Աղէտի վայրէն առնուած լուսանկար Աղէտի վայրէն առնուած լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնը՝ Թեհրանի մօտ Ուքրանական օդանաւին մը ջախջախումի ի լուր:

Օդանաւի ջախջախումի հետեւանքով մահացած են 180 անձեր:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 8 յունուարին, Ուքրանական օդանաւի մը ջախջախումի ի լուր, Վատիկանի Պետական քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ցաւակցագիր մը յղեց՝ Ֆրանչիսկոս Պապին անունով:

Ունկնդրէ լուրը

Յայտնենք, թէ Ուքրանական «Պոյինկ 737» օդանաւ մը Իրանի «Իմամ Խումէայնի» օդակայանէն թռիչք առնելէ ետք ջախջախուած է: Անոր մէջ գտնուող 180 անձեր մահացած են:

«Մեծ տխրութեամբ իմանալով Ուքրանական օդանաւի ջախջախումի լուրը, զոր պատահեցաւ Թեհրանի մօտակայքը, Ֆրանչիսկոս Պապ  Ամենակալին ողորմած սիրոյն կը յանձնէ զոհերուն հոգիները եւ  իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ զոհերու հարազատներուն եւ բարեկամներուն: Սրբազան Պապը աղէտի թիրախ անձերուն համար, Աստուծոյ՝ խաղաղութեան եւ զօրութեան աստուածային օրհնութիւնները կը հայցէ»:  Գրած է ցաւակցագիրին մէջ Կարդինալ Փարոլին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2020, 12:16