Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հայր Էմիլիուս Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հայր Էմիլիուս 

Ֆրանչիսկոս Պապ իրեն յատուկ նոր քարտուղար նշանակեց Ուրուկուացի Հայր Կոնզալօ Էմիլիուսը:

Ֆրանչիսկոս Պապ Հայր Էմիլիուսը կը ճանչնար 2006 թուականէն՝ երբ Պուէնոս Այրէսի արքեպիսկպոս էր:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին յատուկ նոր քարտուղար, Հայր Էմիլիուս փոխարինեց նորին Սրբութեան երբեմնի յատուկ քարտուղար  Արժենթինիցի Հայր Փետաքիոյին, որ 2013- 2019 տարիներուն  Քահանայապետին կողքին աշխատած է եւ անցեալ դեկտեմբերին,  ստանձնեց Եպիսկոպոսներուն համաժողովէն  ներս իր նոր պաշտօնը:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ Հայր Էմիլուսը կը ճանչնար 2006 թուականն՝ երբ Պուէնոս Այրէսի արքեպիսկոպոս էր:

Հայր Էմիլիուս ծնած է 18 սեպտեմբեր 1979-ին՝ անհաւատ ընտանիքի յարկին տակ: Անոր մեծ մայրը ծագումով հրէա  ըլլալով,  դարձի եկած է  երբ տակաւին աշակերտ էր,  հրահրուած  կարգ մը քահանաներուն ներքին ուրախութենէն որոնք կը հոգ կը տանէին  ճամբաներ թափառող   անտէր երիտասարդներուն::

Նշենք որ Պապին յատուկ նոր քարտուղարը, հանրութեան  ծանօթ դիմագիծ դարձած է,  երբ 17 մարտ 2013-ին նորընտիր քահանայապետ ,Ֆրանչիսկոս Պապ խումբ մը հաւատացեալները  ողջունելու ժամանակ,  ամբոխին մէջ տեսնելով հայր Էմիլուսը,  զինք կը հրաւիրէ ներկայ գտնուելու քահանայապետ ընտրուելէ ետք իր առաջին սուրբ Պատարագին, որուն աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ, Հայր Էմիլուսը  հաւատացեալներուն ներկայացնելով խնդրեց որ աղօթեն անոր երիտասարդներու ի սպաս տածած անխոնջ աշխատանքներու համար

Հայր Էմիլուսը որպէս Պապին յատուկ քարտուղար պիտի աշխատի Նորին Սրբութեան յատուկ քարտուղար, Հայր Եուաննիս Լահցի Կայտին կողքին: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2020, 10:31