Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Ֆրանչիսկոս Պապին 2020ի չորեքշաբթի օրուայ առաջին հրապարակային ունկնդրութիւնը։

«Ընկալենք մեր եղբայրները այն սիրով որ կու գայ Յիսուսին հետ հանդիպումէն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 8 Յունուար 2020ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց գործք առաքելոց գիրքին վրայ ու յատկապէս 27 եւ 28 գլուխներէն քաղուած հատուածին վրայ,  ուր կը խօսուի Սուրբ Պօղոսի նաւաբեկութեան փորձառութեան մասին։

Ունկնդրէ լուրը

«Գործք առաքելոցի վերջին մասը կը պատմէ թէ ինչպէս Աւետարանը կը շարունակէ իր վազքը, ոչ միայն հողի վրայ այլ նաեւ ծովու մէջ, նաւի մը վրայ զոր բանտարկեալ Սուրբ Պօղոսը Կեսարիայէն դէպի Հռոմ կը փոխադրէր, ուր պիտի իրականանար Յարուցեալի խոստումը «եւ իմ վկաները կ’լինիք մինչեւ երկրի ծայրերը (Գործք 1, 8)» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով որ «նաւարկութիւնը սկիզբէն ի վեր վտանգաւոր էր, ու փոթորկալից զօրաւոր հով մը՝ նաւը նաւաբեկութեան եզրին տարաւ»։

Գործք Առաքելոց գիրգին մէջ արդարեւ գրուած է. «Եւ որովհետեւ շատ ժամանակ էր անցել՝ եւ նաւով գնալու համար վտանգաւոր էր.... Պօղոսը խրատ էր տալիս, Նորանց ասելով. Ով մարդիկ, տեսնում եմ որ այս նաւարկութիւնը նեղութիւնով եւ շատ վնասով է լինելու, ոչ թէ միայն բեռնին եւ նաւին, այլ մեր անձերին էլ։ Բայց հարիւրապետը նաւապետին եւ նաւավարին աւելի էր ականջ դնում քան թէ Պօղոսի խօսքերին…  Եւ շատ ժամանակ չէր անցել՝ որ նորա վերայ մի մրրկալից հողմ ընկաւ, որ Եւրակիկլոն էր կոչւում…Եւ որովհետեւ շատ օր սոված էին, այն ժամանակ Պօղոսը նորանց մէջ կանգնած ասեց. Ով մարդիկ, պէտք էր ձեզ՝ ինձ լսէիք, եւ Կրետէիցը դուրս չ’գայիք՝ եւ այս նեղութիւնիցը եւ վնասիցը պրծնէիք։ Եւ հիմա էլ խրատում եմ ձեզ՝ որ սրտապինդ կենաք. Որ ձեզանից ոչ մէկի անձին էլ վնաս չի լինիլ, բացի այդ նաւիցը։ Որովհետեւ այս գիշեր երեւեցաւ ինձ այն Աստուծոյ հրեշտակը՝ որ ես նորանն եմ եւ որին էլ պաշտում եմ. Եւ ասեց. Մի վախենար, Պօղոս. Պէտք է քեզ՝ Կայսեր առաջին կանգնես. Եւ ահա Աստուած շնորհել է քեզ այդ բոլոր քեզ հետ նաւողները (Գործք Առաքելոց  27, 15.21-24)։

 «Նոյնիսկ դժուարութեան մէջ Պօղոս չի դադրիր ուրիշներու կեանքի պահապանը ու յոյս հրահրողը ըլլալ» ըսաւ Քահանայապետը, նկատել տալով որ Ղուկաս մեզի ցոյց կու տայ ծրագիրը զոր Պօղոսը կ՛առաջնորդէ դէպի Հռոմ ու կը փրկէ ոչ միայն առաքեալը այլ նաեւ անոր հետ ճամբորդողները։

Եւ երբոր ազատուեցանք, այն ժամանակ իմացանք՝ որ այն կղզու անունը Մելիտէ էր. բայց բարբարոսները ոչ սակաւ մարդասիրութիւն ցոյց տուին մեզ։ Վասն զի կրակ վառեցին եւ մեզ ամենիս ընդունեցին մեր վերայ եկած անձրեւի եւ սաստիկ ցրտի համար։ Եւ Պօղոսը՝ երբոր շատ խռիւ էր հաւաքել եւ կրակի վերայ էր դնում, տաքութիւնիցը մի իժ դուրս եկաւ եւ նորա ձեռքիցը բռնեց։ Եւ երբոր բարբարոսները տեսան գազանը նորա ձեռքիցը կախուած, իրար ասում էին, Այս մարդն անպատճառ մարդասպան է, որ ծովիցը ազատուելուց յետոյ արդար իրաւունքը չ’թողեց որ ապրի։ Եւ նա այն գազանը կրակին մէջ թափ տուաւ. Եւ իրան ոչինչ վնաս չ’եղաւ։ Իսկ նորանք սպասում էին, թէ կամ կ’ուռենայ, կամ յանկարծակի մեռած վայր կ’ընկնի. Եւ երբոր շատ սպասեցին, եւ տեսան որ վնաս չ’եղաւ նորան, իրանց խօսքը դարձրին, եւ ասում էին, թէ Սա մի աստուած է։ Եւ այնտեղի չորս կողմովը կային այն կղզու գլխաւորի գիւղերը, որի անունը Պոպլիոս էր. Որ մեզ երեք օր իրան մօտ առաւ եւ սիրով ընդունեց։

«Մալթայի մէջ կեցութիւնը Պօղոսի համար կը դառնայ առիթ քարոզութեան ու իրագործելու կարեկցութեան ու հիւանդներու բուժումի արարքներ» ըսաւ ապա Քահանայապետը հաստատելով որ այս մէկը Աւետարանի օրէնքն է. Երբ հաւատացեալ մը կը փորձարկէ փրկութիւնը զայն իրեն համար չի պահեր, այլ շրջագայութեան մէջ կը դնէ զայն»։

 Տառապանքէ անցած Քրիստոնեան կարող է աւելի մօտիկ ըլլալ տառապողին ու անոր սիրտը աւելի բաց ու զգայուն դարձնել ուրիշներու նկատմամբ զօրակցութեան։

Պօղոս կը սորվեցնէ դժուարութիւնները ապրիլ ողջագուրելով Քրիստոսը հասունցնելու համար այն համոզումը թէ Աստուած կարող է գործել որեւէ կացութեան մէջ, նոյնիսկ եթէ ան  ձախողութիւն կը թուի։

«Խնդրենք Տիրոջմէ որ մեզ օգնէ որպէսզի ամէն մէկ դժուարութիւնը ապրինք  տոգորուած հաւատքի ուժականութեամբ ու դառնանք զգայուն պատմութեան այն բազմաթիւ նաւաբեկներուն նկատմամբ որոնք յուսահատ կը հասնին մեր ափերը ու կարողանանք զանոնք ընկալել եղբայրական այն սիրով որ կու գայ Յիսուսին հետ հանդիպումէն» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հաստատելով որ «Այս է որ մեզ կ՛ազատէ անտարբերութեան ու անմարդկութեան սառոյցէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2020, 10:00