Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Յետ Մարեմեան Աղօթքին Քահանայապետին արտասանած ողջոյնի խօսքը։

Սրբազան Պապը յիշեց «Աուշվից - Պիրքընաու» համակեդրոնացման ճամբարի ազատագրումի 75 ամեակը, ակնարկեց «Բորոտութեան Համաշխարհային օրուան» եւ գնահատեց «խաղաղութեան կարաւան» ձեռնարկը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 26 Յունուար 2020-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն  արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն յիշեց թէ »այսօր կը յիշատակուի «Աստուածային Խօսքի կիրակին», որ հաստատուած է տօնախմբելու ու միշտ աւելի լաւ կերպով ընկալելու պարգեւը զոր Աստուած շնորհեց ու ամէն օր կը շնորհէ իր Ժողովուրդին՝ Աստուածային Խօսքը», ըսաւ Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր եկեղեցական թեմերուն ու հասարակութիւններուն որոնք ձեռնարկներու  միջոցաւ  ի յայտ դրին Սուրբ Գիրքին կեդրոնականութիւնը եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։

Ունկնդրէ լուրը

«Այլեւս ոչ երբեք»

Սրբազան Պապը յիշեց ապա որ վաղը 27 Յունուարին կը յիշատակուի՝ հրեաներու ողջակիզումի խորհրդանիշ «Աուշվից - Պիրքընաու» համակեդրոնացման ճամբարի ազատագրումի 75 ամեակը։

«Սոյն ահռելի ողբերգութեան դիմաց ընդունելի չէ անտարբերութիւնը, ու պարտադրանք է յիշողութիւնը։ Վաղը բոլորս ալ հրաւիրուած ենք պահ մը ամփոփուելու աղօթքի մէջ, իւրաքանչիւրս իր սրտին մէջ կրկնելով՝ այլեւս ոչ երբեք», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

 Բորոտութեան Համաշխարհային օր

Քահանայապետը յիշեց նաեւ թէ այսօր կը յիշատակուի «Բորոտութեան Համաշխարհային օրը», մօտիկութիւնը յայտներով այդ հիւանդութենէն տառապող անձերուն ու անոնց հոգ տանողներուն։

«Կ՛ուզեմ նաեւ յիշել եւ մօտիկութիւն արտայայտել Չինաստանի մէջ տարածուած համաճարակէն հիւանդ անձերուն»  աւելցուց Սրբազան Պապը, Տիրոջմէ հայցելով որ իր «խաղաղութեան մէջ ընկալէ զոհերը, մխիթարէ ընտանիքները ու թիկունք կանգնի չինացի հասարակութեան ի գործ դրած մեծ յանձնառումին, պայքարելու համար այդ համաճարակին դէմ»։

Խաղաղութեան կարաւանը

Ողջունելէ ետք զանազան վայրերէն Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանած ուխտաւորները Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց UNITALSI-ի կամաւորներուն որոնք կը զբաղին անկարներու հոգատարութեամբ եւ «այսօր հրապարակի վրայ պիտի բաժնեն Աստուածային խօսքը պարունակող գրքոյկը»,  ըսաւ Ան ապա յատուկէն ողջունեց    «Ացիոնէ Քաթթոլիքայի» պատանիները որոնք իրենց ծնողներուն, դաստիարակներուն ու ժողովրդապետներուն հետ միասին «խաղաղութեան կարաւան» ձեռնարկի առթիւ ժամանած են հրապարակ։

Շնորհակալ եմ սոյն ձեռնարկին համար ըսաւ Սրբազան Պապը ու իր մօտ կանգնող երկու պատանիները հրաւիրեց կարդալու խաղաղութեան պատգամը, որուն աւարտին արձակուեցան խաղաղութիւնը խորհրդանշող գոյնզգոյն փուչիկներ։

Խաղաղութեան Կարաւանը
Խաղաղութեան Կարաւանը

Բոլորիդ կը մաղթեմ բարի կիրակի ու բարեհաճեցէք չի մոռնալ աղօթելու ինծի համար ըսաւ Սրբազան Պապը հրաժեշտ առնելով բոլոր ներկաներէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2020, 12:15