Սուրբ Պետրոսի մէջ Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոսի մէջ Սուրբ Պատարագ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Մոգերուն նման մենք եւս գիտնանք երկրպագութիւն ընել:

Ֆրանչիսկոս Պապին Աստուծայտնութեան եւ Յիսուսի Սուրբ Մկրտութեան տօնին առթիւ արտասանած քարոզը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ եւ հարցուցին. Ո՞ւր է Հրեաներու Թագաւորը որ ծնաւ, Մենք անոր աստղը տեսանք արեւելք եւ եկած ենք իրեն երկրպագութիւն ընելու: (Մատթ 2, 2):

Ունկնդրէ լուրը

«Երկրպագութիւն ընելը, մոգերուն ուղեւորութեան նպատակն էր» ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապ, երկուշաբթի, 6 յունուարին , Աստուածայտնութեան եւ Յիսուսի Սուրբ Մկրտութեան տօնին առթիւ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին սկիզբը՝ Սուրբ Պետրոսին տաճարէն ներս, աւեցնելով« երբ՝ Աստուած պաշտելու եւ փառաբանելու իմաստը կորսնցնենք, մեր քրիստոնէական կեանքի ուղեւորութեան իմաստն է, որ  կորսնցուցած կ՝ըլլանք  եւ կ՝ընթանանք ոչ թէ դէպի Տիրոջ առաջնորդող ուղղութեամբ՝ այլ դէպի մեր անձին տանող ուղիին վրայէն: Սա է վտանգը, զոր աւետարանիչը կը զգուշացնէ, ներկայացնելով մոգերու մօտ կանգնող անձերը, որոնք անկարող էին երկրպագութիւն ընելու:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  նկատել տուաւ, որ Հերովդէս ինք է, որ կը գործածէ երկրպագութիւն բառը,  սակայն խաբուսիկ ձեւով:

Հերովդէս մոգերէն խնդրեց, որ ցոյց տան իրեն Մանուկ Յիսուսին ծննդավայրը՝ երկրպագութիւն ընելու համար: Իրականութեան մէջ Հերովդէս իր անձն է որ կը պաշտէր,  հետեւաբար խաբկանքով  ուեզեզ ձերբազատուիլ մանուկներէն:

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց, որ պէտք է դաս քաղել Հերովդէսի դրուագէն: Մարդ արարածը երբ՝ Աստուած չպաշտեր, իր անձը, իր ես-ն է որ կը պաշտէ: Նաեւ քրիստոնէական կեանքին մէջ, առանց Տէրը պաշտելու, քաղաքավար կերպով կ՝առաջնորդուինք ինքնահաճութեան: որ լուրջ վտանգ մըն է :

Նորին Սրբութիւնը քարոզին մէջ նկատել կու տայ, թէ  Հերովդէս թագաւորէն զատ,  Աւետարանին մէջ կան այլ անձնաւորութիւններ որոնք անկարող էին Աստուած պաշտելու. քահանաներն ու ժողովուրդին դպիրները, որոնք քաջ ճանչնալով մարգարէներուն գիրքը, ցոյց կու տան  Յիսուս մանուկին ծննդավայրը: Քահանաներնու դպիրներ քաջ գիտեն  դէպի ուր երթալ սակայն չեն երթար:

Քրիստոնէական կեանքին մէջ նաեւ բաւարար չէ գիտնալ եւ ճանչնալ: Կարելի չէ Աստուած ճանչնալ առանց մեր անձէն դուրս գալու, առանց հանդիպելու, առանց երկրպագութիւն ընելու: Աստուածաբանութիւնն ու հովուական ծառայութեան արդիւնաւէտութիւնը  ապարդիւն են,  առանց  երկրպագութիւն ընելու: Երկրպագութիւն ընելով կը բացայայտենք, թէ քրիստոնէական կեանքը Աստուծոյ հետ սիրոյ պատմութիւն է :  Պատմութիւն մը որուն մէջ Աստուած կեդրոն է:

Այսպէս նաեւ պէտք է որ եկեղեցին դառնայ Յիսուսի՝ Փեսային սիրահար երկրպագութիւն ընողը:

Երկրպագութիւնը ընել ու պաշտել հաւատքի կարիքն է: Պաշտել կը նշանակէ մեր ամենամեծ ստրկութենէ դուր գալ՝ որ է մեր անձը:  Երկրպագութիւն ընել կը նշանակէ Յիսուսը կեդրոն զետեղե,լ որպէսզի չկեդրոնանանք մեր անձին վրայ:

Երբ երկրպագութիւն կ՝ընենք, Յիսուսին թոյլ կու տանք, որ մեզ փոխէ ու բուժէ: Երկրպագութեամբ,  Յիսուսի թոյլ կը տանք, որ մեզ Իր սիրով կերպարանափոխէ եւ լուսաւորէ մեր խաւար օրերը ու  ուժ  ներշնչէ մեր տկար պահերուն:

Երկրպագութիւն ընել, սիրոյ ժէսթ է, որ կեանքը կը փոխէ:Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ: Ան ապա եզրափակեց քարոզը հրաւիրելով, որ մենք մեզի հարց տանք, եթէ երկրպագութիւն ընող քրիստոնեաներ ենք, դիտել տալով որ բազմաթիւ քրիստոնեաներ գիտեն աղօթել սակայն՝ չեն գիտեր երկրագրութիւն ընել:

Երկրպագութիւն ընելով մենք եւս պիտի բացայայտենք մոգերուն նման մեր ուղեւորութեան իմաստը: Եւ նման մոգերուն  պիտի գտնենք մեծ ուրախութիւն (Մատթ 2 , 10), ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով Յիսուսի Սուրբ Մկրտութեան տօնին  արտասանած քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/01/2020, 10:43