Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը 1 յունուարին, Աստուածամօր տօնին առթիւ։

Այսօր՝ տարուան առաջին օրը կը նշենք մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ ամուսնութիւնը, զոր տեղի ունեցաւ կնոջ մը արգանդին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 1 3ունուար 2020 թուականին, առաւօտեան,  Աստուածամօր տօնին առթիւ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոսին տաճարին մէջ նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութեան։ Այս առթիւ արտասանած քարոզը Սրբազան Հայրը ամբողջութեամբ նուիրեց Տիրամօր, որ «իր արգանդին մէջ Աստուածն ու մարդը իրարու միացուց։» ըսաւ  ֆրանչիսկոս Պապ քարոզին մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

«Աստուած իր Որդին ղրկեց, որ  ծնաւ կինէ մը։  Կնոջ մը արգանդին մէջ Աստուած եւ մարդկութիւնը իրարու միացան, որպէսզի միշտ սերտ կապուած մնան. հիմա նաեւ երկինքին մէջ Յիսուս՝ մօր արգանդէն առած մարմնին մէջ կ՝ապրի։  Հետեւաբար Աստուծոյ մէջ կայ մեր մարդկային մարմինը։  

Այսօր՝ տարուան առաջին օրը կը նշենք մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ ամուսնութիւնը,  զոր տեղի ունեցաւ կնոջ մը արգանդին մէջ։  Աստուծոյ մէջ միշտ պիտի մնայ մեր մարդկութիւնը եւ միշտ Մարիամը Աստուծոյ մայրը պիտի հանդիսանայ։

Մարիամէն յառաջացաւ փրկութիւնը, հետեւաբար չկայ փրկութիւն առանց կնոջ  մը։ Կնոջ մէջ է , որ Աստուած միացաւ մեզի։ Հետեւաբար եթէ կ՝ուզենք Աստուծոյ մօտենալ, պիտի անցնինք միեւնոյն ուղիէն, Մարիամէն, կինէն, եւ Մայրէն։
Եկէք տարին սկսինք Տիրամօր Մարիամի ի նշան,  զոր հիւսեց Աստուծոյ մարդկութիւնը։ Մարդկութեան վերածնունդը սկիզբ առաւ կինէ մը։ Կիները կեանքին ակնաղբիւր են։ Որեւէ բռնութիւն կնոջ  դէմ գործադրուած  Աստուծոյ դէմ անարգանք է։ Կնոջ մարմինէն յառաջ եկաւ մարդկութեան փրկութիւնը։

Քանի անգամ կնոջ մը մարմինը զոհաբերուած է աշխարհի գովազդներու խորաններու վրայ, ինչպէս նաեւ շահի, շահագործումի։ Կինը պէտք է ազատուի շուկայի,  սպառումի կապանքէն, ան պէտք է յարգանքի ու պատիւի արժանանայ։
Կինը նման Տիրամօր  իր սրտին մէջ կը կրէ, կը պահպանէ կեանքը։ Կինը ցոյց կու տայ, որ ապրելու իմաստը չկայանար արտադրելու մէջ այլեւ  կը կայանայ կեանքի իրողութիւնները սիրտին մէջ կրելու մէջ։  Լոկ ան,  որ սիրտով կը կը նայի լաւ կը տեսնէ, որովհետեւ գիտէ ներսդին նայիլ։  Գիտէ սեւեռել անձին մը սխալներէն անդին, եղբօր մը  դիւրաբեկութենէն անդին։
Մինչ՝ նոր տարին կը սկսինք մենք մեզի հարց տանք ,արդեօ՞ք գիտեմ սիրտով նայիլ ։ Արդեօք Տէրը իմ սիրտիս կեդրոնն  է։ Լոկ՝ կեանքը կրելով մեր սիրտին մէջ  պիտի կարենանք մէկը միւսին խնամել եւ  յաղթահարել մեզ ներգրաւող անտարբերութիւնը։  


Իսկ՝ եթէ կ՝ուզենք խաղաղ  աշխարհ մը, խաղաղ տուն  մը եւ ոչ թէ պատերազմով խոցուած տուն մը,  թող  իւրաքանչիւր կնոջ արժանապատուութիւնը մեր սիրտերուն մէջ պահպանուի։ 

Եկեղեցին մօտենալով Տիրամօր կը վերագտնէ իր կեդրոնն ու միութիւնը։  Մինչ Մարդկութեան բնութեան թշնամին՝ սատանան,  կը փնտռէ բաժանում ստեղծել եկեղեցւոյ մէջ, անտարբերութիւն, գաղափարապաշտութիւն հրահրելով։

Չէ կարելի հասկնալ եկեղեցին, լոկ՝ սեւեռումի տակ առնելով անոր կառոյցները, յայտագիրները, միտումները։  Այո  կրնանք բան մը հասկնալ սակայն ոչ անոր սիրտը։  Որովհետեւ եկեղեցին ունի մօր մը սիրտը։

Այսօր մենք՝ եկեղեցւոյ զաւակները,  Աստուածամայրէն կը հայցենք, որ մեզ միացնէ իբրեւ հաւատացեալ ժողովուրդ։  
Ով Մայր մեզի յոյս ներշնչէ  եւ մեզ առաջնորդէ դէպի միութիւն։ Ով Փրկութեան Կին, քեզի կը յանձնենք այս նոր տարին, զայն քու սիրտիդ մէջ պահպանէ։» Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր քարոզը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2020, 12:37