Ընկերային Հաղորդամիջոցներու 54րդ օր Ընկերային Հաղորդամիջոցներու 54րդ օր 

«Ոչ կործանիչ եւ կեղծ պատմութիւններուն, պատմել բարին որ կը միացնէ» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ընկերային Հաղորդամիջոցներու 54րդ Պատգամին մէջ, որուն այս տարուայ նիւթն է «Որպէսզի դուն կարողանաս պատմել ու մտքիդ մէջ դրոշմել» (Ելից 10, 2). կեանքը պատմութիւն կը դառնայ», Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտը կը դնէ պատմուածքի արժէքին վրայ։ Քահանայապետը յորդոր կ՛ուղղէ, նաեւ կաթողիկէ աշխարհին, յաղթահարելու կործանիչ պատմագրութեան փորձութիւնը ։

Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի - Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պատմութիւնները «մեզ կարող են օգնել հասկնալու ու ըսելու թէ ով ենք», որովհետեւ մարդը «պատմող էակ է», որ կարիքը ունի «պատմութիւններով զգեստաւորուիլ՝ պահպանելու համար սեփական կեանքը»։ Ֆրանչիկսոս Պապ այս մէկը կ՛ընդգծէ լրագրողներու պաշտպան սուրբ՝ Սուրբ  Ֆրանչեսքօ Տէ Սալէսի տօնին օրը, ուրբաթ 24 Յունուարին հրապարակած իր պատգամին մէջ որ նուիրուած է 2020 ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրուան։

Պատգամ մը որ կ՛ընդգրկէ լրագրութեան մասնագիտութեան աւելի լայն հորիզոն մը, այնպէս ինչպէս Քահանայապետը սովոր է ընել, իր՝ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու օրուան առթիւ հրապարակած պատգամներուն մէջ, սկսեալ 2014 թուականէն, երբ ան  իտէալական կապ մը հաստատեց ընդմէջ Աւետարանական Բարի Սամարացիի պատկերին ու «լաւ հաղորդակիցներու» այսօր կատարած առաքելութեան։

Ունկնդրէ լուրը

«Այս տարի կ՛ուզեմ ընկրեային հաղորդակցութեան միջոցներու Պատգամը նուիրել պատմութեան նիւթին։ Չի կորսուելու համար կարիքն ունինք շնչելու կառուցող բարի պատմութիւններու ճշմարտութիւնը, որոնք մեզ կ՛օգնեն վերագտնելու արմատներն ու ուժը՝ յառաջ ընթանալու համար» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ բացատրելով ընտրուած նիւթին պատճառները։

Ժամանակահատուածի մը ընթացքին որ յատկանշուած է բաժնող Խօսքի ու անոր ենթակայական գործածութեամբ, «հիւանդութիւն մը» որմէ զերծ չէ ոչ իսկ կաթողիկէ աշխարհը, Քահանայապետը կը յիշեցնէ թէ «հաղորդակցութիւնը վաւերական է երբ կը կառուցէ եւ ոչ թէ երբ կը կործանէ»։ Երբ «հեզ» է «ճշմարտութիւնը փնտռելու մէջ»։

Եւ ի տես «կեղծ եւ չար» պատմութիւններու տարածումին, մինչեւ «deepfake» ի աստիճան, Քահանայապետը կը խրախուսէ այնպէս ընել որ պատմագրութիւնը խօսի «մեր ու մեր մէջ գտնուող գեղեցիկի մասին» սատարելով «վերագտնելու արմատներն ու ուժը միասին յառաջ ընթանալու համար»։ Կարիքը ունինք այս մէկին ու Քահանայապետը կ՛առաջարկէ «շնչել բարի պատմութիւններու ճշմարտութիւնը»։

Սուրբ Գիրքը Պատմութիւններու պատմութիւն։

Պատգամին մէջ կ՛ակնարկուի «storytelling» ին, այն համոզիչ հաղորդակցութեան ռազմավարութիւնը որ միշտ աւելիով արդիական դարձած է  գովազդային ու քաղաքական աշխարհին մէջ, թէեւ Ֆրանչիսկոս Պապին մտածած պատմութիւնը չի հետեւիր աշխարհիկ տրամաբանութեան։ Ան ունի աւելի խոր արժէք մը, որ «կը յիշէ այն ինչ որ ենք Աստուծոյ աչքերուն առջեւ», ինչպէս կը յայտնէ նաեւ պատգամին համար ընտրուած  նիւթը. «Որպէսզի դուն կարողանաս պատմել ու մտքիդ մէջ դրոշմել» (Ելից 10, 2), կեանքը պատմութիւն կը դառնայ»։

Սուրբ Գիրքը, Պատմութիւններու պատմութիւն է» կը նշէ Քահանայապետը ու կը հաստատէ թէ Աստուածաշունչը մեզի ցոյց կու տայ «Աստուած մը՝ որ միեւնոյն ատեն արարիչ ու պատմիչ է»։  Եւ Ան՝ պատմելու ընդմէջէն՝ կեանքի կը կոչէ իրերը ու գագաթնակէտին հասած կը ստեղծէ այրն ու կինը, որպէս ազատ խօսակիցներ»։

Իր այս պատգամով, ի տես նաեւ մօտ օրէն յիշատակուող «Աստուածային Խօսքի կիրակիին» զոր Քահանայապետը հաստատած էր «Aperuit Illis» առաքելական նամակով, Ան  մեզ կը հրաւիրէ մօտենալու Սուրբ Գիրքին ու զայն իւրացնելու, յիշեցնելով որ «Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ ու մարդկութեան միջեւ սիրոյ մեծ պատմութիւն է»։ Եւ Աստուծոյ ճանաչումը կը փոխանցուի յատկապէս՝ սերունդէ սերունդէ պատմելով թէ ինչպէս ան կը շարունակէ ներկայ գտնուիլ մեր մէջ»։

Կեղծ ու չար պատմութիւններու  փորձութիւնը։

Պատգամին կարեւոր մաս մը յատկացուած է «կործանիչ պատմութիւններուն», եւ ինչպէս  «կեղծ լուրերու» նուիրուած 2018-ի պատգամին մէջ, Քահանայապետը կը զգուշացնէ օձէն՝ Ադամին ու Եւային լաարած թակարդներէն , որ «պատմութեան պատմուածքին մէջ  դժուար լուծուող հանգոյց մը ներմուծեց»։

Այս ուղղութեամբ քահանայապետը կը դատապարտէ այն պատմութիւնները որոնք «մեզ կը թմրեցնեն, մեզ համոզելով որ երջանիկ ըլլալու համար, անընդհատ կարիքը ունինք, ունենալու, տիրապետելու եւ սպառելու», ապա կը հրաւիրէ հեռու մնալ չարախօսութիւններէն ու նաեւ բռնութիւններէն ու կեղծիքներէն, որոնք յաճախ կը գործադրենք եւ որոնց պատճառաւ կը տարածուին «կործանիչ եւ սադրիչ պատմութիւններ», որոնք «կը մաշեցնեն եւ կը փճացնեն համակեցութեան փխրուն թելերը»։

Մարդկային արժանապատուութիւնը սպառնալիքի տակ է ի տես յաճախ տարածուած «ոչ ստուգուած տեղեկութիւններուն»  եւ «անիմաստ ու կեղծ  համոզիչ խօսակցութիւններու» կրկնութեան։ Ասոր համար «հարկաւոր է քաջութեամբ գործել ու հակազդել՝ ետ մղելու այդ սպառնալիքները» կը գրէ Սրբազան Պապը մաղթելով որ  «բազմաթիւ վէրքերէ տառապող աշխարհի մը մէջ իր տեղը գտնէ «ճշմարտութեան լոյսը» ։

Ոչ մէկ մարդկային պատմութիւն անիմաստ է Աստուծոյ աչքերուն առջեւ։

Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ Յիսուսի պատմութեան վրայ որ ցոյց կու տայ թէ ինչպէս Աստուած իր սրտին մէջ կը կրէ մարդը՝ ու թէ «իրեն համար չկան անիմաստ կամ փոքրիկ մարդկային պատմութիւններ»։

Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ իւրաքանչիւր պատմութիւն, նոյնիսկ ամենէն  մոռցուածը, կարող է վերածնիլ որպէս գլուխ գործոց, դառնակով Աւետարանի յաւելուած։

Նորին Սրբութիւնը առ այդ կը մատնանշէ Աստուծոյ ու մարդու ազատութեան միջեւ հանդիպումի պատմութիւններուն ու կը հրաւիրէ կարդալ սուրբերու պատմութիւնը ու բաժնեկցիլ Աւետարանական բոյրով պատմութիւնները։

«Մեր կեանքի պատմութիւնը Աստուծոյ պատմելը երբեք ապարդիւն չէ» կը շեշտէ Սրբազան Պապը որովհետեւ «ոչ մէկը պարզ անցորդ մըն է աշխարհի  բեմին վրայ եւ իւրաքանչիւրի պատմութիւնը բաց է հնարաւոր փոփոխութեան համար»։

Ասոր համար Քահանայապետը կը նշէ որ նոյնիսկ եթէ չարը պատմենք կարող ենք ճանչնալ բարին ու անոր տարածք բանալ։

Այսուհետեւ Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամը կ՛աւարտէ աղօթքով մը ուղղուած Սուրբ Կոյսին, որպէսզի  ունկնդրէ մեր պատմութիւնները ու պահպանէ զանոնք։

Ան  Աստուածամօրմէ կը խնդէ «լուծել՝ հանգոյցներու կոյտը որով խճճուած է մեր կեանքը ու մեզ օգնէ կառուցելու՝ խաղաղութեան եւ ապագայի պատմութիւններ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2020, 11:11