Ֆրանչիսկոս Պապին նոր գիրքը Ֆրանչիսկոս Պապին նոր գիրքը 

Ֆրանչիսկոս Պապին նոր գիրքը. «Յովհաննէս աւետարանիչը, որ Յիսուսը տեսաւ եւ հաւատաց:»

Վատիկանեան եւ Պօղոսեան տպագրատուներէն լոյս տեսած Նորին Սրբութեան նշեալ գիրքը պատրաստած է Ճանֆրանքօ Վենթուրի

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լոյս տեսաւ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին, Չորրորդ աւետարանիչի՝ Սուրբ Յովհաննէս առաքեալի մասին խորհրդածութիւններ պարունակող , «Յովհաննէս աւետարանիչ, որ Յիսուսը տեսաւ եւ հաւատաց» խորագիրով գիրքը:

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանեան եւ Պօղոսեան տպագրատուներէն լոյս տեսած Նորին Սրբութեան  նշեալ գիրքը պատրաստած է Ճանֆրանքօ Վենթուրի: Ան Գիրքի ներածականի մէջ գրած է թէ  գիրքին նպատակն է օգնել,  բոլոր անոնց, որոնք կը կարդան  Յովհաննէսի  աւետարանը ՝ աւետարանիչը զոր Յիսուսի հրաւէրը ընդունեց « եկէք եւ տեսէք»,  

Ներածականին մէջ հրատարակիչը  գրած է թէ Գիրքին էջերը վկայութիւնն են, թէ ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապ ինքզինք  դրած  է առաքեալին դպրոցին տրամադրութեան տակ: Գիրքի էջերը պարզապէս անցեալի էջերուն մէջ մխրճում չէ, ոչ ալ պատմական ոգեկոչում, այլ ներգրաւում է  ինքզինք տեսնելու եւ մաս զգալու, առաքեալի կողմէ վկայուած ՝ խօսքի եւ իրողութիւններու կատարումի մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2020, 11:57