Տնտեսական համաշխարհային վեհաժողով Տնտեսական համաշխարհային վեհաժողով 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը տնտեսական համաշխարհային վեհաժողովի մասնակիցներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծած է, որ երբեք պէտք չէ մոռնալ այն իրողութիւնը, թէ բոլորս անդամ ենք միակ մէկ մարդկային ընտանիքին եւ մէկը միւսին խնամք տանելու բարոյական պարտականութիւնը կը բխի այդ իրողութենէն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

21էն-24 յունուարին, Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ տեղի կ՝ունենայ համաշխարհային տնտեսական տարեկան վեհաժողովը:

Այս առթիւ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ պատգամ մը ուղղած է  համաշխարհային տնտեսական վեհաժողովի գործադիր տնօրէն, Փրոֆ Քլաուս Շվապին:

Ունկնդրէ լուրը

Վեհաժողովին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին իբրեւ ներկայացուցիչ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովի կառավարիչ, Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոնը:

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը փոխանցելով իր ողջոյններն ու բարեմաղթանքները վեհաժողովի մասնակիցներուն, նկատել տուած է  որ համաշխարհային տնտեսական վեհաժողովը, տարիներէ ի վեր հնարաւորութիւններ ընծայած է աւելի լաւ աշխարհ կառուցելու աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ապահովուած է ոլորտ մը, ուր կարելի է ամրապնդել քաղաքական կամքն ու փոխադարձ համագործակցութիւնը՝ անհատականութեան, գաղափարական գաղութացման յաղթահարման ի խնդիր:

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով վերջին տասնեակ տարիներուն, աշխարհաքաղաքական, տնտեսական  եւ աշխատանքային ոլորտներէն ներս կայացած փոփոխութիւններուն նշած է, որ այդ փոփոխութիւններուն մաս մը մեծապէս նպաստած է մարդկութեան, մինչ այլ մաս մը  բացասական ազդեցութիւններ պատճառած  է՝ բացթողումները ձգելով մարդկային համապարփակ զարգացումի ծիրէն ներս:

Ֆրանչիսկոս Պապ  ընդգծած է,  որ երբեք պէտք չէ մոռնալ այն իրողութիւնը, թէ  բոլորս անդամ ենք միակ մէկ մարդկային ընտանիքին եւ մէկը միւսին խնամք տանելու բարոյական պարտականութիւնը կը բխի այդ իրողութենէն:

Ան շեշտած է նաեւ, որ մարդկային համապարփակ զարգացում մը կրնայ արդիւնաբեր դառնալ, երբ հասարակաց բարիքի որոնումի ծիրէն ներս ներգրաւուած  են մարդկային ընտանիքին բոլոր անդամները:

Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնած է,  որ վեհաժողովի մասնակիցները նկատի առնեն բարոյական այն մեծ պատասխանատուութիւնը, որ է որոնել մեր բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համապարփակ զարգացումը՝ ներառեալ ապագայ սերունդներուն:  

Ան մաղթած է , որ վեհաժողովի բոլոր քննարկումները արդիւնաբեր ըլլան յատուկէն կարիքաւորներուն, որոնք կը փորձարկեն ընկերային տնտեսական անարդարութիւնը եւ որոնց գոյութիւնը նոյնիսկ վտանգուած է : Գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ: Ան պատգամը աւարտած է մաղթելով բոլորին արդիւնաբեր հանդիպում մը , բոլորին վրայ հայցելով Աստուածային իմաստութեան օրհնութիւնները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2020, 11:18