Ֆրանչիսկոս Պապին յունուար ամսուան առաքելական աղօթքի դիտաւորութիւնը:

Ֆրանչիսկոս կը խնդրէ, որ յունուար ամսուան ընթացքին աղօթենք աշխարհի խաղաղութեան համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 2 յունուարին, «Պապի Աղօթքը. համաշխարհային ցանց»-ը լոյս ընծայեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին յունուար ամսուան առաքելական աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը:

Ունկնդրէ լուրը

Այս մասին «Պապին աղօթքը համաշխարհային ցանց»ի կողմէ  հրապարակուած  հաղորդագրութեան մէջ նշուած է , որ  «Պապին աղօթք»ի դիտաւորութեան տեսերիզը  կը թեւակոխէ հինգերորդ տարին:  Չորս տարի է  վեր «Պապին տեսերիզ»ը կը հրապարակուի ամէն ամիս եւ ունի որպէս  նպատակ  տարածել Նորին Սրբութեան աղօթքի դիտաւորութիւնները :

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած  է նաեւ , 2020 թուականին յունուար ամսուան նորին Սրբութեան աղօթքի դիտաւորութիւնը ունի տիեզերական եւ հրամայական դիտաւորութիւն, որ է  համաշխարհային խաղաղութեան խթանումը:   Առաջին անգամ չէ, որ Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ կ՝ուղղէ եւ կը  հրաւիրէ համաշխարհային խաղաղութեան եւ խաղաղութեան ի սպաս:

2019 տարուան սկիզբը, Ֆրանչիսկոս Պապ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն ուղղած խօսքին մէջ շեշտած է թէ խաղաղութիւնը երբեք մասնակի բարիք մը չէ , այլ անիկա կ՝ընդգրկէ ամբողջ մարդկային ցեղը:

Խաղաղութեան համաշխարհային 53-րդ օրուան առթիւ  պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծած է  եղբայրական իսկական հետապնդումի աշխատանքներու գործադրումը  հիմնուած Աստուծմէ ստացուած  հասարակաց ծագումին վրայ եւ գործադրուած՝ փոխադարձ վստահութեամբ եւ երկխօսութեամբ:

Յունուար ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.

«Բաժանուած եւ մասնատուած  աշխարհի մը մէջ կ՝ուզեմ,  որ բոլոր հաւատացեալներն ու բարի կամքը ունեցող մարդիկ,  եղբայրութեան ու համերաշխութեան հրաւիրել:

Մեր հաւատքը մեզ կը մղէ  խաղաղութեան, համակեցութեան եւ հասարակաց բարիքները տարածելու:

Աղօթենք, որպէսզի քրիստոնեաները եւ այլ կրօններու հետեւորդներն ու բարի կամք ունեցող անձեր միասնաբար խթանեն խաղաղութիւնն ու արդարութիւնն աշխարհի մէջ: Շնորհակալութիւն:»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/01/2020, 16:30