Որոնել

Սուրբ Պօղոսի նաւաբեկութիւնը Մալթա Սուրբ Պօղոսի նաւաբեկութիւնը Մալթա 

«Հիւրընկալութիւնը ունկնդրութիւն կը պահանջէ» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը

«Համամիութենական հիւրընկալութիւնը կը պահանջէ տրամադրութիւն անսալու այլ քրիստոնեաներուն, ուշադրութիւն դարձնելով անոնց անձնական հաւատքի պատմութեան ու անոնց հասարակութեան պատմութեան»։
Ունկնդրէ լուրը

«Համամիութենական հիւրընկալութիւնը կը պահանջէ տրամադրութիւն՝ անսալու այլ քրիստոնեաներուն, ուշադրութիւն դարձնելով անոնց անձնական հաւատքի պատմութեան ու անոնց հասարակութեան պատմութեան»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 23 Յունուարին հրապարակած թուիթին պարունակութիւնը, որ քաղուած էր Նորին Սրբութեան 22 Յունուարի  չորեքշաթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնէն, որ Սրբազան Քահանայապետը յատկացուցած էր Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի շաբթուան ու այդ շաբթուայ համար այս տարուայ ընտրուած նիւթին. «արտակարգ մարդասիրութիւն ցոյց տուին մեզի»։ Նիւթը ներշնչուած է Սուրբ Պօղոսի ու անոր հետ ճամբորդողներու նաւաբեկութենէն ետք Մալթա կղզի ժամանելուն ու անոնց վերապահուած յատուկ հիւրընկալութեան դրուագէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2020, 13:30