի մասին՝ Անոր Հռոմ ժամանումը (Գործք 28, 14)։

 «Սուրբ Պօղոսին ճամբորդութիւնը միահիւսուած էր Աւետարանի ուղեւորութեան, ու անիկա փաստ է որ հաւատքով ապրուած մարդոց ճանապարհները կարող են դառնալ Աստուծոյ փրկութեան անցքի վայրեր, Հաւատքի Խօսքի միջոցաւ որ պատմութեան մէջ գործունեայ մակարդ է ու կարող է փոխակերպել իրավիճակները ու բանալ մշտական նոր ուղիներ»։

Սուրբ Պօղոսին կայսրութեան սիրտ ժամանումով, կ՛աւարտի գործք առաքելոցի պատմուածքը,  բայց ոչ թէ Սուրբ Պօղոսի նահատակութեամբ, այլ Աստուծոյ Խօսքի առատ սերմով» ըսաւ ապա Քահանայապետը նշելով որ «Սուրբ Պօղոսը Հռոմի մէջ կը հանդիպի նախ իր Քրիստոսի մէջ եղբայրներուն հետ ու երբ Անոր թոյլտուութիւն կը տրուի «առանձին բնակիլ՝ զինք պահող զինուորի մը հետ», Պօղոս իր մօտ կը հրաւիրէ  Հրեաներուն գլխաւորները, ու անոնց կը բացատրէ թէ  ինչու դիմում ներկայացուց կայսրին, ապա կը խօսի Աստուծոյ թագաւորութեան մասին մեկնելով սուրբ գրութիւններէն ու ցոյց տալով Քրիստոսին բերած նորութիւններու ու «Իսրայէլի Յոյսին» միջեւ շարունակականութիւնը։

Պօղոս ինքզինք կը ճանչնայ որպէս  խորապէս հրեայ ու իր քարոզած աւետարանին մէջ կը տեսնէ ընտրեալ ժողովուրդին խոստումին իրականացումը։

Այդ  անպաշտօն հանդիպումին կը հետեւի պաշտօնական այլ հանդիպում մը, որուն ընթացքին Պօղոս առաքեալ՝  առտուընէ մինչեւ իրիկուն կը բացատրէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ու կը ջանայ իր զրուցակիցները համոզել ՝ փաստարկելով Յիսուսի մասին թէ՛ Մովսէսի Օրէնքէն, թէ՛ ալ Մարգարէներէն։

«Ոմանք անսացին ըսածներուն, ոմանք ալ չհաւատացին» ու Պօղոս այս տեսնելով  կը մեղադրէ Աստուծոյ ժողովուրդին սրտի կարծրութիւնը, որ պատճառն է նաեւ այդ ժողովուրդի դատապարտումին, մինչ կարեկցութեամբ կը խօսի այլ ազգերու փրկութեան մասին։

«Որովհետեւ այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ. իրենց ականջներով ծանր լսեցին եւ իրենց աչքերը գոցեցին, որպէսզի իրենց աչքերով չտեսնեն, ականջներով չլսեն, սիրտով չհասկնան եւ դարձի չգան, ու ես չբժշկեմ զանոնք»։

Ուրեմն գիտցէ՛ք թէ Աստուծոյ փրկութիւնը ղրկուեցաւ հեթանոսներուն, եւ անո՛նք մտիկ պիտի ընեն»: 

«Ղուկաս առ այդ գիրքը կ՛աւարտէ մեզի ցոյց տալով ոչ թէ Պօղոսին մահը՝ այլ Աստուծոյ Խօսքին ուժականութիւնը որ «շղթայազերծ» է ու պատրաստ սերմանուելու առաքեալի ձեռքերով» ըսաւ Սրբազան Պապը մէջբերելով գործք առաքելոցին խօսքը «Պօղոս տան մէջ կ՛ ընդունէր բոլոր անոնք որոնք կ՛ուզեն ընկալել Աստուծոյ Թագաւորութեան քարոզութիւնը ու ճանչնալ Քրիստոսը» եւ այս կ՛ընէր «ամբողջ համարձակութեամբ, առանց արգելքի»:

«Պօղոսին այդ տունը պատկերն է Եկեղեցւոյ որ նոյնիսկ եթէ հալածուած է, անհասկցուած ու կապանքի տակ, երբեք չի յոգնիր մայրական սրտով ընկալելու իւրաքանչիւր մարդ ու կին, անոնց հռչակելու համար Հօր Աստուծոյ սէրը, որ տեսանելի դարձաւ Յիսուսին միջոցաւ» ըսաւ ապա Քահանայապետը եւ խորհրդածութիւնը եզրափակեց նշելով որ  «աշխարհի մէջ Աւետարանի վազքին հետեւող մեր այս խորհրդածութիւններու շարքին աւարտին, Հոգին Սուրբ մեր մէջ վերազարթնեցնէ կոչումը՝ ըլլալու արի եւ ուրախ աւետարանիչներ։ Մեզ կարող դարձնէ, Պօղոսի նման, մեր տուները բեղմնաւորելու Աւետարանով ու զանոնք դարձնելու եղբայրութեան վերնատուներ ուր ընկալել կենդանի Քրիստոսը, որ «մեզի կու գայ բոլոր ժամանակներու իւրաքանչիւր մարդու միջոցաւ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2020, 09:40